Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (41)

August 26, 2026

ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ, գ., Ճոխ եւ շքեղ հանդիսութիւն մը՝  տօն մը գլխաւորելը, այն իր ներկայութեամբ փառաւորելը։ Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ…. հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին…. կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով (Ասպարէզ, 5 Յունիս 2021, էջ 17)

ՀԱՆԴԻՍԱՎԱՐ, գ., Առիթով մը կազմակերպուած հանդիսաւոր հաւաքոյթի կանոնաւոր ընթացքը ապահովող անձ // Հանդիսու թիւնը վարող (անձ)։ Օրուան հանդիսավարը յայտնեց, որ ձեռնարկը կազմակերպուած է Արցախի Ուշուի ֆետերասիոնը…. (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 4): 

ՀԱՆՐԱԳԻՏԱՐԱՆԱՅԻՆ, ած., Համայնագիտարաններուն յատուկ, անոնց բնոյթն ու նկարագիրը ունեցող։ Սակայն արաբական փիլիսոփայութեան ծանօթ մէկու համար պարզ էր, որ Երզնկացիի 40  էջնոց փոքր ձեռագիր…. ամփոփումն էր տասներորդ դարուն Պասրայի մէջ խումբ մը գիտնականներու չորս հատորանի հանրա գիտարանային գործին (Ազդակ, 2 Հոկտեմբեր 2021, էջ 4):

ՀԱՍՏԱՏԵԼԻ, ած., Ստոյգ, անտարակուսելի, աներկբայելի։ Մեր ազգի պարզած ներկայի անմխիթար իրականութեան մէջ, ուր գրեթէ ամէն ճակատի վրայ հաստատելի են տեղատուութիւնը, նահանջն ու համատարած յուսաբեկութիւնը, իսկապէս մխիթարութեան նշոյլ մը կը բերէ հայ մարդու որեւէ նախաձեռնութիւն…. (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 4):

ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵՆԱԿԱՆ, ած., Հաստատունութեանը յատուկ՝ բնորոշ, հաստատունութեան։ Ընկերային արարում մըն է կատարուածը, պատկերին հաստատութենական այլակերպումը (Մ.Ն., 2015, էջ 44-45)։

ՀԱՏՈՒՄԱՅՆՈՒԹԻՒՆ, գ., Ընկերութեան զանազան խաւերու՝  ազգային, ցեղային, սեռային եւ այլ խտրականութեան խնդիրներու  հետ առնչուիլը։ Օրին ապակառուցում հոլովեր ես, հիմա քննադատողական տեսութիւն կը կարդաս, կը բարկանաս, կը զարմանաս, հատումայնութիւններ (intersectionalities) եւ անոնց մասերն ու ճուտերը կը փորձես համադրել եւ չխճճուիլ գաղափարախօսական մտասեւեռումներու թնճուկին մէջ…. (Բագ., թիւ 3  2020, էջ 78)։ 

ՀԱՏՈՒԱԾԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ, գ., Կողմնապաշտութիւն, մեծամասնութեան օգուտը անտեսելով պզտիկ խումբի մը (հոս՝ քաղաքական կուսակցութեան մը) շահերը գերադաս նկատելը, անմիաբանութիւն։ Աւելի եւս կը մերժենք հատուածապաշտութիւնը երկրի մը մէջ, որուն սահմանադրութիւնը յստակօրէն կը նշէ, որ երեսփոխան մը ազգին երեսփոխանն է եւ ո՛չ երկրին բաղկացուցիչ հատուածի մը (Զարթօնք, Շաբաթ, 23. 04. 2022) 

ՀԱՐՑԱԴՐԱԿԱՆ, ած., Երեւոյթ մը, ստոյգ՝ հաւաստի համարուող միտք մը խնդրականացնող՝ քննող։Հարցադրական այդ մօտեցումներուն մէջ ամէնէն տպաւորիչը հաւանաբար Վալտեր Բենիամինին կը պատկանի (Մ.Ն., 2015, էջ 32)։

ՀԱՒԱՍԱՐԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ, գ., Քաղաքականութիւն որ ընկերութեան անդամներու հաւասար իրաւունքները գերակայ, անկապտելի արժէք կը համարէ (egalitarianism): Ան (արեւելասիրութիւնը) այսօր կու գայ զգեստաւորուած…. տիրական տեսութիւններու պատմուճանով՝ յետգաղութարարական տեսութենէն հաւասարապաշտութեան ու խտրականութեան տարբեր կիրարկումները եւ անոնց խաչաձեւման գօտիները «էլիտար» լեզուով (Բագ, թիւ 2-3  2021, էջ 56)։

ՀԱՒԱՏԱԴՐԺՈՂԱԿԱՆ, ած., Համոզումը՝ դաւանանքը ուրացող, զայն մերժող կամ անտեսող։ Սէյիտ Նասրալլա բացայայտօրէն…. Սամիր Ժահժահը պատասխանատու նկատեց Թայյունէի դէպքերուն՝ ընդգծելով, որ Հըզպալլայի պայքարը Իսրայէլի եւ հաւատադրժողական ծրագիրին դէմ է (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 2):

ՀԱՒԿԹԱԾԻՐ, ած., Հաւկիթի կոր շրջագիծի ձեւը ունեցող, անոր եզրագիծին նմանող։ Հաւկթածիր ու ծանր կոպերով այդ աչքերը ունէին կարծես անսովոր նայուածք մը իր վրայ (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 235)

ՀԵԶԱՍԱՀՕՐԷՆ, մկբ., փխբ. Առանց ուշադրութիւն գրաւելու՝ առանց կռուի ու տարաձայնութեան, աննկատօրէն։ Եւ ահա Հայաստանի իշխանաւորները կը յայտնեն հեզասահօրէն եւ շուտով լծուիլ երկխօսութեան՝ առանց նախապայմաններու…. (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 4): 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x