Գարմէն Լապաքի` հետազօտող արուեստագէտը (Բ. մաս)

August 8, 2024

Կէս ժամ հայերուն, հայութեան, Հայաստանի մասին խօսելէ ետք, Գարմէն խորունկ շունչ մը առաւ: Հարցուցի թէ տակաւին աւելցնելիք ունի. պատասխանը եղաւ՝ «չեմ կրնար դադրիլ հայերու մասին խօսելէն, դուն պիտի ընդհատես զիս»:

Երկուստէք համաձայնութեամբ, այս նիւթը փակեցինք:

Գարմէն Լապաքի 1

Ինքզինք ծանօթացնելու համար, Գարմէն(1) բացատրեց որ լրագրութեան, վաւերագրականներ եւ տեսանիւթեր պատրաստելու տաղանդ եւ սէր յայտնաբերած է լսատեսողական արուեստ (Audio-Visual) ուսանելէ ետք: Եւ այսպէս կ’ուզէ իր մէջ զարգացնել այդ տաղանդը, ուրեմն կը մասնագիտանայ Audio-Visual ճիւղին մէջ ու կը ստանայ մագիստրոսի աստիճան, որու շնորհիւ լիբանանեան համալսարանի լրագրութեան մրցանքին մասնակցելով եւ շահելով, կը ստանայ նաեւ լրագրութեան վկայական:

Գործերու ծրագրումն ու պատրաստութիւնը՝ բեմադրութիւն, արտադրութիւն, նիւթ, text, հարցազրոյցներ, նկարահանումի կազմակերպութիւն, post-production-ի լիակատար աշխատանք, մէկ խօսքով թղթակիցի գործը ամբողջութեամբ ինք կը կատարէ: Text-ի պատրաստութիւնն է որ կը նախընտրէ ուրիշին յանձնել, բայց ամբողջովին իր վերահսկողութեան տակ:

Մինչեւ օրս այդ ձեւով կ’աշխատի:

Հոս փակագիծ մը բանալով Գարմէն կը բացատրէ վաւերագրական տեսանիւթի մը պատրաստութեան հանգրուանները:

Պրպտումի հանգրուանը՝ որու ընթացքին կը ճշդուին նիւթը, վայրը, զրուցակիցը,  նկարահանուող անձերը եւ նկարահանումի ոճը: Այս հանգրուանը մօտաւորապէս երկուքէն երեք ամիս կը տեւէ: Այս հանգրուանին նաեւ կը յստականան նիւթականը եւ հաշուեկշիռը՝ երթեւեկ, կեցութիւն, անձնակազմի վարձք, գործիքներու ծախս:

Կը յաջորդէ նկարահանումի հանգրուանը. որ եթէ լաւ ու մանրակրկիտ ծրագրուած է, կը տեւէ երկու շաբաթ:

Նկարահանումէն ետք կան editing, երաժշտութեան ընտրութիւն, text-ի պատրաստութիւն, voice over, sound mixing եւ ենթախորագիր:

Անդրադառնալով վաւերագրականներու նիւթերու ընտրութեան, Լապաքի յայտնեց որ կան նիւթեր, որոնք իրեն կ’առաջարկուին, եւ ուրիշներ, որոնք իր անձնական նախաձեռնութեամբ կ’ուզէ նկարահանել. սակայն ինչ ալ ըլլայ նիւթը, իր ֆիլմերը  միշտ ընկերաբանական եւ մարդաբանական (sociological եւ anthropological) տեսանկիւնէն դիտուած են, ինչպէս տուեալ ազգին մշակոյթն ու քաղաքակրութիւնը, մտածելակերպն ու ապրելակերպը յայտնաբերել, եւ ոչ թէ պարզապէս անոր պատմութեան մասին խօսիլ:

Ներկայիս կը պատրաստէ The World in Lebanon վաւերագրականը, Լիբանան բնակող եւ աշխատող օտարահպատակ ազգերու մասին, ինչպէս պելճիքացիներ, իտալացիներ. ինչո՞ւ Լիբանան հաստատուած են, ինչպէ՞ս կ’ապրին, ինչպէ՞ս կը մտածեն, ինչպէ՞ս կը համակերպին Լիբանանի ներկայ վիճակին: Գարմէն կ’ըսէ թէ ժողովուրդի մը ընկերաբանական եւ մարդաբանական ոլորտը անվերջ նիւթ է:

LUMENS film production 2

Այս վաւերագրականները պատրաստելու եւ արտադրելու համար նիւթական մեծ գումարներու կարիք կայ: Ուրեմն իրմէ պահանջուած գործ մը նկարահանել եւ արտադրելու համար, ինք չի հոգար նիւթականը, սակայն անձնական նախաձեռնութեեան պարագային, ինք պէտք է հայթայթէ գումարը: Ունի իր անձնական արտադրութեան ընկերութիւնը՝ LUMENS film production (2), որուն միջոցով ծանուցողներու կը դիմէ, աշխատանք մը որ տարուէ տարի կը դժուարանայ:

Impact of Refugees in Lebanon 3

Թէ իրեն առաջարկուած նիւթերու պատրաստութեան եւ ներկայացումին մէջ, ինք  որքա՞ն ազատութիւն ունի, Լապաքի պատմեց որ վերջերս անգլիական հիմնադրամ մը իրմէ խնդրած էր վաւերագրական մը պատրաստել ՝ Impact of Refugees in Lebanon(3) անունով, Լիբանան ապաստանած գաղթականներու մասին: Անմիջապէս զգուշացուցած էր անոնց, որ ֆիլմը դրական եւ ուրախ արձագանգներ արձակող գործ մը պիտի չըլլար, որովհետեւ թէ՛ լիբանանցի ժողովուրդին եւ թէ՛ իր համոզումներուն դէմ իրավիճակ է եւ թէ՛ անպայման պիտի ներկայացնէր երկու կողմի կածիքներ, բայց 80% համեմատութեամբ՝ ընդհանուր պատկերը ժխտական պիտի ըլլար:

Կանաչ լոյս ստացած էր:

Ինչ կը վերաբերի իր նախաձեռնութիւններուն, France in Lebanon, Armenians of Lebanon, Brazil in Lebanon ֆիլմերը պատրաստած է իր անձնական արտադրութեան ընկերութեան՝ LUMENS film production-ի հովանաւորութեամբ, դրամագլուխ ստանալով դեսպանատուներէն, եւ այդ գումարով ծրագրած է գործին տարբեր բաժանմունքներու եւ անձնակազմի վճարումի հաշուեկշիռը:

Հակառակ որ այս գործերը շատ լաւ ընդունելութիւն կ’ունենային դեսպանատուներու կողմէ, եւ մանաւանդ LBCI կայանէն սփռուելէ ետք, միշտ իր մտքին մէջ ունեցած է նման նիւթեր եւ ներկայացումի նոյն ոճով շարունակել արտադրել, սակայն բազմազբաղութեան պատճառով չէ կրցած. LBCI պաշտօն ստանալէ ետք, գործի բերումով ճամբորդած է Մոնկոլիա, Մեքսիքօ, Չինաստան եւ չէ հասած իր անձնական ծրագիրին շարունակականութիւնը պահել:

Covid-ի համաճարակի տարիներուն, երբ տունը մեկուսացած էր, կեդրոնանալու առիթը ունենալով, Լապաքի վճռական որոշում առած է The World in Lebanonը ծրագրել:  Կը դիմէ LBCI կայանի տնօրէնութեան, առաջարկելով որ մինչեւ նկարահանում ծախսերը պիտի հոգար LUMENS film production-ը, իսկ նկարահանումէն ետք՝  LBCI կայանը, որ նաեւ անվճար պիտի սփռէր իր եթերէն:

Տեղուոյն վրայ համաձայնութիւն գոյացած էր:

LUMENS film production-ի գրասենեակին մէջ կը պատրաստէ իւրաքանչիւր երկրի յատկացուած թղթածրար. այժմ ունի Դանիոյ, Չեխիոյ, Սպանիոյ, Մարոքի եւ Ռուսիոյ յատկացուած ծրագիրներ: Բանալի անձեր պէտք է գտնէ, հեռաձայնային կապերով պէտք է ժամադրուի, նկարահանումի օր ճշդէ: Production manager ունի բայց ան մայրութեան արձակուրդի է, ուրեմն անոր գործն ալ ինք կ’ընէ:

Երկրի մը նուիրուած նկարահանումին editing-ը ըրած ժամանակ, այլ երկրի մը տեսանիւթը պատրաստելու կապերը հաստատելու ընթացքին մէջ կ’ըլլայ, միաժամանակ երրորդի մը նկարահանումին ընթացքի մէջ… «յուսամ այս ընթացքով schizophrenia չունենամ» կը կատակէ Լապաքի: Իսկ եթէ պատահի որ միեւնոյն ատեն այլ գործի մը առաջարկ ստանայ, ինչպէս ծանուցումի մը կամ դեսպանատունի մը կողմէ, նիւթականը յատկացուած ըլլալով, գործը կը բաժնէ տարբեր մասնագէտներու եւ ինքը միայն կը հսկէ իւրաքանչիւր բաժինի գործին. «գործին հաճոյքը եւ սահուն ընթացքը հոս կ’ըլլայ՝ երբ արհեստավարժ խումբի մը հետ ըլլայ աշխատանքը»:

Շար. 2

2
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x