Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (46)
September 18, 2026
ՄԵԾԱԳԱՂՈՒԹ, գ., Հայահոծ գաղութ: Եւ [Վահէ Օշական] յիշատակովը իր մէկ ցնցիչ, կենարար գործին, որուն կշիռքով կշռուեցաւ այդ մեծագաղութը, եւ… թեթեւ գտնուեցաւ (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 22)։
ՄԵԾԱԽՆԱՄ, ած., Մասնաւոր ուշադրութեամբ՝ վարպետօ րէն եւ հմտօրէն մշակուած, հոս՝ կարուած։ Մեծախնամ համազգեստներով երեք երիտասարդներ, հան դիսաւոր շարժուձեւերով, կարկանդակ կը հրամցնէին հրաւիրեալներուն (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 317):
ՄԵԿՆԱԳԷՏ, գ., Գրութեան մը գաղտնի՝ քողարկուած իմաստը լուսաբանելու մէջ հմուտ գիտնական։ Եւ բաւական է որ հասկցուինք այդ կէտին շուրջ, ինքը՝ փիլիսոփայ, բանասէր, մեկնագէտ, թարգմանիչ, եւ ես՝ ոչինչ…. որպէսզի հասկցուինք ընդհանրապէս (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 125)։
ՄԵՌԵԼԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ, գ., դիպվ., Հանգուցեալներու եւ մահուան առեղծուածի ու խորհրդաւորութեան նկատմամբ ուժգին սէր, բուռն կիրք։ Պարոքը յատկանշող պատկերային յորդումին կ’ընկերակցի ի հարկէ շեշտուած ճաշակ մը դէպի մեռելայինը, մահուան բուրումը, մեռեալ մարմնի ներկայացումը, թատերական համեմատութիւններու հասցուած մեռելասիրութիւնը (Մ.Ն., 2015, էջ 52-53)։
ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ, գ., Որեւէ ասպարէզի մէջ նշանակալի ձեռքբերումի մը՝ յաջողութեան մը առթիւ շքադրամի՝ մետալի արժանացած (անձ): Հայաստանի ներկայացուցիչ, Եւրոպայի մեծերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի երիտասարդական ախոյեան Լիանա Գիւրջեան (81 քկ) նուաճեց…. Եւրոպայի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան ախոյեանի կոչումը (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 7):
ՄԻԱՀԵԾԱՆՕՐԷՆ, մկբ., Առանց բացառութիւններու, միակերպ, միաձեւ, միօրինակ: Յետպատերազմեան նոր ստեղծուող միջազգային համակարգը միահեծանօրէն կը հետեւէր գաղափարական այս ուղիին (Բագ., թիւ 3 2020, էջ 64)։
ՄԻԼԻԱՌԱՏԷՐ, ած., Հազար միլիոնէ աւելի դրամ ունեցող, խոշոր հարստութիւն ունեցող: Ֆինին, որ իր գումարին մեծ մասը գաղտնի տրամադրած է, յոյս յայտնեց, որ աւելի շատ միլիառատէրեր կը հետեւին իր օրինակին եւ իրենց դրամները կը յատկացնեն աշխարհի ամէնէն մեծ խնդիր ներու լուծման (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 4):
ՄԻՋԳԱՒԱՌԱԿԱՆ, ած., Մէկէ աւելի գաւառներու մէջ տարածուած։ «Միջգաւառական անեքթոտներ» [գիրքի վերնագիր])։
ՄԻՋԳՈՐԾՕՆԱՅԻՆ, ած., Փոխադարձաբար իրարու վրայ ազդեցություն ունեցող, մէկը միւսը ամբողջացնող։ Հայ-իսլամական միջգործօնային (interactive) պատմութիւնը կարեւոր մէկ մասը կը կազմէ հայոց մերձաւոր-միջինարեւելեան պատմական փորձառութեանց …. (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 5):
ՄԻՋԳՈՐԾՕՆՈՒԹԻՒՆ, գ., Երկու կամ աւելի կողմերու միջեւ եղած աշխոյժ՝ ներգոծուն կապ, փոխադարձաբար մէկուն միւսով պայմանաւորուած ըլլալը։ Իրողապէս հայոց պատմական եւ մշակութային զարգա ցումն ու գոյատեւումը ուղղակիօրէն առնչուած են իրենց ունեցած ուժական միջգործօնութեանց (interaction) եւ ոչ թէ պատեանային գոյութեան…. (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 5):
ՄԻՋԵՒՈՒԹԻՒՆ, գ., դիպվ., Իրարմէ հեռու՝ զատուած երկու կամ աւելի անձերու միջեւ գտնուելով՝ անոնց մէջ կապ ստեղծելը։ Այժմ կ’առաջադրուին թատերական կատարման եւ ընկալման նոր, վիճելի ըմբռնումներ: Անոնցմէ մէկն է «միջեւութիւնը»: Երկխօսու թիւն կատարող դերակատարները կը նային քամերային, այսինքն՝ հանդիսատեսին (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 3):
ՄԻՋԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ, ած., Զանազան երկիրներու երեսփոխանական ժողովներու ներկայացուցիչներէ բաղկացած։ Կողմերը կարեւոր նկատած են Հայաստան-Ար ցախ միջխորհրդարանական յանձնախումբի ձեւաւորումը…. (Ազ դակ, 16 Հոկտեմբեր 2021, էջ 2):
ՄԻՋԿՐՕՆԱԿԱՆ, ած., Միեւնոյն ժամանակ մէկէ աւելի կրօն ներու կամ անոնց հաւատացեալներու յարաբերութիւններուն առն չուող։ Աշխատութիւնը նոր էր եւ անհրաժեշտ՝ ոչ միայն հայոց պատմութեան, այլ նաեւ արաբագիտութեան, արեւելագիտութեան եւ միջկրօնական գիտու թեանց (Interfaith Studies) համար (Ազդակ, 2 Հոկտեմբեր 2021, էջ 4):
ՄԻՋՄԱՐԶԱՅԻՆ, ած., Հաւասար չափով մէկէ աւելի գիտու թիւններու առնչուող, գիտական զանազան ճիւղերու մէջ գործակ ցութիւն ստեղծող։ Ճիշդ է, որ անցեալ տասնամեակներուն լոյս տեսան կարգ մը, այսպէս կոչուած, «միջմարզային» (interdisciplinary) աշխատութիւններ, մանաւանդ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ…. (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 5):
ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ, գ., Երկու իրերու միջեւ միջնորդ՝ կապ ըլլալու պարագան, հոս՝ անոնց մէջ ուղղակի կապի բացակայութիւն։ Գրաւոր խօսքը, գրաւոր խօսքին անհուն մինջնորդուածութիւնը Բլանշոյին հետ հանդիպումէն ետք ասպարէզ պիտի գային իր մօտ (Մ.Ն., 2015, էջ 13)։