Ի՞նչ է «ալկորիթմը»՝ այս օրերու բառը

April 3, 2024

Պարզ սահմանումով «ալկորիթմ»ը «քայլ առ քայլ ընթացակարգ» մըն է կամ «հրահանգներու հաւաքածոյ» մը, որուն կը հետեւի համակարգիչը` խնդիր մը լուծելու կամ թելադրանք մը ընելու: Ուսողութեան մէջ ալ, ալկորիթմը կը վերաբերի յստակ սահմանուած քայլերու կամ հրահանգներու հունաւոր յաջորդականութեան՝ խնդիր մը լուծելու կամ հաշուարկ մը կատարելու: Ան, ըստ էութեան, շարք մը կանոններու կամ ընթացակարգերու ամբողջութիւնն է, որուն կարելի է հետեւել մասնայատուկ նպատակի մը կամ արդիւնքի մը հասնելու:

Ալկորիթմի տեսակներն են.

  1. Որոնումի ալկորիթմներ (Search algorithms). կ’օգտագործուի տուեալներու մեծ հաւաքածոներու մէջ թելադրուած փնտռտուքը կատարելու:
  2. Տեսակաւորումի ալկորիթմներ (Sorting algorithms). կ’օգտագործուին թելադրուածները հերթականութեամբ կազմակերպելու:
  3. Մեքենան ուսուցանող ալկորիթմներ (Machine learning algorithms). համակարգիչներուն, սարքին, մեքենային կը սորվեցնեն օգտուիլ տուեալներէ եւ ըստ այնմ որոշումներ կայացնել:
  4. Ցուցագծային ալկորիթմներ (Graph algorithms). կը վերլուծեն յարաբերութիւնները իրերու միջեւ, որոնք ներկայացուած են իբրեւ հանգոյցներ եւ եզրեր:
  5. Գաղտնագրումի ալկորիթմներ (Encryption algorithms). կ’երաշխաւորեն տուեալներու անվտանգութիւնը` զանոնք վերածելով ծածկագրերու:
  6. Սեղմնումի ալկորիթմներ (Compression algorithms). կը փոքրացրեն տուեալները աւելի արագ ամբարումի եւ փոխանցելու:
  7. Կաղապարներու ճանաչման ալկորիթմներ (Pattern recognition algorithms). կը գտնեն օրինաչափութիւններ տուեալներու մէջ, օրինակ` ճանչնալով ու նոյնացնելով դէմքեր կամ բառեր:
  8. Կատարելագործող ալկորիթմներ (Optimization algorithms). բազմաթիւ տարբերակներէ կը գտնեն լաւագոյն լուծումները:

Իւրաքանչիւր ալկորիթմ կը նմանի յատուկ գործիքի մը, որ նախատեսուած է մասնայատուկ աշխատանքի մը համար՝ թելադրուած առաջադրանքները արագօրէն եւ աւելի արդիւնաւէտ կատարելու նպատակով:

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x