Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (8)
April 30, 2026
ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄ, գ., Չորս կողմէն փակուած՝ գոցուած ճամբայ մը կամ վայր մը բանալը, անոնց դուրսի հետ խզուած կապերը վերականգնելը // Շրջափակման վերացում: Անդրկովկասի մէջ փոխադրամիջոցային ուղիներու ապաշրջափակման ուղղուած եռակողմ աշխատանքային խումբը՝ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետներու ձեւաչափով, կը շարունակէ աշխատիլ (Ազդակ, 2 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):
ԱՊԱՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ, ած., Հանրութիւնը թիւրիմացութեան մէջ ձգելու՝ խաբելու նպատակով իրականութիւնը նենգափոխելուն վերաբերող //Իրականութեան նենգափոխմանն ուղղուած լրատուութիւն: «Այս անմիջական սպառնալիքէն պաշտպանուելու համար անհրաժեշտ են ժամանակաւոր միջանկեալ քայլեր», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ Հայաստանը նաեւ կը շարունակէ ատելութիւն եւ բռնութիւն հրահրել ազրպէյճանցիներուն դէմ՝ ապաստան տալով զինեալ խումբերու եւ ֆինանսաւորելով կամ աջակցելով ապատեղեկատուական գործողութիւններուն (Ազդակ, 19 Հոկտեմ բեր 2021, էջ 8):
ԱՊԱՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ, գ., Հանրութիւնը թիւրիմացութեան մէջ ձգելու՝ խաբելու նպատակով փաստերը նենգափոխելը, զանոնք չարափոխելը // Իրականությունը նենգափոխող տեղեկատուութիւն:Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տարածեց ապատեղեկատուութիւն մը, ըստ որուն, 1 Յունիսի երեկոյեան, 40 Հայ զինուորներ հատած են Ատրպէյճանի սահմանը… (Ասպարէզ, 5 Յունիս 2021, էջ 9):
ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹԱԲԱՐ, մկբ., Առաջնահերթօրէն, հրամայականօրէն // Առաջնահերթ ձեւով, անհրաժեշտաբար: Մխիթարեան հայրերն էին, որ առաջնահերթաբար պիտի մխրճուէին բանասիրութեան մէջ, ապա այլք, եւ այսպէս պիտի ծագէր ու տարածուէր «նոր-հայկականութիւն» մը, այլ խօսքով՝ սկսէր ազգին ազգայնականացումը (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 180)։
ԱՌԱՍՏԱՂԱԶՈՒՐԿ, ած., փխբ. Ունենալիք ազդեցութիւնը առանց նկատի ունենալու եղած յայտարարութիւն, կատարուած գործողութիւն // փխբ. Անհիմն: Երկար ժամանակէ ի վեր փոխադարձ եւ առաստաղազուրկ յայտարարողական յարձակումները գետնի վրայ թարգմանուեցան պատերազմը յիշեցնող գործողութիւններով, փոքր եւ կիսածանր զէնքերու գործածութեամբ, նահատակներու եւ վիրաւորներու արձանագրութեամբ (Ազդակ, 16 Հոկ տեմբեր 2021, էջ 1):
ԱՌԱՐԿԱՅԱԲԱՐ, մկբ., Առանց անձնական համակրանքն ու հակակրանքը նկատի ունենալու, իրապաշտօրէն // առարկայական ձեւով: Գեղեցկութիւնը մարդոց կողմէ յաճախ կը դիտուի ենթակայական տեսակիւնէ եւ ոչ առարկայաբար (Յ. Չոլաքեան, ԼԵԶՈՒ ԵՒ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, https://www.facebook.com/hagop.cholakian.9)։
ԱՌՀԱՒԱԿԱՆ, ած., Նախահայրերէն ժառանգած յատկութիւններուն, հոս՝ համոզումներուն յատուկ, անոնց վերաբերող //Նախնիներէն ժառանգած: Արդարեւ, երկու համաշխարհային պատերազմներու միջեւ ժամանակաշրջանին զարգացած էր բանաստեղծներու, գրագէտներու խումբ մը, որ… ընկերային արդարութեան առնչուող գաղափարաբանութիւն մը որդեգրելով հանդերձ, խորքային կերպով կնքուած էր յունական ազգային գաղափարներու հանդէպ առհաւական հաւատքով (Ազդակ, 4 Հոկտեմ բեր 2021, էջ 3):
ԱՌՈՒԱԿՈՒՄ, գ., Համակարգչային ցանցով տեղեկութիւններու (ձայնագրութիւններու եւ տեսանիւթերու) անընդհատական փոխանցում՝ հոսում (streaming)//Ցանցային եղանակով տեղեկութիւնների հաղորդում: Փորձեր կան նաեւ անցեալի յաջող բեմադրութիւններ յարմարեցնելու առցանց ցուցադրութեան: Այդ կը կոչուի առուակում (հոսք) (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 3):
ԱՌՑԱՆՑ, գ, Համացանցի կամ այլ կապի միջոցով կատարուող, այդ եղանակով իրագործելի //Համակարգչի կամ կապի այլ միջոցով իրագործելի (online): Փորձեր կան նաեւ անցեալի յաջող բեմադրութիւններ յարմարեցնելու առցանց ցուցադրութեան (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 3):