Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (11)

May 8, 2026

ԱՐԽԻՒԱԳՐԵԼ, գ., Արխիւի անցնել, կարեւոր դէպք մը պատմականացնել, արխիւացնել։ Այս նախաձեռնութիւնը կը թուի իրականութենէն կտրուած՝ գրեթէ խելագար նախաձեռնութիւն մը, արխիւագրողի մեքենայացած աշխատանք, առանց որեւէ ստեղծագործական նախադրեալի (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 200)։

ԱՐԽԻՒԱԽՏ, գ., դիպվ., Պատմական նշանութեան փաստերու  անհարկի՝ չափազանցուած կարեւորութիւն տալը //Արխիւներու  հանդէպ հիւանդագին հակում։ Բենիամինի մեծ յատկանիշը այն է,  որ ինքը այդ արխիւի օրէնքը չի պահեր զուտ տեսաբանական գետնի վրայ, օրինակ՝ իմացաբանական նկատառումներով, ինչպէս կ’ընէր դը Սերտոն, տեսանք քիչ մը առաջ, կամ ինչպէս կ’ընէ Դերիդան, արխիւախտին նուիրուած իր գիրքին մէջ (Բագ, թիւ 2-3  2021, էջ 86)։

ԱՐԽԻՒԱՄՈԼ, ած., Արխիւային նիւթերը պատմութեան միակ  անվիճելի աղբիւրը համարող //Արխիւներու մոլուցք՝ անդիմադրելի  հիւանդագին ձգտում ունեցող: Ուրեմն, որեւէ պատմագէտ չի կրնար հոսանքին հակառակ շարժիլ, քանի որ ամէն ինչի մեկնակէտը արխիւամոլ խոտորումն է, այլասերումն է (Բագ, թիւ 2- 3 2021, էջ 175)։

ԱՐԽԻՒԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆ, գ., Արխիւային նիւթերը պատմութեան միակ անվիճելի աղբիւրը համարելը //1. Արխիւամոլ ըլլալը: 2.  Արխիւամոլի յատկանիշը: Արխիւամոլութիւնը անգիտութեան թակարդն է՝ լարուած բնաջնջողներէն (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 177)։

ԱՐԽԻՒԱՑՆԵԼ, բ., Արխիւի՝ փաստերու անժխտելի աղբիւրի  վերածել, արխիւագրել //Արխիւաւորել, իբրեւ արխիւ պահել: Անոնք պիտի կամենային, որ իրենց վկայութիւնները արխիւացուէին, որպէսզի «իրողութիւն» բառը վերստին իմաստ մը ունենար քաղաքակրթուած մարդկութեան համար (Բագ, թիւ 2-3 2021,  էջ 176)։

ԱՐԽԻՒԱՑՈՒՄ, գ., Արխիւի՝ փաստերու անժխտելի աղբիւրի  վերածելը, արխիւագրելը // Արխիւացնելը, իբրեւ արխիւ պահելը։ Այո, ո՞ր արխիւը վերապրողին համար լուծում կրնայ ըլլալ, երբ արխիւացման կարողականութիւնն է որ զիս կը զրկէ ենթակայ ըլլալու կարողութենէն: Եթէ անոր պատճառով դատապարտուած եմ վերապրող ըլլալու առ յաւէտ (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 203)։

ԱՐԽԻՒԱՒՈՐՈՒԻԼ, բ. և չբ., Արխիւի՝ փաստերու անժխտելի  աղբիւրի վերածուիլ //Արխիւացվել, պահել իբրեւ արխիւ։ Արխիւաւորուած է, դամբանի մը վրայ արձանագրուած է, որպէսզի մարդիկ կարդան եւ սորվին անկէ, անորոշ ապագայի մը (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 131)։

ԱՐԾԻՒԱՆԱԼ, չբ., փխբ., բնստ., Աներկիւղ՝ անվեհեր ըլլալ, արծիւի պէս ազատ ըլլալ //Արծիւ՝ քաջ՝ անվախ դառնալ, խիզախանալ։ … Կը ներքաշուի ծուծին մէջը իր հողին/ կը լիանայ կ’արծիւանայ/ ուր յաջորդ օր/ ժայռէ փրթած բեկորի պէս/ նոյն դարպասը կը բանայ… (Պարութճեան Նորա, Զէրօ (2016-2021),  Երեւան, Լուսակն, 2022, 80 էջ (էջ 29))։

ԱՐՀԵՍՏԱԾԻՆ, ած., Բնական եղանակով չառաջացած՝ կեղծ,  արուեստական //Արհեստականորեն ծնված՝ ստեղծված։ Փաստօրէն ան, ի հեճուկս նշեալ հերձուածին ընդունեց, որ ՀՅԴ-ի միջոցներով սնանող ու անոր քաջալերանքով իր ողորմելի գոյութիւնը քարշ տուող այդ արհեստածին խմբակին կրաւորական կեցուածքները եւ օրն ի բուն ՀՅԴ-ին ծառայող յայտարարութիւնները, առ ոչինչ են (Զարթօնք, Հինգշաբթի, 14.07.2022):

ԱՐՁԱԳԱՆԳՈՒՄ, գ., Դէպքի մը (մանաւանդ չնախատեսուած) պատշաճօրէն՝ ըստ հարկի հակազդելը //Անդրադարձ  կատարելը, անդրադարձումը: Ըստ հաղորդագրութեան, Լաւրով եւ Մաուրեր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին միտքեր փոխանակած են աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ ճգնաժամային արձագանգման նիւթերու շուրջ, ներառեալ Սուրիոյ, Աֆղանիստանի, Միանմարի, ներուքրանական եւ ղարաբաղեան հակամարտութիւններու գօտիներուն մէջ մարդասիրական կացութիւնը (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 8):

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x