Ի՞նչ է հաւաքական սակաւաբանութիւնը (գ.)

April 13, 2025

 

  1. Միաւորեալ նախադասութիւն

Հաւաքական սակաւաբանութեան մեծագոյն իրագործումներէն կը հանդիսանան միւաորեալ նախադասութիւնները: Այսպէս կը կոչենք այն նախադասութիւնները, որոնք խտացումն են երկու կամ երկուքէ  աւելի անկախ նախադասութիւններու:

Օրինակ՝

-Թորոս շատ կը սիրէ խնձորը:

-Մարկոսն ալ շատ կը սիրէ խնձորը:

Այստեղ կրկնուած են «շատ կը սիրէ խնձորը»:

Տարբեր են երկու ենթակաները՝ Թորոսը եւ Մարկոսը:

Ենթադրելի է, որ շատ հեռաւոր անցեալին մեր նախնիները, եթէ ոչ նախամարդը, այս եւ նման կրկնութիւններով կը խօսէին ու կը հաղորդակցէին, երբ տակաւին խօսքի ազնւութեան մտահոգութիւնը չունէին, եւ անոնց մէջ շատ ուշ է, որ յառաջացաւ այսպիսիները միացնելու, աւելի կուռ ու տպաւորիչ խօսք կազմելու հմտութիւնը:

Ան առաջին հերթին պէտք է ըսած ըլլայ՝

Թորոսը ու Մարկոսը  շատ կը սիրեն խնձորը:

Ուր մէկ նախադասութեան մէջ համադասուեցան, միաւորուեցան երկու   ենթակաները, միւս կողմէ՝ ջնջուեցաւ կրկնաբանութիւնը, եւ վերջապէս բայը թիւ փոխեց՝ յոգնականացաւ:

Գործածուած բառերու թիւը իր կարգին 9-էն իջաւ 6-ի:

Ինչ որ աւելի կուռ մտածողութեան արդիւնք է:

Այս  կաղապարը ունեցող նախադասաութիւնը կը կոչուի «ենթակայով միաւորեալ նախադասութիւն»:

Որուն մատչումը շատ երկար ժամանակ խլած պիտի ըլլար մարդկութենէն ու… հայէն:

Որ քիչ մը աւելի առաջ երթալով սկսաւ նկատել, թէ տակաւին աւելի հեզասահ ու բարեհունչ է շեշտել Թորոսը եւ ըսել՝

Թորոսն ու Մարկոսը շատ կը սիրեն խնձորը:

            Անգամ մը որ ան յաջողեցաւ միաւորել երկու ենթակաները, ա՛լ անկէ ետք անոր առջեւ բաց էր ասպարէզը՝ միաւորելու աւելի բարդ  կառոյցներ եւ ստանալ՝

            -Թորոսը, Մարկոսն ու Կիրակոսը մարզադաշտ գացին…,- եւ այլն:

                                                                    *   *   *

            Այս նոյն սկզբունքով երկու եւ աւելի  նախադասութիւնները կրնան միաւորել որեւէ անդամ.

            ***Դիմաւոր բայով միաւորեալ նախադասութիւն

            -Թորոսը պարտէզ մտաւ:

            -Թորոսը ծառերը ջրեց:

            -Թորոսը պարտէզ մտաւ ու ծառերը ջրեց:

***Ենթակայի լրացումով՝ յատկացուցիչով միաւորեալ նախադասութւին

Թորոսին ծառերը ծաղկեցան:

Մարկոսին ծառերն ալ ծաղկեցան:

Թորոսին ու Մարկոսին ծառերը ծաղկեցան:

***Յատկացեալով միաւորեալ նախադասութիւն

-Թորոսին վարդերը ծաղկեցան:

-Թորոսին ծառերն ալ  ծաղկեցան:

-Թորոսին վարդերն ու ծառերը ծաղկեցան:

***Բայական խնդրային լրացումով միաւորեալ նախադասութիւն

-Թորոսը հացը կերաւ:

-Թորոսը պանիրն ալ կերաւ:

-Թորոսը հացն ու պանիրը կերաւ:

***Բայական պարագայական լրացումով միաւորեալ նախադասութիւն

-Վարդան վասն հայրենիքի նահատակուեցաւ:

-Վարդան  վասն հաւատքի նահատակուեցաւ:

-Վարդան վասն  հայրենիքի ու հաւատքի նահատակուեցաւ:

Ասոնք կառոյցներ են, որ արդի միջին հայը  կամ  մարդը կրնայ դիւրաւ մտածել ու շարադրել, սակայն միշտ այդպէս չէ եղած.  հայէն կամ  մարդէն ընդհանրապէս շատ երկար ժամանաակ պահանջած է այսպիսիներու համադրումը:

                                                       *   *   *

Մենք սերտեցինք միաւորեալ նախադասութեան կարգ մը պարզ նմուշներ միայն՝ նախաճաշակ մը, համեստ  գաղափար մը տալու համար ընթերցողին,  իսկ նախադասութեանց միաւորումը գրեթէ չափ ու սահման չունի թէ՛ որակական, թէ՛ թէ՛ քանակական առումներով, որոնց տարողութիւնը  կախեալ է խօսողին ու մանաւանդ գրողին  ճաշակէն, հմտութենէն ու տաղանդէն:

  1. Թուային սակաւաբանութիւն

Սակաւաբանութեան մէկ ուրոյն տեսակն է այս, որ իր համադրական արժէքով կը նոյնանայ բառային սակաւաբանութեան հետ:

Արդի հայը  կամ մարդը դիւրաւ կը կազմէ  երկու խնձոր, երեք ոչխար, տասը ծառ բառակապակցութիւնները՝ ոչ միայն բանաւոր արտասանելով զանոնք,  այլ մանաւանդ գրաւոր եւս արձանագրելով զանոնք:

Սակայն պարագան նոյնը չէր մեր հեռաւոր նախնիներուն, որոնք երկու խնձոր-ի գաղափարը արտայայտելու համար պարտաւոր էին գծելու կամ փորագրելու երկու խնձորի պատկերը, այնպէս ալ երեք ոչխարի եւ տասը ծառի:

Հապա եթէ ան ուզէր արտայայտել ամբողջ պարտէզի մը կամ հօտի մը գաղափարները…

Թիւերու լեզուն շատ երկար տառապեցուցած է մարդկութիւնը, մինչեւ որ ան հնարած է նախ այբուբենը, ապա տառերը օժտած է թուային արժէքով, հուսկ ծնունդ առած են թուանշանները՝ առաջին միաւորները՝ 1, 2, 3, 4, 5… եւ  այլն:

[email protected]                                                                 Արմենակ Եղիայեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x