Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (9)

May 2, 2026

ԱՍՏԻՃԱՆԱՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ, գ., Նոր կարգի՝ աւելի բարձր պաշտօնի շնորհում //Բարձր աստիճանի՝ պաշտօնի շնորհում:  Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ Սկաուտական խորհուրդին, խմբապետական կազմին եւ պասքեթպոլի յանձնախումբին… Այնճարի ՀՄԸՄ-ի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ խմբապետներու աստիճանատուուչութիւն եւ պասքեթպոլի մրցում… (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 3): 

ԱՍՏՂԱԿԱՅԼԱԿ, ած., փխբ. Աստղերէ՝ լուսաւոր աղբիւրներէ հոսող՝ կաթող, վերերկրային //փխբ. Աստղերէ եկող՝ կաթող,  աստղածոր: Անոնք կեանքէն մեծ են։ Մարդկութեան եւ իրենց ժողովուրդին համար չեն տատամսիր հաշիւ պահանջելէ բոլոր աստուածներէն եւ սատանաներէն։ Անոնք հանճարներ են, որոնք աստղակայլակ իրենց խօսքը կ’ըսեն եւ իրենց հմայքին տակ կը պահեն դարե՛րը (Վեհանոյշ Թէքեան, Իբրեւ Որդի եւ Նախահայր):

ԱՍՏՂԱՆԱՒ, գ., Զանազան նպատակներով դէպի տիեզերք՝ երկնային տարածութիւն առաքուած մեքենայ, անջրպետանաւ //Տիեզերանաւ: Կելպի աստղանաւը կը բախի անջրպետի մէջ թափառող անհամար ժայռաբեկորներէն մէկուն եւ կը վթարուի (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 3):

ԱՍՏՈՒԱԾԳԻՏԱԿԱՆ, ած., Աստծուն գիտակ՝ զայն ճանչցող// աստուածագետին յատուկ՝ բնորոշ։ Լեզուի ճշմարտութիւնը ներգոյական ալ չէ, ինքնագոյ, որ հոն ընդմտած ըլլար, ծուարած անոր չես գիտեր ո՛ր բնիկութեան կամ բնակութեան խորշերուն, ըսենք ենթադրեալ մաշտոցեան աստուածգիտական բարբառին, կարծես թէ այդ նախաւորին մէջ, սկզբնապէս միայն կրէր վաւերի անաղարտ լուսապսակը (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 37)։

ԱՍՏՐԱԽԱՆԷ, ած., Գարագուլ տեսակի ոչխարի մորթով կարուած // Կարակուլեան գառնուկի թանկարժէք մորթէ կարուած՝ պատրաստուած, կարակուլ։ Ձեռքերը պահեր էր աստրախանէ վերարկուին գրպաններուն մէջ…. (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատ կերը, Պէյրութ, 1992, էջ 275):

ԱՏԱՄՆԱՓԱՅԼ, ած., Մաքրութենէն փայլփլող՝ շողացող ակռաներ ունեցող//փայլուն՝ փայլող ատամներով։ Ատամնափայլ խափշիկներ հրէշայնօրէն կը դափափէին պղինձէ թմբուկներ…. (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 218- 219): 

ԱՐԱՐԵԱԼ, 1. ած., Աստուծմէ գոյութիւն՝ կեանք ստացած,  ստեղծուած (էակ, մարդ) //Արարուած, ստեղծուած։ 2. գ., փխբ. Արարուած (էակ), մարդ։ Մարդը դարձաւ մահկանացու։ Մահուան այս ժառանգութիւնը խզեց կապը Արարողին եւ Արարեալին միջեւ (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 211)։

ԱՐԳԵԼԱՓԱԿՈՒՄ, գ., Նպատակի մը համար մարդոց գործունէութեան ծիրը սահմանափակելը // Մեկուսացում: Համաճարակի բոլոր արգելափակումներով եւ ֆիզիքական հեռաւորութեամբ, միլիոնաւոր մարդիկ իրենց անձին տրամադրելու շատ ժամանակ ունեցան (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 5):

ԱՐԳԻԼԵԱԼ, ած., Օրէնքով արգիլուած, իրաւունքի զանցումով  ձեռք ձգուած //Չարտոնուած: Եթէ Ազրպէյճանի դէմ մեղադրանքները ընդգրկած են Արցախի հայկական հողերուն շուրջ 75 առ հարիւրին գրաւումը, շէքներու կործանումը, արգիլեալ զէնքերու գործածութիւնն ու ահաբեկիչներու ռազմադաշտ բերուիլը, այդ մասին ինչո՞ւ լուռ մնացին հաղորդումները (Ազդակ, 20 Հոկտեմբեր 2021, էջ 3):

ԱՐԴԻԱԿԱՆԱՑՈՒՄ, գ., Մեքենաներու կազմածի փոխարինումը նոր՝ արդի կազմածով // Արդիական դարձնելը, նորացում, թարմացում: Անցեալ ամիս Թուրքիան նամակ յղած էր՝ խնդրելով 40 «Էֆ-16» օդանաւ եւ 80 արդիականացման հաւաքածոյ (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 8): 

ԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, գ., Արդիւնաբերական՝ հում նիւթը մշակելով նոր իր արտադրող ըլլալը // Արդիւնաբերական դարձնելը՝ լինելը, արդիւնաբերացում: Հակառակ որ առաջին պետութիւնն ենք որ Քրիստէութիւնը ընդունեցինք, չպաշտպանուեցանք։ Պատերազմ ու պատերազմ։ Ծնունդ ու ոճիր։ Գիւտ ու աղէտ։ Համաշխարհային պատմութիւն եւ ազգային պատմութիւն… Մանրանկար ու ժայռակերտ տաճար… Չարը, Բարին, Գեղեցիկը։ Բնազանցութիւն, Գոյապաշտութիւն, Արդիւնաբերականութիւն, քարայրի մէջ մոմեր ու շուքեր։ Անշուշտ նաեւ այժմ ու միշտ ու յաւիտեան՝ Ապրիլ Քսանչորս (Վեհանոյշ Թէքեան, Բարեկամ՝ Անունը Տաղանդ):

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x