Մի՛ ըսէք՝ օրեկան, ամսեկան, այլ ըսէք՝ օրական, ամսական, այլեւ՝ ժամական, շաբթական

August 16, 2023

1.Մի՛ ըսէք՝ օրեկան, ամսեկան` արեւելահայու պէս,

այլ ըսէք՝ օրական, ամսական՝ հայու պէս,

այլեւ՝ ժամական, շաբթական

Հապա ինչո՞ւ ըսել՝  տարեկան

*   *    *

Ասոնց բոլորին մէջ տարեկան-ը միակն է, որուն սկզբնաձեւը կը վերջանայ ի ձայնաւորով. հետեւաբար՝

տարի+ական > տարեկան

Ուրեմն՝ ի+ա > ե:

Նաեւ՝ բարի+արար > բարերար, ոսկի+արիչ > ոսկերիչ,  այգի+ա+պան > այգեպան հոգի+ա+բան > հոգեբան, ապակի+ա+պատ > ապակեպատ, պատանի+ա+կան > պատանեկան:

2.Շաբաթ   եւ… շաբաթ

           Երկիմաստ բառ է. առ այդ կը նշանակէ՝

ա) երկուշաբթիէն (ներառեալ)  մինչեւ կիրակի (ներառեալ)  երկարող յաջորդական եօթը օրերը[1]. օրինակ՝

«Այս շաբաթ պիտի չաշխատինք»:

Կրնայ նշանակել նաեւ եօթը ոչ-յաջորդական օրերու գումարը.  օրինակ՝

«Ան վրայ-վրայի մէկ շաբաթ աշխատեցաւ մեր քով»:

Այս նշանակութեամբ  անոր սեռական հոլովը կու տայ շաբթուան. օրինակ՝

«Շաբթուան երրորդ օրը միշտ ազատ ենք»:

«Շաբթուան հացս  ապահով է»:

Այս նշանակութեամբ իբրեւ  ածական կու տայ շաբթական, որ կը նշանակէ մէկ շաբթուան յատուկ, մէկ շաբթուան վերաբերող. օրինակ՝

«Աշկերտին շաբթական վարձը քսան դոլար է»:

Այսինքն՝ շաբթականը:

Կը նշանակէ նաեւ շաբաթը մէկ անգամ պատահող. օրինակ՝

«Բժիշկը իր շաբթական այցելութիւնը տուաւ հիւանդին»:

«Տանտիկինը շաբթական մաքրութիւնը կատարեց»:

***Ուրեմն՝ շաբաթ-շաբթուան-շաբթական:

բ) ուրբաթին յաջորդող եւ կիրակիին նախորդող օրը. օրինակ՝

Այդ օրուան անունը:

«Երկուշաբթի զբաղած եմ, շաբա՛թ եկուր»:

Այս գոյականին սեռականը շաբաթուան է. օրինակ՝

«Շաբաթուան հանդիպումը յետաձգուեցաւ»:

Ածականը՝ շաբաթական:

***Ուրեմն՝ շաբաթ-շաբաթուան-շաբաթական:

  1. 3. Օվալաձեւ…

Հայաստան ամէն օր քիչ մը աւելի կը հայաթափի:

Կարդացէք հետեւեալը, որպէսզի ինքներդ ալ հաստատէք զայն… եթէ չէիք գիտեր.

«Հայտնաբերվել է  “կոկաին” տեսակի թմրամիջոցին նմանվող 120 հատ օվալաձև պարկուճ»  («Արմէնպրես»):

Ձեւ արմատը բաւարար չէր փրկելու համար այս բարդ բառը, որուն առաջին  արմատը լատիներէն է՝ ov = ձու: Այս գրիչը  կnտրելիք  լրագրողը չէ՞ր գիտեր, թէ բառիս հայերէն համարժէքն  է ձուաձեւ, որ իսկական գեղօրի մը պէս գեղեցիկ բառ է:  Եթէ իրօք չէր գիտեր, ապա կրնար առնուազն հարցնել Նուազի լը Գրանի աւատապետին, որ հաճոյքով պիտի ուզէր ձերբազատիլ  արեւելահայերէնը  «զարդարող»   4.000 օտարաբանութիւններու մէկէն.  ան հաճոյքով կը սորվեցնէր, անոր ալ սիրտը քիչ մը կը  հովանար, դէմքին ժպիտ կու գար, հոգիին՝ աշխուժ եւ գրիչին…ներուժ:

Ասոր համար ուզել պէտք է, որոշել պէտք է, որ հայերէն պիտի գրենք, պիտի կամաց-կամաց սորվինք վերահայանալ, թօթափել այլասերումի ամօթալի ժանգը, որ հոս կը թրքացնէ, հոն կը ռուսացնէ, այլուր կը լատինացնէ:

Կը սպաննէ հայը՝ հայուն մէջ,  եւ դատարկ խամաճիկի կը վերածէ զայն:

[1]  Տեսականօրէն՝ շաբաթ օր կէսգիշերին սկսող ու  յաջորդ շաբաթ օր  մինչեւ կէսգիշեր երկարող ժամանակամիջոցը:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x