Արմէնիա. նուիրականացած՝ «է»-ով

November 18, 2021

1.Նպատակ եւ պատճառ

«Ալիեւ զայն պարգեւատրեց պատերազմի մէջ առանցքային դեր ունենալու համար»:

Ի՞նչ կը կարծէք, թէ կը նշանակէ այս նախադասութիւնը:

Ալիեւ զայն պարգեւատրեց՝ ա) որպէսզի առանցքային դե՞ր մը ունենայ ան, թէ՞՝  բ) որովհետեւ ան արդէն ունեցած է նման առանցքային դեր մը:

Մի՛ աճապարէք, փորձեցէք լաւ մտածել ու վերլուծել, վասնզի շատ խոր վերլուծումի կը արօտի ան, եւ արդէն ի զուր չէ որ գրած է զայն մեր երէց եղբայըը՝  Ռոպեր Հատտէճեանը,  իր թերթի 9-9-21 թիւին մէջ:

Ինչպէս կը նկատէք, կայ պարգեւատրուող մը եւ պարգեւատրող մը, որ Ալիեւն է: Իսկ մնացեալը… մնացեալը մութ է, առեղծուած:

Ո՞վ,− ըստ ձեզի,− ո՞վ է կամ պիտի ըլլայ «առանցքային դեր խաղացողը»:

Տրամաբանութիւնը կ’ըսէ՝ պարգեւատրուողը:

Այդ տրամաբանութիւնը, որ յատուկ էր  ոմն Արիսոտէլ կոչուած մարդուկի,  վաղո՜ւց ժամանակավրէպ է արդէն, եւ արդի քերականութիւնը  ուրիշ բան կ’ըսէ. արդարեւ,  այս նախադասութիւնը կը նշանակէ՝ «Ալիեւ պարգեւատրեց, որպէսզի ինք՝ Ալիեւը, առանցքային դեր ունենայ»:

Չմոռնանք ոսկի կանոն մը, որ հտետեեալն է. նախադասութեան մը դիմաւոր եւ անդէմ բայերուն ենթական նոյնը կ’ըլլայ. օրինակ՝

—Թորոսը գնաց՝ նարինջ գնելու:

(Գացողն ու գնողը Թորոսն է)

—Մարկոսը պատրաստուեցաւ երգ  մը երգելու:

(Պատրաստուողն ու երգողը Մարկոս ն է)

—Կիրակոսը ուշադրութիւնը լարեց՝ լաւ լսելու համար:

(Լարողն ու լսողը Կիրակոսն է)

Ուրեմն՝ «Ալիեւը պարգեւատրեց…առանցքային դեր ունենալու համար»:

Պարգեւատրողը եւ առանցքային դեր ունեցողը…Ալիեւն է:

Ահա ա՛յս կ’ըսէ  քերականութիւնը:

Աղէկ, սակայն  գործնականօրէն տրամաբանակա՞ն է այս:

*   *   *

Ես ալ կը կարծեմ…թէ տրամաբանական չէ՛:

Ալիեւ պարգեւատրեց այսինչը, որպէսզի ան՝

ա) առանցքային դեր մը ունենայ,  կամ

բ)  որովհետեւ առանցքային դեր մը ունենացած է ան արդէն:

Ո՞րն է այս երկուքէն աւելի տրամաբանականը:

Ենթադրելի է, որ երկրո՛րդն է:

Ալիեւը յիմար չէ, որ կանխիկ  պարգեւատրէ մէկը, որ տակաւաին…առանցքային դեր չէ ունեցած: Ան վարժ է  պարգեւատրելու այն, որ արդէն առանցքային դեր մը ունեցա՛ծ է. օրինակ՝ Հունգարիոյ մէջ իր զինակից հայը քունին  մէջ կացինահարած  կամ  Արցախի մէջ պառաւի մը գլուխը կտրած է:

Այս բոլոր մեկնաբանութիւններէն ու գուշակութիւններէն ետք եւ այս բոլորին լոյսին տակ՝ ինչպէ՞ս հարկ էր շարադրել այդ նախադասութիւնը:

Ահա թէ ինչպէս. «Ալիեւ զայն պարգեւատրեց պատերազմի մէջ առանցքային դեր ունեցած ըլլալուն  համար»:

«Ոնեցած ըլլալուն»-ն դերբայական դարձուածն է, իր «ն» դիմորոշ յօդով, որ տուեալ  դերակատարութիւնը ունեցողը   զայն  դերանունով խորհրդանշուած անձն է,  եւ ոչ թէ ինքը՝ Ալիեւը:

Սա էապէս արեւմտահայ կառոյց է, որուն ոգին եւ իմացութիւնը սկսաւ մաշիլ մեր մէջ արեւելահայերէնի պատճառով, որ զրկուած է այս կառոյցէն: Զայն շատ լաւ պէտք է ճանչնար «Մարմարա»-ն, որովհետեւ այս կառոյցին օրրանը Պոլիսն է, եւ ան պոլսեցիին միսին ու ոսկորին պէս հարազատ ու անքակտելի պէտք է ըլլար:

Բայց ահա Պոլիսն ալ կ’իյնայ նոյն յորձանքին մէջ, ուր մերոնք արդէն ինկած են:

Ուրեմն՝  դո՞ւն  ալ, Պոլի՛ս:

 

2.Արմէն, Արմէնիա, Արմէնեան

Արմէն եւ Արմէնիա անունները առաջին անգամ կիրարկուած են  6-րդ դարուն Քա. պարսիկ Դարեհ Վշտասպեան կայսրին կողմէ Պեհիսթունի նշանաւոր ժայռափոր արձանագրութեան մէջ, որ վերծանուեցաւ 19-րդ դարուն Քե.: Անոնք  քիչ անց յիշատակուած են յոյն պատմիչ Հերոդոտոսի կողմէ (Ե. դար Քա.), իսկ աւելի ուշ՝ լատին պատմիչ Ստրապոնի կողմէ եւս:

Արմէնիա անունը  կը գտնուի հռոմէական երկու շատ գեղեցիկ խճաքարով պատրաստուած քարտէզներու վրայ, որոնք գոյութիւն ունին ու կը ցուցադրուին մինչեւ հիմա: Այստեղ ան կը կոչուի Armenia Magna, որ կը  նշանակէ Մեծ Արմէնիա, որուն դիմա մենք ունինք Մեծ Հայք,  որ կը համապատասխանէ Արտաշէս Բ. աշխարհակալ արքայի կերտած ու սահմանած Հայաստանին: Գոյութիւն ունեցած է Armenia Minor կամ Փոքր Հայք եւս, որ պատմական Ծոբքն է, Մեծ Հայքի  բոլորովին  արեւմուտքը եւ անոր բնական շարունակութիւնը, որ դուրս էր Արտաշէսի իշխանութենէն:

Մեր մատենագրութեան մէջ Արմէն անունը առաջին անգամ կը գտնենք Մովսէս Խորենացիի պատմութեան մէջ, ուր ան կը գրէ. «Ամենայն ազգք զաշխարհս մեր անուանեն, որպէս Յոյնք՝ Արմէն[1]» (Ա/12): Հետագային, յատկապէս խաչակրաց արշաւանքներէն ետք աւելի ու աւելի կը կիրարկուի ան:

Հայ  մատենագիրներն ու պատմիչները  ընդհանրապէս կիրարկած են Հայք անունը՝ մեծ կամ փոքր, ինչպէս նաեւ Հայաստան-ը. այս անունը իր այս ձեւին մէջ առաջին կիրարկողը եղած է հինգերորդ դարու պատմիչ Ագաթանգեղոսը:

Հայերս ընդհանրապէս նախընտրած ենք Հայք, Հայաստան եւ հայ անուանումները:

Արմէնիա անունին նախասիրութիւն տուած է, օրինակ, եւ չես գիտեր ինչո՛ւ, Նահապետ Ռուսինեանը՝ իր ծանօթ երգին մէջ.

Երբ որ բացուին դռներն յուսոյ

Եւ մեր երկրէն փախ տայ ձմեռ,

Չքնաղ երկիրն մեր Արմէնիոյ

Երբ փայլէ իւր քաղցրիկ օրեր…

*   *   *

Ինչ կը վերաբերի արմէն անունի ծագումին, Հերոդոտոս զայն կը նկատէ անունը Փրիւգիական ցեղի մը, որ հետագային Հայկական բարձրաւանդակ գաղթեց: Մովսէս Խորենացի կ’ենթադրէ, թէ ան մեր աւանդական թագաւորներէն Արամէի անուան մէկ բարեշրջումն է: Միքայէլ Չամչեան համոզուած է, որ ան յառաջացած է Հայկի որդիին՝ Արամանեակի  անունին հետեւողութեամբ եւ առ այս կը բերէ բազմաթիւ վկայութիւններ, որոնց մէջ յատուկ տեղ ունի Ներսէս Շնորհալիի պատմական մէկ երկարաշունչ քերթուածը, ուր կը գտնենք. «Արամանեակ անդրադարձեալ, որով արմէնք մեք կոչեցեալ[2]» ( «Հայոց պատմութիւն», Ա., էջ 172):

Գալով ասոնց ուղղագրութեան,− նուիրականացած է  «է»-ով գրութիւնը հէնց Խորենացիի իսկ գրիչին տակ եւ անկէ սկսեալ,  քանի հայերէնը ընդհանրապէս խորշած է բառավերջի «են» կառոյցէն. Բաբգէն, Վիգէն, Աշխէն, Սուրէն եւ այլն:  Այս տուեալներով  «Արմէնեան» մականունը չէր կրնար խուսափիլ է-ով՝ Արմէնեան  գրուելէ. ականջը խօսի… Կարո Արմէնեանին, որ ոգի ի բռին կառչած է Արմենեան-ին:

[1]  «Բոլոր ազգերը, ինչպէս յոյներն ալ, մեր երկիրը Արմէն(իա) կ’անուանեն»:

[2]  ա) Արամանեակի բարեշրջումով մենք կոչուեցանք  արմէն: բ) Նոյն տեղը Շնորհալի կը բացատրէ նաեւ հայ անունի ծագումը. «Այլ Թորգոմայ զՀայկ ծնեալ/Յորմէ եւ Հայք մեք անուանեալ»,– իսկ Թորգոմէն  ծնաւ Հայկ,  որով մենք հայ կոչուեցանք:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x