Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (43)
September 2, 2026
ՀՈԳԵՔԱՆԴԱԿ, գ., Մարդու հոգիի կատարեալ՝ ամբողջական ձեւ առած՝ վարպետօրէն մշակուած մարմնաւորումը // 1. Հոգեկան կերտուածք: 2. փխբ. Ստեղծագործական սկզբունք(ներ): Ասոնցմէ էր քսաներորդ դարուն սկիզբը, հայ բանաստեղծութեան կամարին վրայ իր շքեղ հոգեքանդակը դրած քերթողը՝ Դանիէլ Վարուժան (Վեհանոյշ Թէքեան, Իբրեւ Որդի եւ Նախահայր):
ՀՈՂԱՀԱՒԱՔ, գ., Հայրենիքի՝ մայրենի հողի գրաւուած գիւղերն ու քաղաքները ազատագրելը։ Դաշնակցական հասկացողութեամբ, սփիւռքը ժամանակաւոր երեւոյթ է, քանի որ ՀՅԴաշնակցութեան նպատակը հողահաւաքի եւ հայահաւաքի իրականացումն է (Ազդակ, 16 Հոկտեմբեր 2021, էջ 3):02։
ՀՌԵՏՈՐԱԲԱՆԱԿԱՆ, ած., Ճարտասանական, հոս՝ երկիրի մը որդեգրած քաղաքական գծի արտայայտելուն՝ յայտնելուն վերաբերող //Հռետորական խոսքին յատուկ, ճարտասանական։ Դասախօսը իր զեկուցումը բաժնեց երեք մասի. առաջին՝ յետնոյեմբերեան ժամանակահատուածին Թուրքիոյ արձանագրած հռետորաբանական փոփոխութիւնը…. (Ազդակ, 2 Հոկտեմբեր 2021, էջ 2):
ՀՌԵՏՈՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ, գ., Գեղեցիկ, ազդեցիկ եւ համոզիչ խօսելու հմտութիւն, ճարտասանութիւն: 2. փխբ. Սնամէջ՝ անիմաստ պերճախօսութիւն // փխբ. Գեղեցիկ, ազդու, բայց անբովանդակ՝ դատարկ խօսք՝ ճառ։ Երեսուն տարի շարունակ հասարակութիւնը կերակրած ենք…. սուտերով ու անհեթեթի սահմանները հատող հռետորաբանութեամբ (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 3):
ՀՌՈՄԵԱՆ, ած., Հռոմ քաղաքին պատկանող, անոր վերաբերող: Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթա րեան հռոմեան կազմին հետ այս մրցումին իր մասնակցութիւնը չբերաւ (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 7):
ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԱԿԱՆ-ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԱՅԻՆ, ած., Զօրքին մէջ սպայի աստիճան ունեցողներու խումբին՝ կազմին վերաբերող, անոնց համար կազմակերպուած: …. Հրամանատարական-սպայակոյտային ռազմափորձերը կը կատարուին կապի եւ կողմնորոշման տարատեսակ միջոցներու լայնածաւալ կիրարկումով (Ազդակ, 20 Հոկտեմբեր 2021, էջ 8):
ՀՐԱՇԱՔԱՂԱՔ, գ., Սքանչելի՝ նմանը չունեցող քաղաք՝ ոստան // Հրաշալի՝ հրաշքներով լեցուն քաղաք: … Փնտռէ ծովամոյն եղած հրաշաքաղաքին հետ դարեր առաջ թաղուած եօթը դիւցազուններուն եօթը երգերը (Բագին, 2010, 1, էջ 4):
ՀՐԷՇԱՅՆՕՐԷՆ, մկբ., Հրէշի պէս, վայրագօրէն, հրէշաբար: Ատամնափայլ խափշիկներ հրէշայնօրէն կը դափափէին պղինձէ թմբուկներ…. (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 218- 219):
ՁԱՅՆԱՆԱԼ, բ., Երեւոյթէ մը ներշնչուիլ, անոր ձայնը՝ արձագանգը դառնալ // Ձայն դառնալ, նիւթական ձեւաւորում ստանալ: Իր ծննդավայր Բրգնիկէն Պոլիս, յետոյ Վենետիկ, Պելճիքա, յետոյ դարձեալ գաւառ եւ Պոլիս դարձեալ, այս քնարակիրին ամենէն տոկուն լարը՝ մարդկային հոգիի տառապանքէն կը ձայնանայ (Վեհա նոյշ Թէքեան, Իբրեւ Որդի եւ Նախահայր):
ՁԵՒԱՉԱՓ, գ., Որոշ կերպ՝ եղանակ՝ ձեւ ունենալը, յստակ նկարագիր ունենալը։ Նոր ձեւաչափի թատրոնը պիտի ունենայ կատարումի նոր ըմբռնումներ, բայց կանուխ է այդ մասին հաստատումներ կատարելու (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 3):
ՁԵՒԱՌԻԿ, ած., Իրեն յատուկ սկզբնական ձեւը կորսնցուցած, անսովոր, արտառոց դարձած // Իր ձևը կորցրած, իր ձևից՝ կերպարանքից զրկված։ Քեզ կը ձեւափոխէ, քեզ կը ձեւազրկէ, ձեւառիկ ցաւագարի մը կը վերածէ (Պարութճեան Նորա, Զէրօ (2016- 2021), Երեւան, Լուսակն, 2022, 80 էջ (էջ 49) )։
ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ, ած., Արցախի պետութեանը (Ղարաբաղ) եւ անոր բնակիչներուն առնչուող, անոնց վերաբերող // արցախեան։ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին անդրադարձած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման ու Ռուսիոյ դերակատարութեան (Ազդակ, 16 Հոկտեմբեր 2021, էջ 8):
ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԻՑ, ած., Նոյն ճակատագիրը՝ բախտը ունեցող, նոյն փորձութիւններուն ենթարկուած: Կը մատնեն հայութեան ցաւերով տագնապող ճակատագրակից ժողովուրդի մը գոյութիւնը (Բագին, 2010, 1, էջ 73):