Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (32)

July 4, 2026

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ, ած., Լիբանան ծնած եւ հոն բնակող հայ,  նաեւ՝ այնտեղ ծնած բայց ուրիշ տեղ ապրող հայ:….Մարինա Մաթէոսեան կը գրէ, թէ անցեալ տարուան 10 Նոյեմբերին, ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ Բերձորի մէջ գերի բռնուած լիբանանահայ Վիգեն Էլճէքճեան անցեալ շաբաթ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ (Ասպարէզ, 5 Յունիս 2021, էջ 1):

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅԻՒԹԻՒՆ, գ., Լիբանան ապրող հայերը որպէս ամբողջութիւն՝ միասնական համայնք։ Այսօր, երբ կ’անդրադառնանք լիբանանահայութեան վերականգնումի կարեւոր գործօնին, հայ դպրոցը դարձեալ կու գայ կանգնելու իբրեւ առաջամարտիկ մեր հաւաքա կան երթին (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 6): 

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ-ՅՈՐԴԱՆԱՆԵԱՆ, ած., Լիբանանի եւ Յորդանանի պետութիւններուն միաժամանակ յատուկ, անոնց վերաբերող։ Ան հաստատեց լիբանանեան-յորդանանեան պատմական յարաբերութիւններուն ամրութիւնը, ինչպէս նաեւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող սիրոյ եւ յարգանքի զգացումները (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1, 2): 

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ, ած., գ., Լիբանան ծնած, հոն ապրող մարդ։ Այստեղ կարեւորութեամբ պէտք է նշէլ նաեւ, որ արաբական այս մրցաշարքի իրաւարարներուն կարգին է նաեւ լիբանանցի Ճենիֆըր Ամմուրի (Ազ դակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 7):

ԼՈՂԱՐՇԱՒ, գ., Նպատակի մը համար լողալով երկար տարածութիւն անցնիլը, հոս՝ ինքնաճանաչումի յարտեւ ճիգ՝ ջանք: Փխբ. Ինքն իր էության խորքերը արշաւելը, ինքնաճանաչում: Հիմա կը հասկնար, որ ինքզինք լիովին ճանչնալու համար, պէտք է անպայման մտերմանայ իր ներքին ծովուն մութնամութ հրաւէրներուն հետ, վերծանէ փսփսուքները ոստրէներուն, որսայ լոյսերը խաւարներուն, դառնայ երկնային զօրութիւն եւ երգէ փառքը սահմանազանց եւ անվախճան լողարշաւին (Բագին, 2010, 1, էջ 4):

ԼՈՆՏՈՆԵԱՆ, ած., Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնին միայն  յատուկ՝ ուրոյն, զայն բնորոշող։ […] Պատուհանին պզտիկ, տողանջատ փեղկերէն ներս կը հոսէր ծիրանեգոյն լոյսը՝ լոնտոնեան ամառնային օրուան մը (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 73):

ԼՈՒՍԱԿՐՈՒԹԻՒՆ, գ., Էութիւն՝ հոգի, որ շաղուած, պատուած է լոյսով // Պայծառութեամբ օժտուած ըլլալը: Վարուժանի քերթողութեան շեղբը կ’իջնէր, իր բառերով «պաղպաջուն, մերկ ու արու» պատեանէն դուրս քաշուած սուրի շողարձակութեամբ, եւ մեծ սիրոյ խոստովանանքի նման՝ յաւիտենական լուսակրութեամբ (Վեհանոյշ Թէքեան, Իբրեւ Որդի եւ Նախահայր):

ԼՈՒՍԱՆՑՔԱՅԻՆ, ած., Էջի մը երեսին չգրուած՝ պարապ  մնացած չորս կողմերուն վերաբերող, թուղթի այդ մասին յատուկ //Լուսանցքին յատուկ, լուսանցքին գտնուող։ «Հայ Ղուրաններու» նիւթին ամէնէն նոր ու հետաքրքրական կողմը ան է, որ գրեթէ բոլորը, եւ սկիզբէն, եղած են առիթներ ընդդիմախօսական յաւելուածներու, դաշնագիրներու օրինակներու,  լուսանցքային գրութեանց…. (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 4):

ԼՈՒՍԱՆՑՔԱՅՆԱՑՈՒՄ, գ., փխբ. Ուշադրութեան արժանի  երեւոյթ մը մասնաւոր նպատակով անտեսելը, արժէքէ զրկելը, զայն երկրորդական դարձնելը // փխբ. Լուսանցքային՝ ոչ կարևոր՝ ոչ  էական դարձնելը: Ջիւանիի նման հայրենասէրներու եւ ազգային գիծի հաւատարիմներու գործերը եւս պիտի ենթարկուէին լու սանցքայնացումի, անոր մէկ ստուար բաժինը պիտի ենթարկուէր բանադրանքի (Բագին, 2010, 1, էջ 69):

ԼՈՒՍԱՆՑՔԱՅՆՈՒԹԻՒՆ, գ., փխբ. Ուշադրութեան արժանի  երեւոյթ մը մասնաւոր նպատակով անտեսուած, արժէքէ զրկուած  ըլլալը, աննշան՝ չնչին ըլլալու իրողութիւնը // փխբ. Լուսանցքային՝ անկարեւոր՝ երկրորդական ըլլալը: Խորքին մէջ, ան զանոնք չէ որ գեղանկարեց, այլ՝ տեղահանուածութիւնը, լուսանցքայնութիւնը, աքսորը՝ համամարդկային երեւոյթներ, որոնք երբեք ալ իրենց այժմէականութիւնը պիտի չկորսնցնեն (Բագին, 2010, 1, էջ 84):

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x