Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (40)

August 23, 2026

ՀԱՄԱՆՈՒԱԳԱՅԻՆ, ած., Համանուագին՝ երաժշտական մեծ  եւ բազմաձայն ստեղծագործութիւններուն յատուկ // սիմֆոնիք: Ստեղծած է զայն անշուշտ իբրեւ «համապատկեր», քանի որ հասած է իր համերգներուն մէջ անոնց համանուագային ճարտարապետութեան (Բագ, թիւ 2-3  2021, էջ 11)։

ՀԱՄԱՐԿՈՒՄ, գ., Խումբերու կամ երկիրներու աւելի մեծ  ընկերութեան կամ կազմակերպութեան մը մէջ ընդգրկումը, անոնց  հաւասար անդամ դարձնելը // Մասերու՝ բաղադրիչներու՝ անդամներու միաւորումը մէկ ամբողջութեան մէջ: ….Միացեալ Նահանգներ յանձնառու է օգնելու Վրաստանին անոր պաշտպանունակութեան ամրապնդման եւ եւրատլանտեան համակրման աջակցելու գործին մէջ…. (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 2):

ՀԱՄԸՆԹԵՐՑՈՒՄ, գ., Սովորաբար համակարգիչի օգնութեամբ մեծ թիւով գրական գործերու համաժամանակեայ քննութիւն՝  անոնց նմանութիւնները եւ գրական փոփոխութիւնները յայտնաբերելու նպատակով // Մի քանի գրական գործերու միաժամանակեայ ընթերցումը՝ ընդհանրութիւնները եւ տարբերութիւնները  վերհանելու նպատակով։ Մանրընթերցում թէ համընթերցում, մէկ թեմահարցի թէ տասնամեակի արտադրութեան ընդարձակ քննութիւն կը պահանջեն նոյն ուշադիր մօտեցումը նիւթի բազմաթիւ մակարդակներու (Գրիգոր Պըլտեան, Սարգիս Խաչենց, ՓՐԻՆԹԻՆՖՈ, ‘Իմացոթյուն գրադարան’, Անտարես, 2017, էջ 12)։

ՀԱՅԱԹԱՓՈՒԹԻՒՆ, գ., Հայութեամբ հոծ հայկական վայրի  մը հայութենէ պարպուիլը՝ դատարկուիլը (հոս՝ ստիպողաբար)։ Հայաթափութիւնը վերջնական է Նախիջեւանի մէջ, Պարսկահայքի մէջ, Ջաւախքի մէջ կը նօսրանանք, Հիմա Ար ցախն է սեղմուած օղակի մէջ (ԱԶԳԱԳՐԱԳԵՏ ԵՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉ`  ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹՅԱՆ ՄՂՈՒՄՈՎ)։

ՀԱՅԱԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄ, գ., Նախապատուութիւնը հայկականին տալով՝ միայն հայու ճակատագրին անդրադառնալը, երեւոյթները այդ դիտանկիւնէն քննելը՝ բացառելով ու ժխտելով միւս ազգերը եւ անոնց ճակատագիրը։ Հայոց պատմութիւնները պէտք էր որ ըլլային հայ իրողական վիճակին եւ փորձառութեանց ցոլացումները՝ առանց գոյացապաշտութեան (essentialism) եւ հայակեդրոնացումի (armenocentrism), որ նշանակէ այսպէս կոչուած, «հայկական բաները» նկատել կեդրոնական, իսկ մնացեալը՝ շրջանակային (peripheral), երկրորդական եւ ոչ կենսական (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 5):

ՀԱՅԵԼԱԲԱՐ, մկբ., 1. Հայլելիի պէս արտացոլել՝ պատկերը  անդրադարձնել: փխբ. Ինքզինքը անաչառօրէն քննելով, ինքնադատօրէն // 1. Ինչպէս հայելիի մէջ, արտացոլուելով։ 2. փխբ. Ճշմարտացիօրէն։ Եւ ուրեմն անհրաժեշտութիւնը ինքզինք տեսնել կարենալու ինչպէս որ է՝ հայելաբար, բայց նաեւ այլին մէջէն որպէս թարգմանելի իրականութիւն ու ինքնութիւն (Բագ., թիւ 2-3 2021,  էջ 1)։

ՀԱՅԵՑԱԽՈՀԱԿԱՆ, ած., Մտաւոր՝ տեսական, ուստի փորձով  չքննուող՝ չվաւերացուող (ենթադրութիւն, վարկած) // Հայեցողութեան խոհականութեան յատուկ՝ բնորոշ, մտովի ընկալուող, իրականութենէ կտրուած։ ….Մարկն ու ես քանիցս դարձանք Ֆրոյտի Մովսէս եւ միաստուածութիւն գիրքին շուրջ, որ հայեցախոհական (speculative) առաջադրութենէ մը կը մեկնի, Ֆրոյտին կողմէ ընդունուած որպէս թէ՛ հնարաւոր եւ թէ՛ անստուգելի. Ինչպէս ինք կ’ըսէ Ա. Մասի խորագրին մէջ՝ «Եթէ Մովսէս եգիպտացի ըլլար» (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 157)։

ՀԱՅԿԱԿԱՆԱԼ, բ., չբ., Հայերէնի թարգմանուիլ՝ հայեցի դառնալ //Հայկական դառնալ, հայկական բնոյթ ստանալ։ Ի՞նչ կ’ուզեր ըսել Խորենացին երբ…. ասորական աւանդութեան մը վրայ (որ ի դէպ այդքան դարերէ ի վեր՝ իր հայկականացած տարբերակով, եւ ուրեմն սկիզբէն՝ թարգմանաբար….), կը յիշեր Քրիստոսի դէմքին Եդեսիա բերուած պատկերը (Մ.Ն., 2015, էջ 14)։

ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆ, ած., Հայրենի հողէն՝ աշխարհէն բռնութեամբ  վտարուած՝ տարագրուած, արմատէն կտրուած: 1915էն ետք…. Օշականի ակնարկած «հզօր տագնապներ»ուն ու «ծանր բեկումներ»ուն ամենէն ուժգինը ապահովաբար տարաբնակու թիւնն է, որ հայրենահան մարդուն անցեալ ու ներկայ կեանքերուն միջեւ…. անդարձութեան տարածք մը կը ծաւալէ (Բագ., թիւ 4, 2020, էջ 64)։

ՀԱՅՐԵՆԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆ, գ., Հայրենիքի զարգացումը՝ ծաղկումը՝ բարգաւաճումը։ Ան ալ իրաւունք ունի սպասելու, որ նախընթաց վարչակազմերու օրով տեղի ունեցած յոռի իրականու թիւնները չվերադառնան, այլ հայրենաշինութիւնը, հայրենիքի պաշտպանութիւնն ու մեր ԲՈԼՈՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ կենսագործումը մտնեն յաջորդ իշխանութեան օրակարգին մէջ… (Ասպարէզ, 5 Յունիս 2021, էջ 19):

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x