Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (23)
June 7, 2026
ԵՆԹԱՐԿՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ, գ., Հպատակած՝ ազատութիւնը կորսնցուցած ըլլալու դրութիւն, հոս՝ զարհուրելի փորձառութեան մը բեռը կրելը //Ենթարկուած ըլլալը, ենթարկուածի վիճակը։ Իր Ի. դարու հայ գրականութիւն շարքի երրորդ հատորին մէջ, որ նուիրուած է Յակոբ Օշականի «Մնացորդաց»-ին, ան վճռորոշ վերլուծումներ կ’ընէ ենթարկուածութեան վիճակի տրամաբանութեան ու անոր հոգեբանական հետեւանքներուն մասին (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 118)։
ԵՌԱԽՈՐՀՈՒՐԴ, ած., Միեւնոյն ժամանակ երեք գլխաւոր առանցք ունեցող (գիրք)՝ էական միտք արտայայտող երկ: Իսկ մենք, որ եղանք անյագ ընթերցողը ներկայ հատորին, մեր շնորհաւորանքին կը միացնենք այն մտածումը, թէ եռախորհուրդ այս մատեանը կրնար մատուցուիլ նաեւ առանձին երեք հատոր ներով (Սիոն, 1999, էջ 476):
ԵՐԱԺՇՏԱՀԱՆ, գ., Երաժշտութիւն յօրինող, երաժշտական աշխատանքներ գրող // Նուագահան, ստեղծագործող: Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928) հայ մեծանուն երաժշտահան, խմբավար, մանկավարժ, երաժշտական-հասարակական գործիչ, Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ էր (Ազդակ, 20 Հոկտեմբեր 2021, էջ 4): – էջ 4
ԵՐԱԺՇՏԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆ, գ., Երաժշտութիւն, երաժշտական ստեղծագործութիւններ գրելը //Երաժշտական ստեղծագործութուններ յօրինելը: Սպենդիարեան մեծ դեր ունեցած է հայկական ազգային երաժշտահանութեան դպրոցի ձեւաւորման գործին մէջ, հարստացուցած է հայկական երաժշտութիւնը նոր նիւթերով, ընդարձակած է տեսակները, հիմք դրած է հայկական ազգային «սիմֆոնիզմ»-ին (Ազդակ, 20 Հոկտեմբեր 2021, էջ 4):
ԵՐԱԽՏԱՇԱՏ, ած., Մեծապէս օգտակար՝ նպաստաւոր, առատ՝ ճոխ արդիւնք տուող // Շատ երախտիքներ ունեցող, բազում երախտիքներով: Կը սպասուի, որ սկսուած երախտաշատ գործը շարունակուի եւ Ջիւանին իր ամբողջական հասակով մատչելի ըլլայ մեր ժողովուրդի զանգուածներուն (Բագին, 2010, 1), էջ 69:
ԵՐԱՆԱԲԱՂՁ, մկբ., Փափաքի, տենչանքի՝ երջանկութեան՝ բարեբախտութեան սպասումով՝ յոյսով //Երանութեան՝ երջանկութեան բաղձանքով, սրտագին: Մենք Ձեզ երանաբաղձ ընդունեցինք. տաճար եկեղեցի մատուռ ուխտատեղի կառուցեցինք։ (Վեհանոյշ Թէքեան, Բարեկամ՝ Անունը Տաղանդ):
ԵՐԳԻԾԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ, ած., Երգիծական նկարչութեան յատուկ: // Երգիծանկարիչին՝ երգիծանկարչութեան բնորոշ՝ յատուկ: Նոյն չափով, պիտի հրճուէր մեր սիրտը, ի կատարումն իր երգիծանկարչական փորձերուն (Սիոն, 1999, էջ 476):
ԵՐԵՒԱՅԱԿԵՐՏ, ած., Երեւակայութեամբ ստեղծուած, երեւութական //Երեւակայությամբ կերտուած, անիրական։ Ինչպէ՞ս վայրերը կը դառնան մէկէն անտեղութիւն որ նենգափոխութիւնը, աս ալ զանգուածային աստիճաններու հասած, պիտի յամառօրէն շարունակէ խորացնել, ամայացումը դարձուցած երեւայակերտ սկիզբի մը առաջին քարը (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 30)։
ԵՐԵՒՈՒԹԱԲԱՆԱԿԱՆ, ած., Անձի գիտակցութեան ինքն իրեն անդրադառնալուն՝ ինքնաքննութեան յատուկ, այդ գործողութեան վերաբերող: Առաջինը՝ «Ինքն իր պատկերը…» Կարոլ Ֆէկէտէ անունով լուսանկարիչ արուեստագիտուհիի մը պատկերներէն մեկնելով՝ կը հանդիպի Մորիս Բլանշոյի 1955-ի «Գրական տարածքը» գիրքին մէջ որպէս յաւելուած հրամցուած պատկերի եւ պատկերակայութեան» շուրջ մտորում ներուն, ու կը բացատրէ թէ 1948էն (Մահավճիռը) մինչեւ 1957 (Վերջին մարդը) Բլանշոյ վերապրողի կերպարին շուրջ երեւութաբա նական տեսակի աննախընթաց աշխատանք մը կատարած է (Մ.Ն., 2015, էջ 11)։
ԵՐԵՒՈՒԹԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ, գ., Փիլիսոփայութեան մէջ ուղղութիւն, որ մարդու անձնական՝ ենթակայական (գիտակցական) փորձը կը քննէ, այսինքն՝ կը հետազօտէ անհատի գիտակցութիւնը՝ անձնական փորձը՝ իբրեւ իմաստի, արժէքներու միակ աղբիւրի, անոնց ստեղծման ընթացքը, ինքնաքննութիւն, ինքնախոկում // Պէտք ունինք երեւութաբանութիւն մը զարգացնելու։ (Մ.Ն., 2015, էջ 26)։
ԵՐԿԲՆՈՅԹ, ած., Հաւասար չափով երկու էական յատկութիւն՝ բնոյթ ունեցող։ Հոս կ’որդեգրենք Ժ. Ի. Տադիէի սահմանումը այս երկբնոյթ սեռին յատկացուցած (Գրիգոր Պըլտեան, Սարգիս Խաչենց, ՓՐԻՆԹԻՆՖՈ, ‘Իմացոթիւն գրադարան’, Անտարես, 2017, էջ 136)։