Այսպէս ալ կարելի էր գրել
January 21, 2024
Մեծարգոյ Վարդգէս Գուրուեան համեստօրէն կը գրէ, թէ ինք «կրթական մշակ մըն է, որ քիչ մը հայերէն գիտէ» («Պայքար», թիւ 357, էջ 3): Նման խոստովանութիւնը մեծ առաքինութիւն է. կարեւորը սորվիլ կամենալն է, եւ բնաւ ուշ չէ կամաց-կամաց զարգացնելու ու լրացնելու գիտելիքները:
* * *
Եւ թելադրելի է, որ ան սկսի տարրական թուաբանութեան սերտողութեամբ, որպէսզի գիտնայ, թէ՝
–Հայաստանի բնակչութիւնը «2,720,000 մարդ» չէ, այլ 2.920.000-էն վեր է, արցախահայերու յաւելումով՝ կ’ակնկալուի, որ ան անցնի 3.000.000-ը: Հայրենի վիճակագրական սպասարկութիւնը օրը-օրին կ’իրազեկէ մեր սրտցաւ հայրենակիցները, չեմ գիտեր թէ միւս թիւերը ուրկէ՛ կը հանուին: Թելադրելի է, որ Գուրուեան նաեւ չմոռնայ այս թիւերը գրելու միջակէտով, որպէսզի անհամեմատօրէն աւելի չնուազեցնէ հայերուն թիւը եւ կոտորակի չվերածէ զայն: Կը բաւէ որքան կոտորուեցանք:
Օրին այս նոյն սիւնակներէն ինչ-որ Կէօնճեան մը իր կարգին 2.000.000 կը գնահատէր Հայաստանի բնակչութիւնը: Չես գիտեր ինչո՛ւ, «Պայքար»-ը եւ իր քաջարի զինակիցները անհամբեր են Հայաստանի բնակչութեան թիւը այսպէս նուազած տեսնելու: Թալաթ եւ ամբողջ թուրք ազգը տասնամեակ մը դրին 1.500.000 հայ սրբելու համար Հայաստանի քարտէսէն, Կէօնճեան-Գուրուեան տանդեմը անձնդիր ջանիւք եւ գրչի մէ՛կ հատու հարուածով կը ջանայ լրացնել անոնց պակասը:
–Թուաբանական սխալ հաշիւ մըն ալ կը գտնենք 44-օրայ զոհերու թիւի գնահա-տումին մէջ: Ըստ նոյն իրաւասու սպասարկութեան՝ ան 3.750-ի շուրջ է, Գուրուեան թեթեւ հոգիով, ձեռքով ու գրիչով զայն կը հասցնէ 5.000-ի՝ մեծահոգաբար աջակցելով… Ալիեւին եւ ձայնակցելով ուրիշ «հայրենակից»-ներու, որոնք միշտ ալ նման, նոյնիսկ աւելի մեծ թիւերով գնահատած են մեր այդ թանկագին զոհերը:
Այս բոլորէն ետք Գուրուեան բարձր արհեստագիտութեամբ կը թելադրէ հայրենի իշխանութեանց եւ սփիւռքայութեան, թէ ինչպէ՛ս կարելի է հայրենադարձ կատարել եւ արեւմտահայեր ներգրաւել հայրենիքէն ներս:
Կը յանձնենք առ որ անկ է:
Այնուհետեւ կարելի է անցնիլ մանրուքներու, որոնք ստորեւ…
* * *
–Այս վիճակին չէինք հասնէր…
Այսինքն՝ չէինք հասներ…
–չ’ուզեցին… չ’ուզեն…
Այսինքն՝ չուզեցին…չուզեն…,
Պէ՞տք է ենթադերել, թէ Գուրուեան այսպէս ալ «սորվեցուցած է» իր աշակերտնե-րուն:
–Հայրենիքի վերաբնակեցման հարցերը քննարկելու, ի պահանջել հարկին ալ՝ լուծելու նպատակով, Գուրուեան կ’առաջարկէ կազմակերպել համագումար մը, որուն հրաւիրուին Հայրենիքէն եւ Սփիւռքէն «լուրջ մտաւորականներ, ընկերաբաններ, գիտնական-ներ, փաստաբաններ, դիւանագէտներ եւ ներգաղթ-արտագաղթի մասնագէտներ»՝ առանց մոռնալու «օտար մասնագէտներ, եթէ պէտք է»:
Երկու կէտ մութ է այս առաջարկին մէջ. նախ՝ ինչպէ՞ս պիտի ջոկենք լուրջ եւ անլուրջ մտաւորականները. ինչո՞ւ օրին տիկին Հրանուշ ranov, Հրանուշ Յակոբեանը՝ սփիւռքի նախարարուհին, այսքանը չմտածեց եւ ցորենը որոմէն չզատած հեռացաւ ասպարէզէն: Երկրորդ ի՛նչ բանելու պիտի հրաւիրուին… արտագաղթի մասնագէտները,− յայտնի չէ:
–Գուրուեան ուրիշ աղաւնիներ ալ ունի գլխարկին տակ:
«Մեր թիւը պէտք է շուտով կրկնապատկենք, որպէսզի մեր բանակը կարենայ պէտք եղած թիւով զինուորներ ունենայ»:
Հապա՞՞՞, մէկ կողմէն ժողովուրդը գլխատելէ, միւս կողմէ բանակին զոհերուն թիւը ուռճացնելէ ետք, այս մեծահոգի մտածումները սփոփարար սպեղանի են, միայն գոնէ ճիշդ հայերէնով ըսուէին. « կարենայ ունենալ»:
Եւ ան մեծահոգաբար կը թելադրէ քանի մը շինիչ ու գործնական առաջարկներ, որ կը փութամ սեփականութիւնը դարձնել ընթերցողներուս.
ա) 10,000−25,000 դոլար տուրք գանձել հայրենիքը լքող իւրաքանչիւր արտագաղ-թողէ. այսինքն՝ 10.000−25.000 դոլար, որով՝ եթէ նոյնիսկ հարուստները ազատօրէն գաղթեն եւ ուռճացնեն Լոս Անճելըսի հայրենակիցներու թիւը[1], գոնէ աղքատները չփորձեն տեղերնէն շարժիլ, մնան Հայաստանի մէջ եւ ուս-ուսի տուած, առիւծի նման՝ իրենց կուրծքով պաշտպանեն զայն ազերիներու անօդաչուներու դէմ:
բ) հայրենի իշխանութիւններուն՝ «դպրոցներէն ներս ազգային իրաւ դաստիարակութեան ուժ տալ», որ է՝ այն անիրաւ դաստիարակութեան փոխարէն, որ տրուած է մինչեւ այսօր… անկախութենէն ի վեր:
Ա՜՜՜խ այս անկախութիւնը, ինչ խաղեր ըսես չխաղաց մեր անտէր գլխուն:
գ) սփիւռքահայութեան՝ «իր ժամանակաւոր հանգիստն ու հաճոյքը զոհել» ու երթալ հայրենիք հաստատուիլ: Ուրեմն հայրենիք հաստատուիլը զոհողութի՞ւն է, եւ այնտեղ ապրողները զոհե՞ր են, իսկ Հայաստանը համատարած զոհասեղա՞ն մը, դուք ըսէք՝ գերեզմա՞ն մըն է:
Ահա այս «հայրենասիրութեամբ» ալ արեւմտահայը վարժ է Հայաստանէն հեռու՝ օտար ափերու վրայ սիրելու ու տէր կանգնելու իր հայրենիքին, եւ ամէն արեւմտահայ կ’ակնկալէ, որ ի պահանջել հարկին գտնուի իրմէ տարբեր մէկը, որ յօժարի հայրենիք վերադառնալու զոհողութիւնը յանձն առնել ու տեղւոյն վրայ պաշտպանել զայն:
Ակնկալելի է, մաղթելի ալ է, որ Գուրուեան, այս ընկալեալ սովորութենէն շեղելով, առաջիններէն ըլլայ իր «հանգիստն ու հաճոյքը զոհող» եւ առնէ առաջին քայլերը եւ բարի ու վարակիչ օրինակ դառնայ մնացորդաց:
Կարելի է վստահ ըլլալ, որ մեծաթիւ ընդառաջողներ պիտի ունենայ հայրենասիրական իր այս հոգեպարար կոչին:
Ծանօթ.− Ընդառաջողներուն շարքերը ստուգապէս պիտի խտացնէ Նուազի լը Գրանդի աւատապետն ալ, որ տասնամեակնեդրէ ի վեր յարմար առիթի կը սպասէ նահատակուելու՝ առանց… ճապկումի:
Օ՜ն, անդր առաջ:
Եւ Տէր ընդ մեզ ամենեսեանս:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան
[1] Ներկայիս ամերիկեան այս ոստայնին մէջ աւելի մեծաթիւ հայ կ’ապրի, քան թէ կ’ապրէին Ժբ−Ժդ դարերուն ամբողջ Կիլիկեան հայկական թագաւորութեան տարածքին: