Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (19)

May 29, 2026

ԳՈՅԱՑԱՊԱՇՏ, ած., Երեւոյթի մը ինքնութեան՝ ներքին բնոյթի  էական եւ անկապտելի կարգ մը յատկանիշներէ կազմուած ըլլալու տեսակէտին համախոհ //Ինքնակագութիւնը՝ կեանքը պաշտող։ Բանաստեղծութիւնն ու արձակը կը վարդապետեն «Ոչինչ»-ը: Այս գոյացապաշտ գրողին գործերուն մէջ սակայն կայ ձայնապահութիւն մը հակա«ոչինչ»-ի (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 212)։

ԳՈՅԱՑԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ, գ., Այն ըմբռնումը, որ ամէն երեւոյթի ինքնութիւնը՝ ներքին բնոյթը պայմանաւորուած է անոր վերագրուող կարգ մը էական եւ անկապտելի յատկանիշներէ //Ըմբռնում մը,  որուն համաձայն որեւէ երեւոյթ կը բնորոշուի իրեն վերագրուող շարք մը էական յատկանիշներով, essentialism: Հայոց պատմութիւնները պէտք էր որ ըլլային հայ իրողական վիճակին եւ փորձառութեանց ցոլացումները՝ առանց գոյացապաշտութեան (essentialism) եւ հայակեդրոնացումի (armenocentrism), որ նշանակէ այսպէս կոչուած, «հայկական բաները» նկատել կեդրոնական, իսկ մնացեալը՝ շրջանակային (peripheral), երկրորդական եւ ոչ կենսական (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 5): 

ԳՈՅԱՑԱՓՈԽԵԼ, բ., Երեւոյթի մը էական՝ անկապտելի յատկանիշները այլափոխել // Գոյութիւնը՝ գոյավիճակը փոխել: Անիկա ունի զօրութիւնը գոյացափոխելու «աւերածութեան լեզու»-ն, որ աղէտէն մոխրացած մնացորդն է (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 185)։

ԳՈՅՈՒԹԵՆԱԿԱՆ, ած., Գոյութեան՝ լինելիութեան վերաբերող, անոր յատուկ: Իշխանի տիպարներուն հասարակ յայտարարը գոյութենական անձկութիւն մըն է, որ շարունակ կը մրճահարուի անհարազատ միջավայրերու մէջ անոնց բնակութեան իրողութեամբ (Բագ., թիւ 4 2020,  էջ 66)։

ԳՈՐԳԱՆՄԱՆ, ած., Գորգի նման եղող, արտաքին տեսքով  գորգ յիշեցնող: «Փարիզեան գորգեր»-ու շարքը, ծուռումուռ գորգանման լաթեր, այն լաթերէն՝ որոնք կը գործածուին փողոցներուն մէջ ջուրին հոսանքը կասեցնելու եւ ուղղելու համար։ (Մ.Ն., 2015, էջ 34)։

ԳՈՐԾԵԼԱՈՃ, գ., Որեւէ բան ընելու առանձնայատուկ եղանակ՝ ձեւ // Գործելու ուրոյն եղանակ: «Ռազմափորձերու ընթաց քին կը քննուի ցամաքային զօրքերու եւ զօրքերու տեսակներու փոխադարձ գործակցութիւնը՝ կառավարման ժամանակակից գործելաոճերու կիրարկումով», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ (Ազդակ, 20 Հոկտեմբեր 2021, էջ 8):

ԳՈՐԾԸՆԿԵՐ, գ., Տարբեր հիմնարկներու կամ երկիրներու մէջ նոյն կամ նման պաշտօն կամ մասնագիտութիւն ունեցող անձ //Պաշտօնակից, աշխատակից: Բարեբախտաբար Փաշինեան ՄԱԿ ղրկած էր արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, որ քանի մը կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ բազմաթիւ երկիրներու իր գործընկերներուն հետ… (Ազդակ, 2 Հոկտեմբեր 2021, էջ 3): 

ԳՈՐԾԸՆԿԵՐԱՅԻՆ, ած., Երկկողմանի փոխըմբռնումով եւ  համապատասխան զիջումներով կատարուող // Գործընկերներուն յատուկ, գործընկերաբար կատարուող: Մեր կողմէ ողջունենք Պաքուի եւ Երեւանի դրական տրամադրուածութիւնը փոխադարձաբար ընդունելի, փաթեթային համաձայնութիւններու հասնելու հարցին մէջ, ինչ որ հեռանկարին մէջ թոյլ պիտի տայ միացեալ աշխատանքը տեղափոխել գործընկերային համագործակցութեան հարթութիւն», ընդգծած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարու թեան ներկայացուցիչը (Ազդակ, 2 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):

ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ, գ., Նոյն ծրագիրը կեանքի կոչելու համար համատեղ գործող երկու եւ աւելի անձանց՝ հիմնարկներու կամ  երկիրներու համաձայնութիւն՝ դաշինք: Փրայս շեշտած է, որ Միացեալ Նա հանգները «մեծապէս կը գնահատեն ՕԹԱՆ-ի դաշնակից Թուրքիոյ հետ գործընկերութիւնը» (Ազդակ, 20 Հոկտեմբեր 2021, էջ 3): 

ԳՈՐԾԻՉԱՅԻՆ, ած., Գործիչին՝ կուսակցութեան մը գործուն  անդամին յատուկ, անոր վերաբերող: Իշխանը դարձաւ Մենակի ընտրութիւններէն մէկը, նկատի ունենալով, որ ան արդէն որոշ փորձառութիւն ձեռք ձգած էր՝ այս մարզին մէջ՝ սահմանային Բասէն շրջանին մէջ գործիչային որոշ աշխատանք ներ տանելու նպատակով (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 5):

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x