Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (36)

July 20, 2026

ԿԱՌՈՒՑԱԿԱԶՄ, գ., Այս կամ այն նպատակով ստեղծուած  խումբի մը բաղկացուցիչ անդամներու կազմը // Կառուցուածքի ձեւը՝ բաղկացութիւնը։ Գլխաւոր դատախազները անդրադարձան…. Ռուսիոյ դատախազութեան եւ քննչական մարմինի աշխատակիցներու եւ Հայաստանի ու Արցախի իրաւապահ մարմիններուն միջեւ գործակցութեան կառուցակազմերուն, հայ-ատրպէյ ճանական շփման գիծին մէջ հրադադարի դրութեան խախտման…. դէպքերը տեղւոյն վրայ արձանագրելու եւ արձագանգելու գծով Հայաստանի եւ Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման (Ասպարէզ, 5 Յունիս 2021, էջ 9):

ԿԱՌՉԱԾՈՒԹԻՒՆ, թեան, գ., Ամբողջովին գաղափարի մը  կապուած՝ փարած ըլլալը, անկէ կառչիլը։ Հայ աշխարհի ցուրտ օդին պատճառով նաեւ շուշմայի ձէթով պատրաստուած է Միւռոնը, եւ սա՝ տառէն անդին ոգիին նկատմամբ մեր ունեցած կառչածութեան ապացոյցն է (Զարթօնք, Կիրակի, 10.07.2022)

ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿ, գ., Երկիրի մը կացութեան՝ իրաւունքներու եւ սահմաններու օրինականացումը՝ վաւերացումը այլ երկիրներու կողմէ։ Արցախի հարցը լուծուած չէ, քանի տակաւին յստակացած չէ Արցախի կարգավիճակի հարցը եւ քանի տակաւին արցախահայութեան անվտանգութիւնը լրջագոյն սպառնալիքի տակ է….(Ազդակ, 2 Հոկտեմբեր 2021, էջ 7):

ԿԱՐԾՐԱՍՏԵՒ, ած., Կենդանիի կոշտ՝ կարծր մազէ պատրաստուած // Կարծր ստեւ՝ կոշտ ու սրածայր մազեր ունեցող։ Բերել տուաւ…. կարծրաստեւ թաւիշներ Սպանիայէն…. (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 227): 

ԿԵՆԴԱՆԱՊԱՐՏԷԶ, գ., Տարբեր տեսակի կենդանիներ պահելու եւ զանոնք հանրութեան ցուցադրելու համար շինուած  պարտէզ // Կենդանաբանական այգի։ Կենդանապարտէզի մը մէջ,  թափանցիկ որմի մը ետեւը բանտարկուած կապիկ մը, որ խելագարած է բանտարկութեան պատճառով ու իր թաթերով կը քերէ,  կը քերծէ որմը (Մ.Ն., 2015, էջ 34)։

ԿԵՆՍԱՀՈՒՐ, ած., Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն  ապրելու եռանդ՝ աւիւն // 1. գ. Կենսական՝ կեանքի կրակ։ 2.ած. փխբ.  Վերապրելու՝ դժուարութիւնները յաղթահարելու ուժ՝ կարողութիւն: Պատերազմի մէջ ինկանք որկրամոլ դրացի ազգերուն հետ։ Մեր պարանոցը եւ ձեր սուրը. մեր սուրբ լերան ոյժով օծուած սուրը եւ ձեր բքած բուրգերու հուրը. ձեր խողխողող եաթաղանը,  մեր կենսահուր փիւնիկը։

ԿԵՆՍԱՏԻՐԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ, գ., Քաղաքացիներուն հնազանդեցնելու պետութեան մը որդեգրած առողջապահական, ժառանգականութեան կանոնաւորման մասնաւոր եղանակ // Կեանքի մասին գիտելիքներու (կենսաբանութիւն, ծինաբանութիւն եւ այլն)։ Իշխանութեան այդ նոր եղանակը կը ստանայ «կենսիշխանութիւն» կամ «կենսատիրակալութիւն» անունը (biopouvoir)  (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 113)։

ԿԵՆՍԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ, ած., Քաղաքացիներուն/բնակչութեան իշխելու՝ ղեկավարելու համար կենսաբանական գիտելիքի վրայ  հիմնուած քաղաքականութեան յատուկ, անոր վերաբերող //1.  Կենսական և քաղաքական։ Այդտեղ՝ Ջորջօ Ագամբէն արեւմտեան աւանդութեան մէջ քաղաքական գերիշխանութիւնը սահմանելու եւ գործադրելու եղանակները խնդրոյ առարկայ կը դարձնէր…. կը բացատրէր որ Ի. դարու -համակեդրոնացման ճամբարը պէտք է հասկցուէր ու մեկ նաբանուէր «որպէս արդիականութեան կենսաքաղաքական յարա ցոյց»ը (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 105)։

ԿԵՆՍԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, գ., Քաղաքական տեսութիւն, որ բնակիչներուն հպատակեցնելու համար կը հիմնուի կենսաբանական գիտելիքի վրա։ «Մնացորդք Աւ շուիցի» գիրքին նոր շրջածիրին մէջ՝ Ֆուկոյի կենսաքաղաքականութիւնը եւ այդ յղացքին ագամբէնեան փոփոխակը քիչ դեր կը խաղան (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 114)։

ԿԵՆՍԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ, գ., Քաղաքացիները հնազանդեցնելու, անոնց իշխելու պետութեան մը որդեգրած առողջապահական, ժառանգականութեան կանոնաւորման մասնաւոր եղանակ //Կեանքի մասին գիտելիքներու տուեալները քաղաքական իշխանութեանը ծառայեցնելը։ Իշխանութեան այդ նոր եղանակը կը ստանայ «կենսիշխանութիւն» կամ «կենսատիրակալութիւն» անունը (biopouvoir) (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 113)։

ԿԵՆՑԱՂԱՅԻՆ-ՏԱՐՐԱԿԱՆ, ած., Ամենօրեայ կեանքի բնական յարատեւութեան համար ամենէն անհրաժեշտ՝ էական // Տարրական՝ հասարակ՝ ամենասովորական կենցաղային։ Առօրեայ կենցաղային-տարրական կարիքներու կողքին նորահաս սերունդներու կրթութիւնը նաեւ արժանացաւ համապատասխան գուրգու րանքի ու հոգածութեան (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 2):

ԿԻՂԻՑԻԿ, գ., գվռ., Պզտիկ եկեղեցի։ Անտիոքի շրջանի հայոց սրբատեղիները՝ քարայրներ, ծառեր, աղբիւրներ, կիղիցիկներ (փոքրիկ եկեղեցիներու աւերակներ) եւ այլն, միշտ ալ այցելուներ ունեցած են, եղած են անհատական, ընտանեկան եւ հաւաքական ուխտագնացութեան վայրեր (Յ. Չոլաքեան, ՀՐԱՇԱՊԱՏՈՒՄ ԶՐՈՅՑՆԵՐ – 2 ԱՆՈՆՔ ԱԼ ՅԱՐԳԱՆՔ ՈՒ ԵՐԿԻՒՂ ՈՒՆԻՆ)։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x