Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (7)

April 27, 2026

ԱՇԽԱՏԵԼԱՁԵՒ, գ., Աշխատելու՝ գործ մը ընելու ձեւը՝ եղանակը //աշխատելու ձեւը՝ եղանակը, աշխատաձեւ: Խնդալով, կատակելով, մեր աշխատելաձեւին եւ կենցաղին մասին տարրական տեղեկութիւններ փոխանցելով հասած էինք, աւելի ճիշդը՝ հասցուցած էի այն միջանցքները, ուրկէ փսփսալով կ’անցնին, ոչ թէ որպէսզի չխանգարեն անկողնին մէջ սաւանին նոյնացած ոսկրագունդը, այն իբրեւ եարգանք անոր վերջին ոտնաձայներէն կախուած մոռցուելիք անցէալին (Պարութճէան Նորա, Զէրօ (2016- 2021), Երեւան, Լուսակն, 2022, 80 էջ (էջ 32): 

ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ, ած., Ներքին քաղաքականութէան եւ պետութիւններու միջեւ յարաբերութէան վրայ աշխարհագրութէան ունեցած ազդեցութեանը վերաբերող, անոր յատուկ //աշխատհաքաղաքականութեանը յատուկ: Արդարեւ, ճակատագրական պայմաններու մէջ կերտուած Հայաստանի անկախութիւնը ահաւոր տագնապներ դիմագրաւեց եւ աշխարհաքաղաքական պարտադրանքներու հետեւանքով Հայաստանը կորսնցուց իր անկախութիւնը (Ասպարէզ, 5 Իւնիս 2021, էջ 3):

ԱՇԽԱՐՀԻԿԱՆԱԼ, չբ., Աշխարհի՝ նիւթականի մէջ մարմին առնել, մարմնանալ, մարդանալ // Իրական՝ նիւթական դառնալ: Հարիւրաւոր էջերու երկայնքին՝ Օշական ուրեմն այդտեղ կը գրէ վիպագիրի ծնունդին Աւետումը, որպէս աշխարհիկացած Մեսիայ կամ Դերաքրիստոս (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 165):

ԱՊԱԳԱՅԱՍԼԱՑ, ած., Կորովով՝ եռանդով լաւ ապագայ մը  կերտելուն միտուած //դէպի ապագան սլացող՝ ուղղուած: Վեհափառ Հայրապետը 2008-ին ապագայասլաց պատգամով Միւռոնօրհնութեան պահուն երիտասարդութիւնը զգաստութեան կը հրաւիրէր՝ ըսելով. «արթուն կաց հայ երիտասարդ. …. է (Զարթօնք,  Կիրակի, 10.07.2022)

ԱՊԱԳԱՅԱՏԵՍԻԼ, ած., Ծաղկուն ապագայի ակնկալիքով՝  յոյսով ապրող, անոր ձգտող, անոր համար ճիգ թափող //ապագան  տեսնող, դէպի ապագան նայող: Այս տարի տեսիլքի ու յոյսի իւղն է որ կ’օրհնուի ու կը պատրաստուի երախաները Աստուծոյ որդիներ եւ մարդը ապագայատեսիլ երկնախօս արարած դարձնելու (Զարթօնք, Կիրակի, 10.07.2022): 

ԱՊԱԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ, գ., Իմաստութէան` իմացականութեան դէմ ըլլալը, այն իր գործունէութեամբ ժխտելը //իմացականութեան դէմ ըլլալը, զայն ժխտելը: Չափազանց շահագրգռական են Բատայլի մօտ (որպէս բնանիւթ կամ որպէս յատկանիշ) սրբազնութեան երկակիութիւնը, կատարեալ հակաիդէապաշտութիւնը,  քաղաքական գործունէութեան իմաստին ապաիմաստութէան շուրջ վարանումներն ու վերիվայրումները, հեգելէան փիլիսոյփայութեան քննադատութիւնը… (Մ.Ն., 2015, էջ 18):

ԱՊԱԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄ, գ., Կազմալուծում, քայքայում, փլուզում, ամբողջականութեան խախտում // Ապաիրագործելը, չիրագործելը, իրագործման խափանումը: …պատահար, որ պիտի կրնար յառաջ բերել աշխարհի տեսակ մը ընդհանրացած ապաիրագործումը (Գրիգոր Պըլտեան, Սարգիս Խաչենց, ՓՐԻՆԹԻՆՖՈ, «Իմացոթիւն գրադարան», Անտարես, 2017, էջ 135):

ԱՊԱԿԵԴՈՒՌ, եր եւ ներ, գ., Ապակիէ շինուած կամ ապակիէ  մակերես ունեցող դուռ //ապակիներով պատուած՝ ապակիէ դուռ: «Ահռելի է», մրմնջեց ինքնիրեն, թալեց դէպի ապակեդուռը ու բացաւ զայն: (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ,  1992, էջ 150)

ԱՊԱՀԱՅԵԱՑՆԵԼ, բ., Հայութենէ՝ հայկական սովորութիւններէ  օտարացնել, ապազգայնացնել, ուծացնել //ազգային՝ հայկական  ինքնութենէ զրկել: Ազգային ինքնութեան առողջ պահպանումը համաշխարհայնացման ապահայեացնող հոսանքներուն դիմաց՝ դառնայ առաջնահերթ նախանձախնդրութիւն (Ասպարէզ, 5 Յունիս 2021, էջ 24):

ԱՊԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅՆԱՑՈՒՄ, գ., Մշակութային արժէքներէ  հեռանալը՝ օտարանալը, մշակութային մակարդակի իջնելը //մշայկոյթի նենգափոխումը՝ վերացումը: Տեղւոյն վրայ ձեր ճանչցած ֆրանսահայ, ամերիկահայ տարեկիցներուն մօտ, ճիշդ է, դուք հաստատէր էիք հայեցի այն ապամշակութայնացումը, որուն կը սպասէիք. լեզուական-մշակութային խորթացումը, որուն հեռակայ ծանօթացումը ունեցած էիք` երէցներու ողբագին ահազանգումներուն մէջէն (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 19):

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x