Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ

April 13, 2026

«Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ» (Գիրք Բ) աշխատասիրութիւնը հրատարակուած է 2024-ին՝ Երեւանի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտին կողմէ։

Այս Բ. գիրքը կը յաջորդէ «Արեւմտահայերէնի Եւ արեւելահայերէնի տերմինային համակարգերի զուգադրական քննութիւն» խորագրով առաջին հատորին՝ հրատարակուած 2014-ին: Ան կը շարունակէ արեւմտահայերէնի բառապաշարի արդիականացման եւ փաստագրութեան ուղղուած կարեւոր գիտական աշխատանք մը։

Գիրքը պատրաստուած է խմբային աշխատանքով։ Կազմողներու շարքին կը գտնուին Ս. Տիոյեան, Մ. Ֆալակեան, Ա. Ֆիշենկճեան, Յ. Մարաշլեան, Զ. Խպլիկեան եւ Ն. Խաչիբաբեան։ Խմբագիրը՝ Վ. Լ. Կատվալեանն է, իսկ գրախօսը՝ Ա. Ս. Գալստեան։

Աշխատութիւնը տպագրուած է Լեզուի ինստիտուտի գիտական խորհուրդին որոշումով, ինչ որ կը վկայէ անոր ակադեմական արժէքն ու գիտական հաւաստիութիւնը։

Այս գիրքը կ’ընդգրկէ աւելի քան 800 նոր բառեր, որոնք տակաւին չեն արձանագրուած արեւմտահայերէնի գոյութիւն ունեցող բառարաններուն մէջ։

Բառերը քաղուած են բազմազան աղբիւրներէ՝

  • սփիւռքահայ մամուլէն,
  • գեղարուեստական եւ գիտական գրականութենէն,
  • ինքնուրոյն եւ թարգմանական ստեղծագործութիւններէ։

Գիրքին հիմնական նպատակը արեւմտահայերէնի նորաբանութիւնները հաւաքել, դասակարգել եւ բացատրելն է, նպաստելով լեզուի շարունակական զարգացումին եւ փաստագրութեան։

Գիտաշխատողները կը գործածեն համակարգուած մօտեցում մը

  • իւրաքանչիւր բառ ներկայացուած է իր իմաստաբանական պատկանելիութեամբ,
  • անհրաժեշտ պարագային տրուած են ոճական նշումներ,
  • կը ներկայացուի բառին բացատրութիւնը ըստ գործածութեան համատեքստին,
  • եւ կը բերուին բնագրային օրինակներ եւ սկզբնաղբիւրները։

Այս մեթոտը գիրքը ոչ միայն կը դարձնէ բառացանկ մը, այլեւ գործածական-վերլուծական աղբիւր մը։

Աշխատասիրութիւնը նախատեսուած է լայն շրջանակի համար

  • լեզուաբաններ եւ մասնագէտներ,
  • ուսուցիչներ եւ ուսանողներ,
  • եւ ընդհանրապէս բոլոր անոնք, որոնք հետաքրքրուած են արեւմտահայերէնի բառապաշարի զարգացումով։

«Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ» (Գիրք Բ) կը ներկայացնէ կարեւոր քայլ մը արեւմտահայերէնի պահպանման եւ արդիականացման ուղղութեամբ։ Ան կը վկայէ, որ լեզուն, հակառակ իր վտանգուած վիճակին, կը շարունակէ ստեղծագործել, ընդլայնիլ եւ արձագանգել ժամանակակից իրականութիւններուն։

Այս հատորը ոչ միայն լեզուագիտական ձեռնարկ մըն է, այլ նաեւ վկայութիւն մը կենդանի լեզուի ընթացքին եւ ստեղծագործ ուժին մասին։

Ստորեւ՝ այբբենական կարգով մեր ընթերցողներուն կը ծանօթացնենք այդ 800 բառերը:

Վ.Թ.

ԱԶԱՏԱՏԵՆՉՈՒԹԻՒՆ, գ., Ազատ ըլլալու մեծ փափաք՝ իղձ՝ տենչ, ազատասիրութիւն // Ազատութիւն տենչալը, ազատատենչի յատկութիւնը: Իր բազմաբնոյթ հրապարակումներով «Ազդարար»-ը նաեւ անդրադարձած էր հայ ժողովուրդի լուսաւորութեան, ազգային ինքնաճանաչողութեան եւ հայրենիքի ազատագրութեան հետ առնչուող խնդիրներու լուսաբանութեան՝ միշտ փորձելով ընթերցողներուն մէջ արթնցնել ազգային գիտակցութիւնը, միաժամանակ ամրապնդելով ազատատենչութեան եւ հայրենասիրութեան վսեմ ոգին (Ազդակ, 16 հոկտեմբեր 2021, էջ 4):

ԱԶԳԱՅՆԱՊԱՇՏ, ած., Ծայրայեղօրէն` մոլի ազգասէր, ազգայնամոլ // Ազգայնականութիւնը պաշտող, ազգայնական։ Թիւ երկու, Սայիտ հռչակ վայելած իր գիրքի հրատարակութենէն ետք անտեսած է այն պարագան, որ վերջինս ծառայած է որպէս ազգայնապաշտ հոսանքներու գործիք, շահագործուելով որպէս իմաստասիրական արդարացում շատ մը պահպանողական, հիմնապաշտ կեցուածքներու (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 90)։

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ, 1. գ., ած., Ազրպէյճանի ազգի անդամ՝ ներկայացուցիչ: 2. գ., Ազրպէյճանի մէջ ծնած, այնտեղի բնակիչ // Ադրբեջանի բնակիչ, ներկայացուցիչ: Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութէան լոյսին տակ, ազրպէյճանցիները որոշած են իրենց ձեւով պայքարիլ իրանցիներուն դէմ. Պաքուի մէջ Իրանի դեսպանատան առջեւ դրուած են լուացարանի մէջ անհրաժեշտ սափորներ, որոնք կ’օգտագործուին մաքրելու եւ մաքրուելու համար (Ազդակ, 2 հոկտեմբեր 2021, էջ 8):

ԱԹԵՆԱԿԱՆ, ած., Աթէնք քաղաքին իւրայատուկ՝ ուրոյն, անոր վերաբերող, Աթէնքին մէջ տեղի ունեցող // Աթէնք քաղաքին յատուկ՝ բնորոշ, Աթէնք գտնուած ժամանակ, Աթէնքի մէջ ընթացող: Պրոերեսիոս անունով ճանչցուող Պարոյր Հայկազնի աթենական կեանքը կը պատկերէ այն ապագան, որ Հայկունին պիտի գտնէ Ամերիկայի մէջ (Բագ., թիւ 4, 2020, էջ 67)։

ԱԺԱՆԱԲԱՐՈՅ, ած., Բարոյական արժէքէ զուրկ, սին, բարոյապէս անարժէք // Բարոյազուրկ, ազգային արժէքներէ խուսափող: Երեսուն տարի շարունակ հասարակութիւնը կերակրած ենք աժանաբարոյ դրուագաշարներով, օտարաբոյր երաժշտութեամբ՝ սին ու անիմաստ խօսքերով պարուրուած, սուտերով ու անհեթեթի սահմանները հատող հռետորաբանութեամբ (Ազդակ, 4 հոկտեմբեր 2021, էջ 3):

ԱԼՔԵՄԻՍՏ, գ., Տարրալուծութեան օգնութեամբ սովորական նիւթը՝ առարկան անսովոր՝ բացառիկ դարձնող մարդ, տարրախոյզ// Ալքիմիայով զբաղող մարդ, ալքիմիկոս։ Համաձայն մեծ ալքեմիստ Բիէր տը Պոնիֆասին, ադամանդը կրնար անտեսանելի դարձնել մարդը, եւ հնդկական ակատը կ’ընէր զայն պերճախօս (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 221):

ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆՕՐԷՆ, մկբ., Ակադեմիային՝ գիտութեան ուրոյն՝ յատուկ եղանակով // 1. Ակադեմական ձեւով: 2. Փխբ. Գիտականօրէն։ Այդ գործընթացը սակայն դարձեալ ունի իր խոցելի կողմերը՝ շատերը չէ որ հայերէն աղբիւրներն ու հայերէն վերլուծական արտադրութիւնները ուսումնասիրելու հակումն ունին, ու դեռ նուազ՝ ակադեմականօրէն անշահ այդ լեզուով գրելու (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 56)։

ԱԿԱՆԹԱՆՄԱՆ, ած., Բոյսի մը երկար ցօղունի վրայ քով քովի բացուած սպիտակ ծաղիկներուն պէս, անոնց նման // Ականթի՝ շղթայաձեւ ծաղիկներով արեւադարձային բոյսի մը նման։ Ականթանման գանգուրներով Գրիֆոնետտօ Պագլիոնին նաեւ՝ որ սպաննեց Աստորը իր նորահարսին հետ…. (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 240):

ԱԿՆՈՑԱՎՃԱՌԱՏՈՒՆ, գ., Ակնոցներ շինելու, նորոգելու եւ ծախելու խանութ // Ակնոցներու վաճառքի, պատրաստման եւ նորոգման խանութ։ Մէկուն ակնոցավաճառատունը, միւսին նպարավաճառատունը, երրորդի մը կառատունը, չորրորդի մը աշխատանոցը կամ ճաշարանը եւ այլն (Վրէժ-Արմէն, Ոստայն 16 – Ճարտարապետի մը ծոցատետրէն, Մոնթրէալ, 2021, էջ 66):

ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ, ած., Ահաբեկչութեան՝ ժողովուրդը ահաբեկելով նպատակին հասնելու վերաբերող, անոր յատկանշական // Ահաբեկիչին յատուկ, ահ ու սարսափ տարածող, յառաջացնող: 11 սեպտեմբեր 2001-ի ահաբեկչական յարձակումներէն օրեր առաջ կարելի եղած է Նիւ Եորքի յարձակումներու երկու զոհերու ինքնութիւնը ճշդել ծիներու յայտնաբերման նոր ճարտարագիտութեան շնորհիւ (Ազդակ, 9 սեպտեմբեր 2021, էջ 8):

(շարունակելի)

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x