Ուսանողներուն միայն ԱԻ հմտութիւններ պէտք չեն. անոնց անհրաժեշտ է պատասխանատու ԱԻ գրագիտութիւն
September 16, 2026
Ուսանողին ԱԻ գործածել սորվեցնելը բաւարա՞ր է, թէ՞ կրթութեան իսկական պարտականութիւնը կը սկսի ճիշդ հոն, ուր ԱԻ-ն կու տայ իր պատասխանը։ Այսօր ուսանողը կրնայ վայրկեաններու մէջ ամփոփել գիրք մը, խմբագրել գրութիւն մը կամ պատրաստել աշխատանքային դիմում մը։ Բայց ո՞վ պիտի ստուգէ պատասխանը, ո՞վ պիտի որոշէ՝ երբ պէտք չէ ԱԻ գործածել, եւ վերջապէս ո՞վ պատասխանատու է արդիւնքին համար։ Ստորեւ տրուած յօդուածին մէջ, Սիպօ Չէն կը պնդէ, որ ԱԻ-ի դարաշրջանին աշակերտներուն միայն արհեստագիտական հմտութիւններ տալը բաւարար չէ. անոնք պէտք է սորվին նաեւ հարցադրել, ստուգել, ընտրել եւ պատասխանատուութիւն ստանձնել։ Այլ խօսքով՝ կրթութեան նպատակը պէտք չէ ըլլայ ԱԻ-ին աւելի լաւ հրահանգներ տալ միայն, այլ՝ ԱԻ-ի կողքին աւելի լաւ մտածել։ Յօդուածը թէեւ Քանատայի մասին է, բայց ԱԻ-ի գործածութեան կրթական եւ բարոյական չափանիշները նոյնն են ամէն տեղ:
«Տարբերակ21»
Քանատայի գոլէճներու եւ համալսարաններու ուսանողները արդէն կը վերադառնան իրենց դասարանները, անոնցմէ շատերը կը մտնեն կրթական միջավայր մը, ուր ծնող արուեստական իմացականութիւնը (GenAI) արդէն իսկ ակադեմական առօրեային մէկ մասը դարձած է։ Շատեր հաւանաբար գործածեն ChatGPT-ի եւ Gemini-ի նման գործիքներ՝ գաղափարներ մշակելու, ընթերցումները ամփոփելու, գրութիւնները վերանայելու եւ աշխատանքի դիմումներ պատրաստելու համար։
Այժմ հրատապ հարցը այլեւս այն չէ, թէ ուսանողները ԱԻ պիտի գործածե՞ն, թէ՞ ոչ։ Հարցը այն է, թէ համալսարանները ի՛նչ պիտի սորվեցնեն անոնց՝ ԱԻ-ն դատողութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ գործածելու մասին։
Այս հարցը առաւել հրատապ դարձած է այն օրէն, երբ Քանատայի կառավարութիւնը հրապարակեց արուեստական իմացականութեան իր նոր ազգային ռազմավարութիւնը՝ AI for All («ԱԻ բոլորին համար»)։ Ռազմավարութիւնը ԱԻ-ն կը կապէ հանրային վստահութեան, տնտեսական կարելիութիւններու եւ Քանատայի ինքնիշխանութեան ։ Անիկա նաեւ կը ներառէ ԱԻ գրագիտութեան ազգային նախաձեռնութիւն մը՝ ուղղուած բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու ուսանողներուն եւ դասախօսներուն։
Սակայն ԱԻ համակարգ մը գործածելը ինքնաբերաբար անձը ԱԻ-ի գրագէտ չի դարձներ։ Ուսանողներուն անհրաժեշտ է աւելին, քան արդիւնաւէտ հրահանգներ (prompts) գրելու կամ առաջադրանքները աւելի արագ կատարելու կարողութիւնը։ Անոնց անհրաժեշտ է պատասխանատու եւ հաշուետու ԱԻ գրագիտութիւն՝ կարողութիւն բացատրելու, թէ ինչո՛ւ կը գործածեն ԱԻ-ն, գնահատելու անոր արտադրածը եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու վերջնական աշխատանքին համար։
