Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (29)

June 26, 2026

ԻՆՔՆԱՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆ, գ., Իր իսկ իսկութեան ըմբռնում, սեփական գոյութեան իմաստաւորում՝ արդարացում // Ինքն իրեն՝ իր էութիւնը հասկնալը, ինքնըմբռնողութիւն: Անիկա «զոհագործական արարմունք»-ին նշանն է: «Զոհագործական արարմունք»-ը կը ծառայէ կայսրութեան կազմումին: Ուրեմն, կայսրութեան կարգուսարքը «կրօնական» է: Անիկա «եղանակ մը»ն է համայնական ինքնահասկացողութեան եւ ինքնահաստատման (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 178)։ 

ԻՆՔՆԱՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄ, գ., Ինքն իր անձը քննել՝ ինքնագիտակցութեան գալու, իր իսկ ինքնութիւնը ճանչնալու ի խնդիր // ինքնաքննութիւն։ Հարցումը հոն հարցում չէր՝ հաւանօրէն՝ պատասխանի սպասող: Քեզի համար, ըսիր արդէն,  հարցադրում է: Ինքնահարցադրում (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 24)։

ԻՆՔՆԱՀՆԱՐՈՒՄ, գ., Ինքզինք՝ ինքն իր էութիւնը գիտակցիլը, զայն ստեղծելը // ինքն իրեն գիտակցիլը: Վերլուծաբանը սա հարցադրումը կատարած է. ինչպէ՞ս կը բանի ազգայնական խօսոյթը, եւ ազգայնական ամէն խօսոյթէ առաջ՝ ինչպէ՞ս տեղի կ’ունենայ ազգի մը ինքնահնարումը (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 181)։

ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՂՈՒԹԻՒՆ, գ., Ինքզինք՝ իր իսկ կարողութիւնները, արժանիքներն ու թերութիւնները ճանչնալը, իր նպատակներու գիտակցումը // ինքնաճանաչում։ Իր բազմաբնոյթ հրապարակումներով «Ազդարար»-ը նաեւ անդրադարձած էր հայ ժողովուրդի լուսաւորու թեան, ազգային ինքնաճանաչողութեան եւ հայրենիքի ազատագրութեան հետ առնչուող խնդիրներու լուսաբանութեան…. (Ազդակ, 16 Հոկտեմբեր 2021, էջ 4):

ԻՆՔՆԱՄԱՔՐԱԶՏՈՒՄ, գ., Իր հոգին՝ էութիւնը աւելորդ եւ  պատահական տարրերէ ազատելը, զայն բիւրեղացնելը՝ սկզբնական անբիծ վիճակին հասցնելը // Ինքզինք մաքրելով զտելը, ինքնամաքրագործում։ Ուժի կամեցողութիւնը, հոս, մաքրազտման կամեցողութիւն է կամ, աւելի ճիշդ, ինքնամաքրազտման (Բագ, թիւ 2- 3 2021, էջ 154)։

ԻՆՔՆԱՄՇԱԿՈՒՄ, գ., Անհատ, որ իր իսկ կամքով ինքզինք եւ  իրեն ժառանգուած արժէքները կը զարգացնէ, անոնց ծիրը  կ’ընդարձակէ //Ինքզինք մշակելը՝ զարգացնելը: Անոնք ինքնաշխատ ինքնամշակումով ոչ թէ առկայ մտայնութեան ու ապրումներու կրողն ու փոխադրողը կը դառնան, այլ զանոնք վերստեղծող,  վերամշակող ու առաւել յառաջացեալ դրսեւորումով նորովի կը յանձնեն գալիքին ու կը դառնան մասնակիցը գալիքի ստեղծութեան (Բագին, 2010, 1, էջ 83):

ԻՆՔՆԱՄՏԱԾՈՂՈՒԹԻՒՆ, գ., Ինքն իր՝ իր գոյութեան մասին  մտածելը, զայն մեկնաբանելը, անոր ծնունդը՝ սկզիբը լուսաբանելը // ինքնուրոյն՝ միայն իրեն բնորոշ մտածողութիւն։ Մէջբերումները պիտի կարդամ քիչ մը ետքը ու պահ մը պիտի հրաւիրուինք միասին սանկ կէս-աստուածաբանական խորհրդածութեան մը, յիշելու համար թէ ի՛նչ էր «մնացորդք»ի այդ գաղափարը աստուածաշնչական – ուրեմն հրէական ինքնամտածողութեան – սահմաններէն ներս (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 105)։

ԻՆՔՆԱՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄ, գ., Իր յոյզերը արտահայտելով զանոնք գիտակցիլը՝ ճանչնալը՝ ինքզինք ըմբռնելը //ինքնաճանաչում: Նորիկեան գեղանկարեց որպէս ինքնայայտնաբերումի, հաւաքական ինքնաճանաչումի միջոց, ինքնապեղում մը՝ որ կը խորանայ ու կը տարածուի իրեն ամէնէն աւելի ծանօթ հայ ազգին մէջէն դէպի մարդն ու մարդկութիւնը (Բագին, 2010, 1, էջ 83):

ԻՆՔՆԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՅԻՆ, ած., Այն գործողութեանը՝ արարքին վերաբերող, որուն արդիւնքը կը կրէ զայն կատարողը նաեւ // ինքն իրեն անդարադառնալուն յատուկ՝ բնորոշ, ինքն իրեն անդրադարձող։ «Վերապրիլ» բառը կը պարունակէ անջնջելի երկդիմութիւն մը… երկդիմութիւնը այն է, որ բառը ունի նաեւ ինքնանդրադարձային գործածութիւն մը, որուն համաձայն՝ եւրոպական լեզուներով կը վերապրիս «դուն քեզի», այսինքն «քու վերջաւորու թենէդ ետք» (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 107)։

ԻՆՔՆԱՆՈՐՈԳՈՒՄ, գ., Իր իսկ վիճակը փոխելը, հինէն եւ փտածէն ազատուելով զայն բարելաւելը // ինքզինք նորոգելը։ Ինչպէ՞ս կարելի կ’ըլլայ, ինչպէ՞ս կ’իրագործուի ինքնանորոգման,  ընդլայնումի այդպիսի գործընթաց մը… (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 24)։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x