Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (42)
August 31, 2026
ՀԵՌԱԳՐԱԿԱՆ, ած., Հեռագիրի տողերուն պէս համառօտ՝ սեղմ եւ քիչ մը չոր ու գործնական: Եթէ կանգ չառնէք լսելու համար, տողերը կը շփոթէք օրաթերթի լուրերուն հետ եւ կանգ կ’առնէ մտերիմ զրոյցը: Բանաստեղծական հեռագրական տողերը յաճախուած են սկիզբի եւ վերջի հարցականներով (Բագին, 2011, 1, էջ 56):
ՀԵՌԱՅՈՒՇԱՐԱՐ, գ., Հրապարակաւ հանդէս եկող անձի ելոյթի բնագիրը յուշող՝ յիշեցնող պաստառ՝ թուղթ կամ որեւէ այլ եղանակ։ Այնուամենայնիւ, Փաշինեան իր ելոյթը կարդալու համար խելամտօրէն օգտագործեց հեռայուշարարը, որ շատ աւելի հետաքրքրական դարձուց դիտումը…. (Ասպարէզ, 30 Սեպտեմբեր, 2021, էջ 3):
ՀԵՐԹԱԲԱՐ, մկբ., Որոշ յաջորդականութեամբ, մէկը միւսի ետեւեէն, կարգով // Հերթականօրէն, հերթով։ Սէուտական, ինչպէս նաեւ քուէյթեան արտաքին գործոց նախարարութիւնները հերթաբար իրենց քաղաքացիներուն թելադրեցին խուսափիլ Լիբանան այցելելէ ապահովական նկատառումներով (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 2):
ՀԶՕՐԱՆՔ, գ., Ուժ, աւիւն, եռանդ եւ կորով, թափ // Հզօրութիւն, ուժ։ …. Մեզի հանդէպ դրական տրամադրութիւներ կան միջազգային շրջանակներու մէջ, պէտք է յաւելեալ հզօրանքով լարել մեր դիւանագիտական եւ իրաւագիտական մկանները՝ յաւելեալ գետին նուաճելու համար (Ազդակ, 20 Հոկտեմբեր 2021, էջ 3):
ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐ, գ., Երեւոյթի մը (հոս՝ պետութեան) առաջընթացը՝ զարգացումը խոչընդոտող գլխաւոր՝ էական հարց՝ պարագայ, անոր գոյութեան սպառնացող ուղղակի սպառնալիք՝ վտանգ //Հիմնական՝ գլխաւոր խնդիր, հիմնահարց։ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու ղեկավարները շնորհակալութիւն յայտնած են հանդիպումի նախաձեռնութեան համար, ներկայացուցած ներքին ու արտաքին հիմնա խնդիրները…. (Ազդակ, 16 Հոկտեմբեր 2021, էջ 2):
ՀԻՄՆԱՆԻՒԹ, գ., Որեւէ նիւթի՝ իրի առանցքը՝ միջուկը, ան որմէ կը բխին եւ որուն կը շուրջը կը պտըտին նիւթին բոլոր միւս տարրերը՝ մասերը։ Բնականաբար՝ իսկական համակարգումը տեղի կ’ունենայ Համապատկերի ծրագիրով, քանի որ ասոր հիմնանիւթն իսկ պատմական է (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 17)։
ՀԻՄՆԱՎԱՅՐ, գ., 1. Հիմնական՝ գլխաւոր վայր: 2. փխբ. Նիւթ մը քննելը նկատի ունենալով զայն ստեղծող՝ յառաջ բերող բոլոր պարագաները: Մերձաւոր-միջինարեւելեան կը
նշանակէ, այսպէս կոչուած, «հայկական բաները» դիտել, վերլուծել եւ պատմականացնել ըստ իրենց աշխարհագրական, քաղաքական եւ պատմական հիմնավայրին՝ (context), որ է Մերձաւոր-Միջին Արեւելքը եւ ոչ միայն «Հայաստանը» (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 5,6): – էջ 5
ՀՄԱՅՔԱԹԱՓ, ած., Հրապոյրը՝ կախարդանքը՝ թովչանքը կորսնցուցած, հմայաթափ: Հիմա այնտեղ բակին մէջ փակ / Խնձորենին է մնացած / Հմայքաթափ կարոտաբաղձ / Մեծ մօր մը պէս մե կուսացած …… (Թ. Ի. Ե., Ե., 2021, էջ 154):
ՀՈԳԵԽՈՑ, գ., Մարդու հոգին տակն ու վրայ ընող՝ ալեկոծող տառապալից՝ մղձաւանջային եւ սոսկալի փորձառութիւն: «Ամէն մարդ կը խորհի որ trauma-ն (հոգե խոցը) արխիւ կը պահանջէ… արխիւը ինքն է նոյն այն հոգեխոցը, զոր ան կը փորձէ լուծել», առնուած Rebecca Comay-ի Lost in the Archives (Արխիւներուն մէջ կորսուած) հատորի յառաջաբանէն, Alphabet City, Թորոնթօ, 20
ՀՈԳԵԽՈՑԻՉ, ած., Մարդու հոգին տակն ու վրայ ընող՝ ալեկոծող // Հոգին խոցող։ Անոնք կը սերին հոգեխոցիչ կրկնակի փորձառութենէ մը. առաջինը՝ երկրին խորտակումն է, երկրորդը՝ յանկարծակի վայրասուզումը արեւմտեան յորձանքներու մէջ (Գրիգոր Պըլտեան, Սարգիս Խաչենց, ՓՐԻՆԹԻՆՖՈ, Իմացոթիւն գրադարան, Անտարես, 2017, էջ 41)։
ՀՈԳԵԽՈՑՈՒՄ, գ., Իբրեւ հետեւանք սոսկալի փորձանքի մը՝ մարդու հոգիին ուժգին ալեկոծումը, բուռն խռովքը // հոգեկան վերք պատճառելը։ Պէյրութահայ կեանքի մեզ հետաքրքրող ժամանակներուն հայրենազրկութիւնը, գաղթականութիւ նը, որբութիւնը, հարազատներու կորուստը, հոգեխոցումը մեծապէս ներկայ, տեսանելի, զգալի եւ շօշափելի երեւոյթներ էին (Բագ., թիւ 3 2020, էջ 66-67)