Դասաւանդած եմ մասնագիտական հաղորդակցութիւն եւ աշխատած՝ ուսումնական ծրագիրներու նորարարութեան վրայ, որոնք դասարանային ուսուցումը կը կապեն մասնագիտական փոփոխուող գործելակերպերուն։ ԱԻ-ին տրուող հրահանգներու մշակման (prompt engineering) շուրջ վերջին հետազօտութիւններս զիս յանգեցուցած են յստակ եզրակացութեան մը. ուսանողներուն ԱԻ-ի հետ հաղորդակցիլ սորվեցնելը կրնայ արժէքաւոր ըլլալ, բայց միայն այն պարագային, երբ ան կը զարգացնէ մարդկային դատողութիւնը՝ փոխանակ զայն փոխարինելու։

Լաւ հրահանգը լաւ պատասխան չ’երաշխաւորեր
Prompt engineering-ը կը վերաբերի այն ձեւին, որով կը կազմենք եւ կը վերամշակենք հրահանգները՝ ծնող ԱԻ-էն օգտակար պատասխան ստանալու համար։ Լաւ կազմուած հրահանգ մը կրնայ յստակացնել առաջադրանքը, լսարանը, համածիրը, համապատասխան փաստերը եւ պահանջուած ձեւաչափը։ Ասոնք հաղորդակցութեան կրթութեան մէջ արդէն իսկ ծանօթ սկզբունքներ են։
Քաղաքականութեան վերաբերող զեկուցագիր, մամլոյ հաղորդագրութիւն կամ աշխատանքային տեղեկագիր պատրաստող անձը պէտք է նախ նկատի առնէ իր լսարանն ու նպատակը եւ ապա միայն որոշէ, թէ ի՛նչ պիտի ըսէ եւ ինչպէ՛ս պիտի ըսէ։
Հետեւաբար, ԱԻ-ին հրահանգներ տալը կրնայ ուսուցման լիովին օրինական մէկ մասը ըլլալ։
Բարձրագոյն կրթութեան մէջ, ԱԻ-ին տրուող հրահանգներու մշակման վերաբերող ուսումնասիրութիւններու համակարգուած վերանայում մը պարզած է, որ կառուցուածքային հրահանգումը կրնայ նպաստել ուսուցման, երբ ուսանողները գիտակցաբար կը կազմեն, կը փորձարկեն եւ կը կատարելագործեն ԱԻ-ի հետ իրենց փոխազդեցութիւնը։ Այլ հետազօտողներ հրահանգի մշակումը կը նկարագրեն իբրեւ նպատակէն, համածիրէն եւ լսարանէն ձեւաւորուող հռետորական գործընթաց մը, եւ ոչ թէ պարզապէս արհեստագիտական հնարքներու շարք մը։
Դասախօսները, օրինակ, կրնան ուսանողներէն պահանջել բաղդատել քանի մը տարբեր հրահանգներ, բացատրել, թէ ինչո՛ւ փոփոխած են զանոնք, եւ գնահատել, թէ այդ փոփոխութիւնները ինչպէ՛ս ազդած են ստացուած արդիւնքներուն վրայ։ Այս ձեւով գործածուելու պարագային հրահանգումը տեսանելի կը դարձնէ ուսանողի մտածողութեան որոշ հանգրուանները։ Սակայն նոյնիսկ շատ սահուն եւ խնամուած պատասխանը կրնայ սխալ, կողմնակալ կամ անբաւարար հիմնաւորուած ըլլալ։
Ծնող ԱԻ համակարգերը կրնան անհիմն վստահութեամբ սխալ տեղեկութիւններ ներկայացնել։ Անոնք կրնան գոյութիւն չունեցող աղբիւրներ հնարել, անորոշութիւնը քօղարկել կամ այնպիսի պնդումներ կատարել, զորս գնահատելու համար ուսանողները տակաւին անհրաժեշտ մասնագիտական գիտելիքը չունին։
Հետեւաբար, պէտք է զգուշաւոր ըլլանք երբ հարցը կը վերաբերի ԱԻ համակարգերը իբրեւ վստահելի ուսուցիչներ կամ գործընկերներ ընդունելու ընտրանքին: Այս համակարգերը կրնան մեծ վստահութեամբ պատասխաններ տալ՝ առանց որեւէ պատասխանատուութիւն կրելու այդ պատասխաններուն ճշմարտացիութեան համար։ Այդ պատասխանատուութիւնը կը մնայ նիւթը գործածող անձին վրայ։
Ի՞նչ կը պահանջէ հաշուետուութիւնը
ԱԻ-ի «հաշուետու» գործածութեան կոչ ուղղելը բնական հարցում մը կը յառաջացնէ. որո՞ւ առջեւ եւ ի՞նչ նպատակով։
Ուսանողները պատասխանատու են այն մարդոց առջեւ, որոնք կը կարդան, կը գնահատեն կամ կը հիմնուին իրենց աշխատանքին վրայ։ Ասոնց շարքին են դասախօսները, դասընկերները, գործատէրերը, յաճախորդներն ու հանրութիւնը։
Մասնագիտական միջավայրի մէջ ԱԻ-ի օգնութեամբ պատրաստուած հաղորդակցութիւնը կրնայ նաեւ ազդել հիւանդներու, աշխատակիցներու, սպառողներու կամ ամբողջ համայնքներու վրայ, որոնք որեւէ դեր չեն ունեցած որոշելու, թէ ԱԻ պիտի գործածուի՞, թէ՞ ոչ։
Պատասխանատուութիւնը կը սկսի փաստացի ճշգրտութենէն, բայց հոն չի վերջանար։ Ուսանողները պէտք է կարենան բացատրել, թէ ինչպէ՛ս գործածած են ԱԻ-ն իրենց աշխատանքին մէջ, ինչպէ՛ս ստուգած են անոր պնդումները, արդեօք գաղտնի տեղեկութիւններ արձանագրուա՞ծ են համակարգին մէջ, եւ ինչո՛ւ վերջնական աշխատանքը կը համապատասխանէ դասընթացքին կամ մասնագիտութեան չափանիշներուն։
Ուսանողներու համար արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) իրաւասութիւններու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի՝ շրջագիծը գործնական հմտութիւնները կը համարկէ բարոյագիտական նկատառումներու, մարդկային գործօնի եւ պատասխանատու քաղաքացիութեան հետ:
Ուսանողները պէտք է նիւթին մասին բաւարար գիտելիք ունենան, որ կարենան նկատել թոյլ կամ մոլորեցուցիչ պատասխանները։ Կարեւոր հետեւանքներ ունեցող պնդումները պէտք է ստուգուին եւ ոչ թէ ընդունուին պարզապէս այն պատճառով, որ հեղինակաւոր կը հնչեն։ Իսկ երբ ԱԻ-ի գործածութիւնը բացայայտելու պահանջ կայ, ուսանողները պէտք է կարենան յստակ նշել անոր ունեցած ներդրումը՝ միաժամանակ իրե՛նք ստանձնելով վերջնական աշխատանքին պատասխանատուութիւնը։
ԱԻ գրագիտութիւնը նաեւ կը նշանակէ գիտնալ, թէ ե՛րբ պէտք չէ ԱԻ գործածել։
Անձնական կամ գաղտնի տեղեկութիւններ առեւտրական հարթակի մը մէջ արձանագրելը, լուրջ հետեւանքներ ունեցող որոշումները ԱԻ-ին յանձնելը կամ հիմնարար հմտութիւն մը զարգացնելու նպատակով տրուած առաջադրանքը ամբողջութեամբ ինքնագործ դարձնելը կրնայ անպատշաճ ըլլալ, նոյնիսկ եթէ արհեստագիտութիւնը ի վիճակի է այդ աշխատանքը կատարելու։
Ամբողջ բեռը ուսանողին վրայ պէտք չէ դրուի
Հաշուետուութիւնը պէտք չէ նշանակէ, որ բոլոր վտանգներուն պատասխանատուութիւնը փոխանցուի անհատ ուսանողին։ Համալսարանները պարտականութիւն ունին յստակ ակնկալութիւններ սահմանելու եւ այնպիսի գնահատման եղանակներ մշակելու, որոնք տեսանելի կը դարձնեն ուսանողին մտածողութիւնը։
Փոխանակ գլխաւորաբար ԱԻ-ով պատրաստուած գրութիւններ յայտնաբերող ծրագրերուն ապաւինելու՝ դասախօսները կրնան ուսանողներէն պահանջել արձանագրել իրենց կատարած փոփոխութիւնները, հիմնաւորել ընտրութիւնները եւ բացատրել, թէ ո՛ւր ԱԻ-ն բարելաւեց իրենց աշխատանքը եւ ո՛ւր՝ ոչ։
GenAI-ը կրթական գնահատումներու մէջ ներառելու վերաբերող փորձարարական նախնական ուսումնասիրութիւն մը կը յանձնարարէ, որ դասախօսները յստակօրէն զանազանեն այն յանձնարարութիւնները, ուր ԱԻ-ի գործածութիւնը արգիլուած է, ուր արտօնուած է, կամ միտումնաւոր ներառուած է: Այս մօտեցումը ուսանողներուն շատ աւելի յստակ ուղղութիւն կու տայ, քան ամբողջական արգելքները կամ անորոշ արտօնութիւնը։
