«Ընձեռնել-ընձեռնուիլ»-ը աղաւաղ ձեւ մըն է
August 19, 2021
Մեր օրերը հիմա կ’անցնին լեզուական դառն ու աւելի դառն անակնկալներով, որոնց հայթայթիչը արեւելահայ իրականութիւնն է իր բանաւոր ու գրաւոր խօսքերով: Ամէն օր դէմ- յանդիման կը գտնուինք այլանդակութեան մը, որ կու գայ գերազանցելու նախորդը ու այսպէս շարունակ:
Ասոնց վերջինն է ընձեռնել-ընձեռնուել:
Որով կը խաթարուի լեզուական հազարամեակներու աւանդ մը, որ օրին եղած է ընձեռել–ընձեռուիլ զոյգը ու այնպէս ալ շարունակած է ան իր լուսաւոր ուղին այսքան դարեր՝ ի վերջոյ զոհը դառնալու համար արեւելահայու չարաշուք անփութութեան:
Իսկ բօթաբեր աղբիւրը հանդիսացաւ «Առաջին լրատուական»-ը, ուր կարդացի. «Հայաստանին կ’ընձեռնուի պատմական նոր առիթ» (1-8-21)[1]:
Առաջին նուագ չուզեցի հաւատալ աչքերուս, թէ կրնայ նման բան մը տեղի ունենալ, մանաւանդ որ լաւ տպաւորած են զիս Արման Բաբաջանեանի,− որ տէրն է այդ կայքին,− լեզուական բարքերը, որոնք յարաբերաբար առողջ են բաղդատած իր շրջապատին:
Եւ զայն վերագրեցի ինչ-որ պատահական վրէպի մը, շուարումի մը, բայց յետոյ չկրցայ խուսափիլ դիմելէ բառարաններուն, որոնց բոլորն ալ ունին թէ՛ ընձեռել-ընձեռուիլ դասական ուղիղ ձեւը, թէ՛ ընձեռնել-ընձեռնուիլ աղաւաղ ձեւը:
Ոչ մէկ խտրութիւն հրէի ու հեթանոսի միջեւ. իրենց դռները լայն բացած են երկուքին առջեւ ալ:
Այսպէս, երեւոյթը հանդուրժուած ու նուիրականացած կը ներկայանայ Ակադեմիայի քառահատորին մէջ, ուր կը գտնենք՝
—ընձեռել եւ ընձեռուել-ընձեռնուել
Իսկ Էդիկ Աղայեան աւելի առաջ երթալով լրացուցած է յարացոյցը.
—ընձեռել-ընձեռուել եւ ընձեռնել-ընձեռնուել
Այլ խօսքով՝ համարժէք կը նկատուին՝ մէկ կողմէ ընձեռել-ընձեռուիլ, միւս կողմէ՝ ընձեռնել-ընձեռնուիլ. ոչ մէկ զգուշացում, ոչ մէկ արգելք , ոչ մէկ խտրութիւն:
Այս նուիրագործումը տեղի ունեցած է 20-րդ դարու երկրորդ կէսին, այն կէսին, ուր կը գործէր «Տերմիմաբանական կոմիտէն», որ ենթադրուած էր իբրեւ արթուն պահակ՝ տնօրինել հայերէնի իւրաքանչիւր բառն ու հնչիւնը: Ու տակաւին այդ կոմիտէութեան կազմին մէջ էին թէ՛ Էդիկ Աղայեանը, թէ՛ Ակադեմիայի քառահատորի հեղինակներէն շատերը:
Ուրեմն մեղանչումը, դուք ըսէք՝ դաւադրութիւնը, կամաւոր ու համատարած էր:
Մինչդեռ կացութիւնը տակաւին հիմնովին տարբեր էր քանի մը տարի առաջ՝ Մալխասեանի օրերուն՝ 1944-ին: Արդարաեւ այդ թուականին Մալխասեան ընդունած է մի՛այն ընձեռել,− եւ անշուշտ ասոր կրաւորականը,− եւ մերժած է ընձեռնել-ը՝ ընթերցողը յղելով առաջինին՝ միակին՝ ընձեռել-ին:
Ի՞նչն էր եւ ինչո՞ւ փոխուեցաւ այդ քանի մը տարիներուն:
Փոխուեցաւ բառարանագրական ամբողջ աշխարհահայեացք մը, որ թելադրուած էր համայնավար սկզբունքէ մը, որ մահացու էր ազգային լեզուներուն համար: Իսկ այդ սկզբունքը կ’ըսէ. «Տուեալ լեզուին մաս կը կազմեն այն բոլոր բառաձեւերը, որ ժողովուրդը կը կիրարկէ իր պատմութեան մէկ փուլին»:
