Փորձ անգլերէն–արեւմտահայերէն արհեստագիտական բառարանի կազմութեան (B-ով սկսող բառեր)

October 5, 2026

Ինչո՞ւ այս բառարանը

Նոր արհեստագիտութիւնը միայն նոր գործիքներ չի ստեղծեր։ Ան նաեւ նոր հասկացողութիւններ եւ նոր բառապաշար կը բերէ։ Artificial Intelligence, prompt, algorithm, deep learning, chatbot, token, cloud computing, cybersecurity, deepfake եւ հարիւրաւոր այլ եզրեր արդէն մտած են մեր առօրեային, կրթութեան, աշխատանքին, մամուլին եւ հանրային խօսակցութեան մէջ։

Բայց ի՞նչ կը պատահի, երբ նոր աշխարհ մը կը ստեղծուի, իսկ լեզուն չունի այդ աշխարհին մասին խօսելու բառապաշարը։ Այս բառարանին մեկնակէտը ճիշդ այդ հարցումն է։ Նպատակը պարզապէս անգլերէն արհեստագիտական եզրերուն դիմաց հայերէն բառեր շարելը չէ։ Նպատակը ժամանակակից արհեստագիտութեան մասին արեւմտահայերէնով խօսելու, գրելու, դասաւանդելու եւ մտածելու գործածելի լեզու մը զարգացնելն է։

Տարբերակ21 այս աշխատանքը զերոյէն չի սկսիր։ Կայքը իր հրապարակումներուն մէջ արդէն ստեղծած կամ որդեգրած է արեւմտահայերէն ԱԻ եւ թուային բառապաշարի կարեւոր կորիզ մը՝ «արուեստական իմացականութիւն», «ալկորիթմ», «մոտել», «քոտաւորել», «մշակող», «տուեալներ», «խոր ուսուցում», «թուային անվտանգութիւն», «թուային յարձակում», «ենթակառոյց» եւ այլ եզրերով։ Հետեւաբար առաջին քայլը նոր բառեր հնարելը չէ, այլ հաւաքել եւ համակարգել Darperag21-ի մէջ արդէն գործածուող լեզուն, ապա բացերը լրացնել։

Մեր խմբագրական սկզբունքը

Տարբերակ21 «Artificial Intelligence»-ի համար գիտակցաբար ընտրած է «արուեստական իմացականութիւն (ԱԻ)» եզրը։ Այս ընտրութեան ետին աւելի լայն լեզուական սկզբունք մը կայ (կարելի է ստուգել այս կապով). ժամանակակից աշխարհը հայերէնով արտայայտելը չի նշանակեր ամէն օտար բառի դիմաց անպայման բառացի հայերէն համարժէք մը հնարել։ Նոյն սկզբունքը պիտի առաջնորդուի այս փորձ-բառարանը։

Երբ կենդանի արեւմտահայերէնին մէջ բնական եւ ճշգրիտ եզր մը արդէն գոյութիւն ունի, պիտի գործածենք զայն։ Երբ Տարբերակ21 արդէն հետեւողական ձեւ մը որդեգրած է, պիտի արձանագրենք այդ գործածութիւնը։ Երբ ընդունուած հայերէն համարժէք մը կայ, զայն առանց պատճառի պիտի չփոխարինենք։ Իսկ երբ տակաւին յստակ եւ բնական լուծում չկայ, բառը պիտի մնայ քննարկելի։

Այս պատճառով բառարանը պիտի զատորեշէ չորս տարբեր կարգավիճակներ.

  • Տարբերակ21-ի գործածութիւն — եզրը արդէն գործածուած է կայքին մէջ։
  • Նախընտրելի եզր — ուսումնասիրութենէ եւ քննարկումէ ետք կ՚’առաջարկուի իբրեւ հիմնական արեւմտահայերէն ձեւ։
  • Ընդունուած գործածութիւն — Տարբերակ21-ի ստեղծած եզրը չէ, բայց հայերէնի մէջ արդէն ընդունուած է։
  • Քննարկելի — վերջնական ընտրութիւնը տակաւին չէ կատարուած։

Այս զատորոշումը անհրաժեշտ է, որովհետեւ բառարանը պէտք չէ այն տպաւորութիւն ձգէ, թէ արհեստագիտական ամէն նոր հասկացողութեան համար արդէն անվիճելի հայերէն համարժէք գոյութիւն ունի։ Անիկա պէտք է նաեւ ցոյց տայ, թէ լեզուն ո՛ւր լարդէն պատասխան ունի եւ ո՛ւր տակաւին աշխատանք կայ կատարելիք։

Ոչ միայն ԱԻ-ի բառարան

Արուեստական իմացականութիւնը այսօր մեկուսացած ոլորտ մը չէ։ Ան կապուած է համակարգիչներու, ծրագրաւորման, տուեալներու, համացանցի, թուային անվտանգութեան, աշխատանքի, կրթութեան, լրատուամիջոցներու եւ բարոյական հարցերու։ Հետեւաբար աւելի նպատակայարմար է բառարանը կազմակերպել ութ կապակցուած բաժիններով.

