Թատերական գարունը կը շարունակուի. «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբ կը ներկայացնէ «Օթել Փլազայի Սենեակը»

May 25, 2024

7, 8 Եւ 9 յունիս 2024-ին, «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ կը ներկայացնէ ամերիկացի հռչակաւոր թատերագիր Նիլ Սայմընի «Օթել Փլազայի Սենեակը» (Plaza Suite) կատակերգութիւնը, բեմադրութեամբ՝ Յարութ Գնդունիի:

«Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը՝ փորձի պահուն

Յարուդ Գնդունի բեմադրած է աւելի քան 40 թատերախաղեր եւ իբրեւ դերասան մարմնաւորած է 50-է աւելի կերպարներ։ Ան հեղինակ է նաեւ թատերախաղերու եւ թատերագիտական յօդուածներու, կ’աշխատակցի Լիբանանահայ եւ սփիւռքահայ մամուլին։ Ան Թարգմանած է 30-է աւելի թատերախաղեր, որոնք մեծ մասամբ ներկայացուած են սփիւռքահայ բեմերու վրայ:

Ներկայացուած «Օթել Փլազայի Սենեակը» թատերախաղին հեղինակը՝ Նիլ Սայմըն գրած է աւելի քան 30 թատերախաղեր, մեծ մասը կատակերգութիւններ, ինչպէս՝ անոր առաջին թատերախաղը «Շեփորդ Հնչեցուր»ը (Come Blow Your Horn, 1961), «Կոճատ Զոյգը» (The Odd Couple, 1965), «Հանրային Պարտէզին մէջ Բոպիկ»ը (Barefoot in the Park, 1963) եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Բացի իր կատակերգութիւններէն, ան գրած է նաեւ քանի մը թատերական տրամաներ եւ բազմաթիւ ֆիլմերու բեմագիրներ՝ մեծ մասամբ պատշաճեցումներ իր թատերախաղերուն (շուրջ 30):

Առաջին անգամ 1968-ին բեմադրուած «Օթել Փլազայի Սենեակը» թատերախաղը կը բաղկանայ երեք արարներէ, որոնց իւրաքանչիւրը կը պատահի Նիւ Եորքի Փլազա պանդոկի թիւ 719 սենեակին մէջ: Իւրաքանչիւր արարի, տարբեր կերպարներ կը ներկայացնեն տարբեր պատմութիւններ, պատահած տարբեր ժամանակներու, բայց նոյն սենեակին մէջ: Երեք արարները զիրար կապող ընդհանուր թեման մարդկային յարաբերութիւններու եւ անձնական տագնապներու քննարկումն է՝ ծիծաշաղարժ վիճակներու ընդմէջէն:

«Օթել Փլազայի Սենեակը» թատերախաղին թեման կը կեդրոնանայ անձնական եւ ամուսնական յարաբերութիւններու բարդութիւններուն վրայ: Իր երեք տարբեր արարներով, փիեսը կ’արծարծէ ռոմանթիք յարաբերութիւններու վերաբորբոքման, անցեալի եւ ներկայի ցանկութիւններու ներհակութեան եւ ընտանեկան պարտաւորութիւններու առթած ճնշումին մասին ընդհանուր հարցեր: Թատերախաղը հիմնականօրէն կը թելադրէ, որ մարդկային յարաբերութիւնները, ըլլա՛ն ռոմանթիք, ըլլա՛ն ընտանեկան, անոնք յղի են մարտահրաւէրներով, բայց նաեւ՝ հիւմըրի եւ քնքշութեան պահերով: Նիլ Սայմըն ցոյց կու տայ, որ հակառակ վէճերու եւ տագնապներու առկայութեան, մարդոց անձնական կեանքին մէջ գոյութիւն ունի հասարակաց ընդհանուր կարեկցանք մը:

Այս առիթով, բեմադրիչ Յարութ Գնդունի կ’ըսէ. «Թատերախաղին ոգին չաղաւաղելու եւ թատերագիրին ըսելիքը հարազատօրէն հանդիսատեսին փոխանցելու նախանձախնդրութեամբ, չուզեցինք թատերախաղին տալ զաւեշտական բնոյթ եւ չբաւարարուեցանք լուսարձակի տակ առնելով միայն անոր այն մասերը, որոնք կրնան հետաքրքրական թուիլ միայն ժամանցի կամ քիչ մը խնդալու համար թատերասրահ ժամանած հանդիսատեսին։ Մեր նպատակը («Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբ), մարդ խնդացնել չէ եղած, չէ՛ ու պիտի չըլլա՛յ: Մենք թատերախաղը կը նկատենք հանդիսատեսին պատգամ մը փոխանցելու միջոց։ Կը յուսանք սոյն թատերախաղով եւս յարգել մեր այդ յանձնառութիւնը»:

Նշենք, որ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը հիմնուած է Մայիս 2013-ին, գլխաւորութեամբ՝ բեմադրիչ եւ դերասան Յարութ Գնդունիի:

«Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբին նպատակն է ստեղծել թատերական լիարժէք եւ արդիական ներկայացումներ, կապ հաստատել սփիւռքահայ, հայրենի, արաբական եւ օտար թատերախումբերու, ինչպէս նաեւ՝ թատրոնի գործիչներու հետ: Բոլոր անոնք, որոնք կ’ուզեն մաս կազմել կամ անդամակցիլ խումբին, կրնան կապուիլ բեմադրիչ Յարութ Գնդունիի, կամ հեռաձայնել 01 447674, 01 246884 եւ 71 439544 թիւերէն մէկուն:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x