Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (18)
May 25, 2026
ԳԵՐՆՕՍՐԱՆԱԼ, չբ., փխբ. Իբրեւ հաւաքականութիւն փոքրանալ՝ անդամներուն թիւը նուազիլ, ցանցառանալ, տկարանալ։ Գերնօսրացած, իրերածանօթ մեր շուկային մէջ գրախօսին համար ուրիշ ի՞նչ կարելի է բացի քաջաբար լռելէն (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 56)։
ԳԻՆԵԴԵՂԻՆ, ած., Ճերմակ գինիին յատուկ ոսկեգոյնի երանգը ունեցող //Սպիտակ գինիներուն յատուկ ոսկեգոյն-դեղին գոյնը։ Կը պատահէր յաճախ, որ ամբողջ օր մը անցընէր իրենց տուփիկներուն մէջ դասաւորելով ու վերադասաւորելով իր հաւաքած այլազան քարերը՝ […] վարդակարմիր ու գինեդեղին տպազիոնները […] (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 221):
ԳԻՏԱԵՐԵՒԱԿԱՅԱԿԱՆ, ած., Արձակի տեսակ, ուր կը պատկերուին գիտական եւ ճարտարագիտական նուաճումներու երեւակայական՝ վարկածային հետեւանքները: Լեմ հեղինակն է «Սոլարիս» գիտաերեւակայական վէպին, որ շարժապատկերի վերածուած է տաղանդաւոր բեմադրիչներ Թարքովսքիի (1972), Սոտեմպերկի (2002) եւ այլոց կողմէ (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 3)։
ԳԻՏԱՇԽԱՏԱՆՈՑ, գ., Մասնաւոր սարքերով տեղ՝ գիտական հետազօտութիւններու, փորձերու համար // Գիտական աշխատանքներ կատարելու տեղ։ Հասարակաց յարմարութիւնները՝ գրադարան, գիտաշխատանոցներ, արհեստանոցներ եւ այլն, ինչպէս նաեւ ընդհանուր կեդրոնական հաւաքավայրը՝ բոլորին մատչելի (Վրէժ-Արմէն, Ոստայն 16 – Ճարտարապետի մը ծոցատետրէն, Մոնթրէալ, 2021, էջ 38)։
ԳԻՏԱՐՀԵՍՏԱԳԷՏ, գ., Գիտական կրթութիւն ստացած մասնագէտ // գիտուն՝ գիտական մասնագէտ։ 1966 թուականն էր, ամիս հոկտեմբեր։ Աւարտած էին, աւարտելու վրայ էին յաջորդ ապրիլին բացուելիք «Էքսփօ 67» միջազգային մեծ ցուցահանդէսի շինարարական աշխատանքները, եւ քանի մը տարիէ ի վեր Մոնթրէալ ներխուժած ճարտարապետները, գիտարհեստագէտներն ու շինարարական այլ մարզերու մասնագէտները անգործ մնացած էին (Վրէժ-Արմէն, Ոստայն 16 – Ճարտարապետի մը ծոցատետրէն, Մոնթրէալ, 2021, էջ 9)։
ԳԻՏԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ, գ., Թեքնիք սարքերու մասնագէտ։ Ինչպէս ըսի, երիտասարդ ճարտարապետներ էինք ու ճարտարապետական արհեստագէտներ կամ գիտարուեստագէտներ (technician). տասնեակ մըն էինք (Վրէժ-Արմէն, Ոստայն 16 – Ճարտարապետի մը ծոցատետրէն, Մոնթրէալ, 2021, էջ 47)։
ԳԼԽԱԳՐԵԼ, բ., Յատուկ անունի մը առաջին գիրը սովորականէն մեծ տառով գրել, հոս՝ ընդգծել, շեշտել, մասնաւոր իմաստ տալ: Եւ հիմա մոմիան։ Նորէն կը գլխագրեմ։ (Մ.Ն., 2015, էջ 39):
ԳԼԽԱՏԱԽՏԱԿ, գ., Անկողինի վերի՝ գլուխի մասը ուղղաձիգ դրուած տախտակ, գլխամասի տախտակ: Այսուհանդերձ, մինչ Միրանտա վերելակին չէր կրնար հասած ըլլալ անգամ՝ հեռաւոր միջանցքի մը մէջ, Ալեքս զինք կը մերկացնէր, ապա՝ կը մերկանար, դարձեալ սիրաբանելու համար, այս անգամ ննջասենեակին մէջ, այդ հոյակապ, հսկայ անկողինին մէջ, որ արաբական կամարի ձեւաւորումով գլխատախտակ ունէր (Բագ., թիւ 3 2020, էջ 8-9)։
ԳԾԱՑԱՆՑ, գ., Ուղիղ եւ հորիզոնական գիծերու հատումով ստեղծուած ցանց //Հատուող տողերով գծուած ցանց: Հորիզոնական եւ ուղղահայեաց 9 շարքերով եւ սիւնակներով (9×9) կազմուած գծացանցը բաղկացած է իւրաքանչիւրը 9 քառակուսի հաշուող 9 բաժիններէ (3×3) (Ասպարէզ, 5 Յունիս 2021, էջ 23):
ԳՈՀԱՐԱՒՈՐ, ած., Թանկագին՝ ազնիւ քարեր ունեցող, գոհարներով զարդարուած՝ գոհարազարդ։ Ծռմռկած ու կեղծ գոհարաւոր մատանիներուն շարժումը տուաւ այլանդակութիւն մը իր բառaերուն (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 98):
ԳՈՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄ, գ., Երեւոյթի մը լինելիութիւնը՝ կեանքը վտանգներէ պաշտպանելը, այն անվնաս պահելը, խնամելը //Ապրելու, ինքնութիւնը պահպանելու համար միջոցներ հայթայթելը: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իր երախտիքը կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն… լիբանանահայութեան գոյապահպանման խնդիրներուն արագ արձագանգելու եւ տեղւոյն վրայ դրամահաւաք կազմակերպելու համար (Ազդակ, 20 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):