Համալսարանները, գոլէճներն ու դպրոցները նաեւ պէտք է նկատի առնեն, թէ ի՛նչ հարթակներ կը գործածեն դասարանին մէջ։ Ուսանողներէն առեւտրական ԱԻ գործիք մը պարտադիր գործածել պահանջելը կրնայ իրենց տուեալները վտանգի ենթարկել եւ համալսարաններուն կախուածութիւնը խորացնել արհեստագիտական սեփական ընկերութիւններէն։
Իրենց կարգին, ԱԻ ընկերութիւնները պատասխանատու կը մնան համակարգերու նախագծման, տուեալներու գործածութեան եւ իրենց արտադրանքներուն վստահելի կարողութիւններուն մասին կատարած պնդումներուն համար։ Պէտք է ուսանողներուն սորվեցնել, որ ստուգեն ԱԻ-ի պատասխանները. արհեստագիտական ընկերութիւնները չ’ազատեր թերի համակարգերուն համար իրենց պատասխանատուութենէն։
Հաղորդակցութեան (Communication training) ուսուցումը պէտք է կրթութեան առանցքը կազմէ
Քանատայի ԱԻ գրագիտութեան օրակարգը, հետեւաբար, պէտք է տարածուի համակարգչային գիտութեան ծրագիրներէն, աշխատավայրային վերապատրաստումներէն եւ արհեստագիտական ընկերութիւններու պատրաստած ուղեցոյցներէն անդին։
Հաղորդակցութեան, ինչպէս նաեւ մարդկայնական եւ ընկերային գիտութիւններու ծրագիրները արդէն իսկ ուսանողներուն կը սորվեցնեն հարցնել՝ ո՞վ կը խօսի, ի՞նչ փաստեր կը հիմնաւորեն պնդումը, որո՞ւ ուղղուած է խօսքը, ի՞նչ բան դուրս ձգուած է եւ որո՞ւ շահերուն կը ծառայէ ներկայացուած տեսակէտը։
Այս հարցումները առանցքային են նաեւ ԱԻ-ի ստեղծած նիւթերը գնահատելու համար։
Անոնք նոյնքան կարեւոր են աշխատավայրին մէջ։
Քանատայի մէջ պահանջուած հմտութիւններու փոփոխութիւնը ուսումնասիրած OECD-ի հետազօտութիւն մը պարզած է, որ ԱԻ-ի ազդեցութեան առաւել ենթակայ մասնագիտութիւնները հետզհետէ աւելի կը պահանջեն հաղորդակցական, ընկերային, լեզուական եւ թուային հմտութիւններ։
Ուսանողները ԱԻ-ով ձեւաւորուող աշխատավայրին պատրաստելը չի նշանակեր այդ կարողութիւնները փոխարինել արհեստագիտական ուսուցումով։ Կը նշանակէ անոնց սորվեցնել, թէ ինչպէ՛ս գործածել այդ կարողութիւնները, երբ ԱԻ-ն աշխատանքին մէկ մասը կը դառնայ։
Քանատայի անհրաժեշտ են շրջանաւարտներ, որոնք կրնան ԱԻ-ն արդիւնաւէտ կերպով գործածել։ Բայց անոր նաեւ անհրաժեշտ են մարդիկ, որոնք կրնան հարցականի տակ առնել անվստահելի պատասխանները, հիմնաւորել իրենց որոշումները եւ գիտնալ, թէ ե՛րբ ինքնագործումը սխալ ընտրութիւն է։
Եթէ AI for All ռազմավարութեան նպատակը հանրային վստահութիւն կառուցելն է եւ ոչ թէ պարզապէս ԱԻ-ի գործածութիւնը արագացնելը, Քանատայի ուսանողներուն արհեստագիտական վարժութենէն շատ աւելին անհրաժեշտ պիտի ըլլայ։
Անոնց անհրաժեշտ պիտի ըլլայ դատողութիւն՝ որոշելու համար, թէ ո՛ր պատասխանները ընդունիլ, ո՛ր համակարգերը հարցականի տակ առնել եւ ե՛րբ ընդհանրապէս չգործածել ԱԻ-ն։
Սիպօ Չէն
Associate Professor, School of Professional Communication
Toronto Metropolitan University