Ահա մեկնելով այս սկզբունքէն ալ՝ բառարանագիրը ենթադրուած է տեղ տալ աղաւաղուած ձեւերուն եւս, եթէ անոնք կիրարկութեան կարգավիճակ ստացած են հանրութեան կողմէ: Այս տրամաբանութեամբ ալ՝ բառարանագիրը պարտի իր բառարանին մէջ տեղ տալ ընձեռնել–ընձեռնուիլ-ին ու նմաններուն եւս, քանի հանրութիւնը այդպէս կ’արտասանէ այդ բառը եւ նմանները: Այլ խօսքով՝ բառին տէրը հանրութիւնն է եւ ոչ թէ բառարանագիրը, որ ոչ մէկ ուղղորդական-ընտրողական դեր ունի այս պարագային:
Այս սկզբունքին առջեւ տեղի տալով է որ արեւելահայ բառարանները ողողուեցան հազարաւոր ու տասնեակ հազարաւոր թուրք-ազերիական ու եւրոպական ծագում ունեցող բառերով: Մեր այնքան շնորհալի բառարանագիրները, որոնք ենթադրուած էին ուրոյն ուսուցիչները դառնալու հայերէնին, դադրեցան զայն առաջնորդելէ, դադրեցան գուրգուրալէ անոր անաղարտութեան վրայ:
Այսօր միջին արեւելահայը ոչ իսկ գիտէ, օրինակ, որ խաբար (լուր), չախմախ (հրահան), չոբան (հովիւ, չփլախ (մերկ) թրքերէն են[2]. շատ-շատ պիտի ըսէ՝ ժողովրդային են: Կամ թէ՝ աբորտ (վիժում), բանկ (դրամատուն), դեբիլ (յիմար, թերաճ), իմիջ (պատկեր, կերպար) օտար՝ եւրոպական բառեր են: Ոչ միայն չեն կրնար պատկերացնել նման նկատողութիւն մը, այլեւ յիմարի տեղ կը դնեն քեզ, եթէ փորձես ակնարկել, ա՛լ չեմ ըսեր…դարձի հրաւիրել զիրենք: Այս այսպէս է վարձակառքի յետին վարորդէն մինչեւ բարձրագոյն ակադեմականն ու մտաւորականը: Մարդիկ պարզապէս դադրած են խրտչելէ «օտար» եզրէն եւ լսել անգամ չեն ուզեր նման բան:
Այս տուեալներով՝ ո՞ւր է ժողովուրդը կրթելու եւ զայն վերահայացնելու միջոցը, որովհետեւ ստուգապէս վերահայանալու կարիքը ունի ան, եւ այդ կարիքին գոհացումը կախեալ է մասնաւորաբար մատաւորականութենէն: Ճիշդ է, որ լեզուն ժողովուրդը կը շինէ, եւ ան չի խնայեր օտարաբանութիւններու փոխառութեան, սակայն զայն առաջնորդողը, մաքրողը, որակաւորողը ենթադրուած է ըլլալ մտաւորականութիւնը՝ մասնաւորաբար բառարանագիրը, գրողը, բայց նաեւ լրագրողը, ուսուցիչը եւ այլն:
* * *
Այս կացութիւնը շրջելու առաջին առողջ քայլերէն մէկը կրնայ ըլլալ արեւելահայ բառարաններէն թուրք-ազերիական ու եւրոպական բառերու արտաքսումը, որպէսզի արեւելահայ մատղաշ սերունդներըը անոնցմով հաղորդուելու եւ զանոնք իւրացնելու առիթէն զերծ մնան: Ճիշդ է, մէկ օրէն միւսը անոնք պիտի չվերնան առօրեայ բարքերէն, սակայն բառարանային նեցուկի բացակայութիւնը շատ բան կը փոխէ կացութենէն:
Այստեղ գտնուող թրքերէն բառերուն գրեթէ բոլորը գոյութիւն ունեցած են արեւմտահայերէնի մէջ եւս. սակայն անոնք որեւէ ատեն բառարան չեն մտած «բարբառային, գաւառական, ժողովրդախօսակցական» մերժելի պիտակներու տակ, որով կարելի եղաւ հարիւրաւոր-հազարաւոր թրքերէն բառերու վերացումը մեր բարքերէն:
Միւս կողմէ որեւէ աղաւաղեալ բառ իր կարգին չէ մտած արեւմտահայ բառարան, որքան ալ ժողովուրդը կառչած ըլլայ անոր, այլ՝ տեղ տրուած է դասական-վաւերական բառաձեւերուն միայն:
[1] Ընձեռնել ըսաւ նաեւ Կնեազ Հասանովը 2 օգոստոս 2021-ին՝ իր բացման խօսքին մէջ, Հայաստանի Ազգային ժողովին, որուն կը նախագահէր իբրեւ երիցագոյն անդամ:
[2] Արմէն Աշոտեան կոչուած թրքատիպ վիժուածքը շափալախ «ապտակ» կը գործածէ հրապարակաւ: