Երեք հայ աշակերտներ մետալակիր՝ քիմիագիտութեան Մենտելէեւի ողիմպիականին

April 29, 2024

20-26 Ապրիլին, Չինաստանի Շէնզէն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Մենտելէեւի 58-րդ միջազգային քիմիագիտութեան ողիմպիականը, որուն ընթացքին հայ աշակերտները ապահովեցին երեք մետալ:

Մենտելէեւի անուան քիմիագիտութեան միջազգային ողիմպիականը հեղինակաւոր մրցոյթ մըն է քիմիագիտութեան հանդէպ սէր ունեցող երկրորդական դպրոցներու աշակերտներուն միջեւ: Այս ողիմպիականը կոչուած է ռուս քիմիագէտ Տիմիդրի Մենտելէեւի անունով, որ աւելի ծանօթ է քիմիական տարրերու աղիւսակին իր մշակումով (periodic table of elements).  ան կը հետապնդէ երիտասարդ աշակերտներու մէջ քիմիագիտութեան նկատմամբ հետաքրքրութեան սերմանումն ու անոր մէջ գերազանցելու ձգտումը:

Մրցոյթին ընդհանուր մասնակցողներուն թիւն էր 29 երկիրներէ ժամանած 154 աշակերտ: Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը բաղկանար Սերգեյ Թադեւոսեանէ (Quantum College), Արտաւազդ Արապաչեանէ, Արման Խառատեանյ (Վանաձորի Ուսողութեան եւ Բնական Գիտութիւններու յատուկ վարժարան) եւ Բենիամին Հայրապետեանէ (Սեւան երկրոդական վարժարան), ղեկավարութեամբ՝ Անդրանիկ Տաւինեանի, Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի օրկանիք եւ դեղագործական քիմիագիտութեան գիտական եւ արհետագիտական կեդրոնի մասնագէտներէն:

Սերգեյ Թադեւոսեան եւ Արտաւազդ Արապաչեան ստացան պրոնզէ մետալ, իսկ Արման Խառատեան՝ արծաթէ:

Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ կայացած Մենտելէեւի նախկին 57-րդ ողիմպիականին Հայաստանի աշակերտները ապահոված էին մէկական արծաթէ եւ մէկական պրոնզէ մետալներ:

Կ’արժէ նշել, որ Մենտելէեւի միջազգային ողիմպիականներուն Հայաստան ցարդ նուաճած է 44 մետալ (1 ոսկի, 8 արծաթ եւ 35 պրոնզ):

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x