Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (22)

June 5, 2026

ԴՊՐՈՑԱՇԻՆԱԿԱՆ, ած., Դպրոցներու՝ վարժարաններու  հիմնումին՝ կառուցումին վերաբերող, անոնց յատուկ // Դպրոցի՝ իբրեւ ուսումնական եւ կրթական հաստատութեան, ստեղծումին յատուկ՝ բնորոշ։ Դպրոցաշինական այս մեծ գործին մէջ… մեծ դերակատարութիւն ունեցան հայրենակցականները, հիւսիսային եւ հարաւային ամերիկաներու հայ միութիւնները, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը… (Յ. Չոլաքեան, ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵ ՐԷՆ… ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ) ։

ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ, ած., Դրամատուներուն՝ անոնց աշխատանքին յատուկ: Պարզապէս տրամաբանական կը թուէր, որ դրամը լաւ գործածուէր, քան՝ այդ գումարը դրամատնային հաշիւի մէջ դնելը եւ թոյլ տալը, որ ան կուտակուի եւ կուտակուի (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 2, 4):

ԴՐՈՒԱԳԱՇԱՐ, գ., Հեռուստատեսութեան համար բեմադրուած շատ մը մասերէ բաղկացած շարժապատկեր // Սերիալ: Երեսուն տարի շարունակ հասարակութիւնը կերակրած ենք աժանաբարոյ դրուագաշարներով, օտարաբոյր երաժշտութեամբ՝ սին ու անիմաստ խօսքերով պարուրուած, սուտերով ու անհեթեթի սահմանները հատող հռետորաբանութեամբ (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 3):

ԵԶՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ, գ., Գիտութեան կամ արուեստի այս կամ այն ասպարէզին միայն յատուկ եզրերու (գիտական բառերու) ամբողջութիւնը: Խնդիրը պայմանագիրը անօրինական նկատելու հրամայականին վրայ կը կեդրոնանայ. իսկ եզրաբանութիւնը կարեւոր է այս պարագային (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):

ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ, ած., Ելեկտրականութեամբ աշխատող սարքերուն վերաբերող, հոս՝ համացանցին յատուկ, անոր վերաբերող: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանսքէհեան (Ազդակ, 2 Հոկտեմբեր 2021, էջ 2):

ԵՂԱՆԱԿԱՒՈՐԻՉ, գ., քեր., Վերաբերական // Եղանակաւորող բառ: Ինչ կը վերաբերի եզրոյթներուն, կը նկատենք՝ «Խօսքի եղանակաւորիչներ… եզրոյթը սոսկ քանի մը հեղինակներու դասա գիրքերու մէջ (Ջահուկեանական ընթերցումներ, 1-2 (17-18), Երեւան 2022, էջ 205):

ԵՆԹԱԶԳԱՅԻՆ, ած., Ազգայինի դրոշմը ունեցող, սակայն  խորքին մէջ անոր ամրօրէն չկապուած՝ անոր հետ քիչ աղերս ունեցող//Ազգայինի մէկ մասը կազմող: Ի դէպ՝ նկատեցէ՛ք որ արդէն իսկ Սփիւռք էին, սփիւռքներու ժամանակէն առաջ Սփիւռք, նախազգային, ենթազգային Սփիւռք անշուշտ,  քանի որ իրենց մտաւորականութիւնը ո՛չ մէկ կապ ունէր բնիկին հետ, ու երբ պիտի սկսէր կապ հաստատել՝ արեւելաբանութեան ինքնահայեցողական կապը պիտի ըլլար, անխուսափելի կերպով (Բագ., թիւ 3 2020, էջ 86)։

ԵՆԹԱԿԱՌՈՅՑ, գ., (սով. յոգնակի) Երկիրի մը արդիւնաւէտ  գործունէութիւնը կարելի դարձնող առանցքային շինութիւնները եւ  կազմակերպութիւնները (եւ ծառայութիւնները) // Երկրի մը տնտեսական եւ հասարակական գործունէութիւնը ապահովող կառոյցներու ամբողջութիւնը: Զաուաթի նշեց, որ ասիկա կատարելու համար պէտք է ստուգել Սուրիոյ ենթակառոյցները, որովհետեւ անոնք պատրաստ պէտք է ըլլան ելեկտրականութիւնը Լիբանան փոխանցելու աշխատանքին (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 2):

ԵՆԹԱԿԱՌՈՒՑԱՅԻՆ, ած., Երկիրի մը կանոնաւոր եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւնը կարելի դարձնող առանցքային շինութիւններու յատուկ, անոնց վերաբերող // Ենթակառոյցներուն յատուկ: Փութին նաեւ յայտնած է, որ ռուսհայկական կապերու զարգացման գործին մէջ զգալի դեր կը խաղայ միջշրջանային գործակցութեան, որ կ’արտօնէ փոխշահաւէտ նախագիծեր իրագործել տնտեսական, ընկերային, ենթակառուցային, մարդասիրական եւ բազմաթիւ այլ ոլորտներու մէջ (Ազդակ, 20 Հոկտեմբեր 2021, էջ 8):

ԵՆԹԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ, ած., Ընկերութեան մը մէջ կազմուած եւ զանազան պատճառներով ընդհանուրէն զատուած փոքրիկ խումբերու ստեղծած արժէքներուն՝ ունեցած նուաճումներուն  յատուկ // Որեւէ ենթամշակոյթի բնորոշ: Որեւէ երկրի մասնաւոր, մեկուսի գործող հատուածին յատուկ: Հետեւաբար յունական երգի ուժգնութեան գաղտնիքը ժողովրդային՝ շատերու կողմէ արհամարհուած ենթամշակութային երաժշտութեան ու երգի, արուեստագէտի տաղանդի ու ճաշակի… մէջ պէտք է փնտռել (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 3):

ԵՆԹԱՈՒՂԻ, գ., 1. Մայրուղի տանող կարճ, նեղ արահետ՝ ճամբայ: 2. փխբ. Գլխաւոր նպատակի մը հասնելուն ծառայող զանազան եղանակներէն իւրաքանչիւրը // փխբ. Հիմնական նպատակին միտուած տարբեր եղանակներէն իւրաքանչիւրը: Նման միաձայնութիւն չի նշանակեր հակաժողովրդավարութիւն, ազատութիւններու սահմանափակում կամ իսկական բազմակարծութեան ոտնակոխում, որովհետեւ բազմաթիւ ենթաուղիներ ունեցող ճամբան մէկ է եւ կը հարկադրէ միասնութիւն… (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 6):

ԵՆԹԱՏՈՂԱՅԻՆ, ած., Անուղղակիօրէն միտք մը թելադրելուն՝ այն բացայայտ չնշելուն յատուկ, այդ եղանակով ըսուած խօսքին վերաբերող //Ենթատողերուն յատուկ, ենթիմաստային։ Ենթատողային ակնարկութիւններ կամ բառապաշարի բացատրութիւնները կը յուշեն Արմաշը ուր ծնած էր (Գրիգոր Պըլտեան, Սարգիս Խաչենց, ՓՐԻՆԹԻՆՖՈ, «Իմացոթիւն գրադարան», Անտարես, 2017, էջ 131)։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x