  1. Արուեստական իմացականութիւն եւ մեքենական ուսուցում
  2. Համակարգիչ եւ ծրագրաւորում
  3. Տուեալներ եւ հաշուարկ
  4. Համացանց եւ թուային հաղորդակցութիւն
  5. Թուային անվտանգութիւն
  6. Ռոպոթներ, մարդառոպոթներ եւ ինքնագործութիւն
  7. ԱԻ, կրթութիւն եւ աշխատանք
  8. ԱԻ-ի բարոյական եւ ընկերային բառապաշար

Այս կառուցուածքով բառարանը պիտի ընդգրկէ շուրջ 200 հիմնական եզր՝ զուտ արհեստագիտական բառերէն մինչեւ privacy, bias, misinformation, copyright, authorship, transparency, accountability, digital divide եւ այլ հասկացողութիւններ։

Ինչպէ՞ս պիտի ձեւակերպուի իւրաքանչիւր բառի բացատրութիւնը: Պարզ անգլերէն–հայերէն բառացանկ մը բաւարար պիտի չըլլայ։ Բառը պէտք է նաեւ բացատրուի եւ կենդանի գործածութեան մէջ դրուի։

Վ.Թէնպէլեան

B
BACKUP — պահուստ
Տուեալներու կամ թղթածրարներու լրացուցիչ պատճէն, որ կը պահուի առանձին վայրի կամ համակարգի մէջ՝ բնօրինակին կորստեան, վնասման կամ ջնջման պարագային զանոնք վերականգնելու համար։
To Back Up → պահուստաւորել
Backup System → պահուստի համակարգ
Backup Copy → պահուստային պատճէն
Օրինակ. Կարեւոր թղթածրարներուն պահուստային պատճէնը պէտք է կանոնաւորաբար նորոգել։
Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

BENCHMARK — համեմատական չափանիշ
Չափանիշ կամ փորձարկումներու շարք, որուն միջոցով կարելի է գնահատել եւ իրարու հետ համեմատել համակարգերու, մոտելներու կամ սարքերու աշխատանքը։
Օրինակ. Նոր ԱԻ մոտելը համեմատական չափանիշներով փորձարկուեցաւ՝ նախորդ մոտելներուն հետ անոր արդիւնքները բաղդատելու համար։
Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

BIAS — կողմնակալութիւն
Տուեալներու, ալկորիթմի կամ ԱԻ համակարգի մէջ գոյութիւն ունեցող շեղում, որ կրնայ որոշ անձերու, խումբերու կամ տեսակէտներու նկատմամբ անհաւասար կամ միակողմանի արդիւնքներու յանգիլ։
Կարգավիճակ. Տարբերակ21-ի բառապաշարին համապատասխան։

BIG DATA — մեծածաւալ տուեալներ / մեծ տուեալներ
Այնքան մեծածաւալ, արագ աճող կամ բազմատեսակ տուեալներու ամբողջութիւն, որ անոնց պահպանումն ու վերլուծութիւնը հաշուարկային յատուկ միջոցներ կը պահանջեն։
Օրինակ. Մեծածաւալ տուեալներու վերլուծութիւնը կրնայ առողջապահական կամ տնտեսական նոր օրինաչափութիւններ բացայայտել։
Կարգավիճակ. Քննարկելի։ Տարբերակ21-ի գործածութեան մէջ կը հանդիպինք նաեւ «մեծ տուեալներ» ձեւին։

BIOMETRIC DATA — կենսաչափական տուեալներ
Մարդու մարմնական կամ կենսաբանական յատկանիշներուն վերաբերող տուեալներ, որոնք կրնան գործածուիլ անոր ինքնութիւնը հաստատելու համար, ինչպէս՝ մատնահետք, դէմքի պատկեր կամ աչքի ծիածանաթաղանթի (iris) տուեալներ։
Օրինակ. Կենսաչափական տուեալները առանձնապէս զգայուն են եւ պէտք է խիստ պաշտպանութեան ենթարկուին։
Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

BROWSER — դիտարկիչ
Ծրագիր մը, որուն միջոցով (Chrome, Edge, or Firefox) օգտագործողը կրնայ մուտք գործել համացանցի կայքեր եւ դիտել անոնց բովանդակութիւնը։
Օրինակ. Կայքը կարելի է բանալ որեւէ արդիական դիտարկիչով։
Կարգավիճակ. Ընդունուած գործածութիւն։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x