Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (27)
June 17, 2026
ԹՈՒՆՈՒԶՑԻ, ի, գ., Թունուզի մէջ ծնած, այնտեղ ապրող կամ այդ երկիրի քաղաքացի //Թունուզի բնակիչ։ ….Դեղին շալերով խստադէմ թունուզցիներ կը մատնահարէին պիրկ լարերը հսկայական վիներու […] (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 218):
ԹՐԹՌԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, գ., Բանի մը ազդեցութեամբ թրթռալուն՝ դողդղալուն յատուկ ըլլալը // թրթռական ըլլալը, թրթիռ։ Պարտէզի տեսրանին մէջ ստացաւ սարսռուն հոգեզմայլանքի այն թրթռականութիւնը, որ կը հասնի մեզի լուսաբացէն անմիջապէս առաջ, երբ սոխակները կ’երգեն (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 83):
ԹՐՔԱՍՊԱՆ, գ., Թիւրք սպաննող՝ սպաննած անձ։ Մէկ լուծում ունի Վահագն. գործել թրքասպանութեան արարքը ու ապա մեռցնել ինքզինք, անով իսկ կատարելով փրկագործական կատարեալ արարքը, որ կ’ազատէ Մինասը նոյն հարկադրանքէն, այսինքն՝ կ’ազատէ զինք իր ու իրենց մէջ բնակող թրքասպանի ներկայութենէն (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 233)։
ԹՐՔԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ, ած., Թուրք սպաննելը։ Մէկ լուծում ունի Վահագն. գործել թրքասպանութեան արարքը ու ապա մեռցնել ինքզինք, անով իսկ կատարելով փրկագործական կատարեալ արարքը, որ կ՚ազատէ Մինասը նոյն հարկադրանքէն…. (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 233)։
ԹՐՔԱՑԵՂ, ած., Թրքական ցեղին, այդ ցեղերէն մէկուն պատկանող // Թրքական լեզուաընտանիքին՝ ցեղախումբերուն՝ ժողովուրդներին պատկանող: Խօսքը Թուրքիա-Նախիջեւան-Զանգեզուր-Ազրպէյճան եւ անկէ՝ թրքացեղ, թրքախօս ժողովուրդներու ցամաքային գերիշխան կամուրջի մասին է (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):
ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐԱԿԱՆՕՐԷՆ, մկբ., Ժամանակի յաջորդականութեան սկզբունքով նկարագրուած պատմութեան դիտանկիւնէ, ըստ այդ պատմութեան // ժամանակագրական տեսակէտով՝ մօտեցմամբ, ժամանակագրօրէն: Կայ նաեւ ժամանակագրականօրէն նախորդող [եղեռնին], արդիականութեան երկու դարերու երկայն քին վրայ ձգուող հայերու որպէս հաւաքականութիւն աղէտի մը արձանագրութիւնը (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 97)։
ԺԱՄԱՆԱԿԱԿՈՐՈՒՍՏ, ած., Ժամանակը մսխող, այն նպատակի մը համար արդիւնաւէտ չգործածող // Ժամանակ կորցնելով, ժամանակի վատնումով կատարուող։ Այսօր ժամանակը չէ դպրոցներուն միջեւ անիմաստ ու ժամանակակորուստ մրցակցութիւններու, քարոզչական անտեղի մթնոլորտներու ստեղծման, աշակերտ կամ ուսուցիչ «որսալու» տհաճ մօտեցումի…. (Ազդակ, 1 Հոկտեմ բեր 2021, էջ 6):
ԺԱՄԱՆԱԿԱՅՆՈՒԹԻՒՆ, գ., Ժամանակի թուային ճշգրիտ յաջորդականութեամբ ըլլալը, այդ մեկնակէտէն դիտուիլը՝ ըմբռնուիլը //ժամանակային ըլլալը, ըստ ժամանակի որոշուիլը, ժամանակագրականութիւն: Այս փուլին մէջ կը մտնեն արդի պատմութեան՝ պատմական ժամանակայնութեան, զգայնութիւնը եւ օրինավիճակը…. (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 91)։
ԺԱՄԱՆԱԿԱՅՆՕՐԷՆ, մկբ., Ժամանակի թուային ճշգրիտ յաջորդականութեան եղանակով //ժամանակային ձեւով, ժամանակագրականօրէն։ Ուրեմն՝ գործ ունինք այս համաստեղութեան ժամանակայնօրէն դիտուած առաջին աշխատութեան հետ (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 87)։
ԺԱՅՌԱԲԵԿՈՐ, գ., Արեւի, Հրատ եւ Լուսնթագ մոլորակներու ուղեծիրներու շուրջը պտտող մեծ կամ պզտիկ ժայռէ բեկորներ՝ կտորներ // աստղակերպ: Կելպի աստղանաւը կը բախի անջրպետի մէջ թափառող անհամար ժայռաբեկորներէն մէկուն եւ կը վթարուի (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 3):
ԺԱՆՍԵՆԱԿԱՆ, ած., Ասուածաբան Գորնելեոս Ժանսէնի վարդապետութեան յատուկ, անոր պատկանող: Եւ Սեւիյլի մէջ գտայ նշխարային պահարանը, barocco ոճով կառուցուած ու զարդարուած ժան սենական եկեղեցիի մը մէջ, պահարան մը որ գետնէն մինչեւ առաստաղ կը բարձրանար (Մ.Ն., 2015, էջ 39)։
ԺԸՆԵՒԵԱՆ, ած., Ժընեւ քաղաքին յատուկ, այնտեղ տեղի ունեցած։ Ալիեւ նաեւ մեղադրեց Հայաստանը՝ «միջազգային իրաւունքի, ներառեալ ժընեւեան համաձայնագրի կոպիտ խախտման» մէջ (Ազդակ, 2 Հոկտեմբեր 2021, էջ 3):
ԺՈՂՈՎԱՍԵՆԱԿ, գ., Ժողով գումարելու սենեակ, խորհրդակցական սենեակ, ժողովասրահ //Ժողովի համար նախատեսուած սենեակ։ Քարտուղարուհի մը կը դիմաւորէ զիս, կ’առաջնորդէ ժողովասենակ մը, ուր անմիջապէս ինծի կու գայ-կը միանայ պարոն Փոէրը (Վրէժ-Արմէն, Ոստայն 16 – Ճարտարապետի մը ծոցատետրէն, Մոնթրէալ, 2021, էջ 16)։