Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (10)

May 6, 2026

ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏՕՐԷՆ, մկբ., Արդիւնաւոր՝ արգասաւոր ձեւով,  արդիւնաշատօրէն, բեղուն արդիւնք տալով // Արդիւնաւէտ ձեւով,  ըստ նպատակի, շահաւէտ: Քննարկուեցան երկրի ապահովութեան, շրջանային մարտահրաւէրները դիմակայելու, երկրին մէջ առկայ լարուած բարոյահոգեբանական մթնոլորտը կարգաւորելու, սփիւռքի ներուժը արդիւնաւէտօրէն օգտագործելու առնչուող հարցեր (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 2):

ԱՐԵՒԱՄԱՂ, ած., Կենսատու լոյս՝ ջերմութիւն սփռող՝ ճառագայթող // Արեւ՝ լոյս՝ ջերմութիւն սփռող, լուսացող: Ինչպիսի՜ երաժշտականութեամբ, արեւամաղ յոյզերով կ’ընթանայ այս քերթողաշարքը, կը ցոլացնէ հրճուանքը, ինքնավստահութիւնը մարդոց որ կը ստեղծեն հացը կենաց (Վեհանոյշ Թէքեան, Իբրեւ Որդի եւ Նախահայր):

ԱՐԵՒԵԼԱԲԱՆ, ած., Ճոխ՝ հարուստ լեզու ունեցող // Արեւելեան լեզուներուն (արաբերէնին, պարսկերէնին) բնորոշ ճոխութիւն ունեցող։ Մարկ «Աղէտի վէպը»-ին մէջ կը նկարագրէ ինչպէս բացարձակ ենթարկուածութիւնն ու արեւելաբան ճառաբանութիւնը «բնիկը», երկիր մնացած հայը կը պահեն վիճակի մը մէջ, ուր անոր խօսքը բառացիօրէն չգործող դարձած է՝ անջատուած, կամ անոր վկայութիւնը առաջուց ջնջուած է (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 120)։

ԱՐԵՒԵԼԱՍԻՐԱԿԱՆ, ած., Եւրոպական արուեստի գործերու մէջ արեւելեան կենցաղի, բարքերու նկարագրութիւններուն վերաբերող //Արեւելեան ոճով երանգաւորուած։ Ասոնք են, որ երկար ատեն հայագիտութիւնը սահմանափակած են բանասիրութեան անունին տակ տիրական դարձած բնագրագիտութեան ծիրին մէջ՝ համեմուած արեւելասիրական (orientalism) նկրտումներով։ Վերջերս է միայն, որ մասամբ Նշանեանի արտադրութիւններու մղումով, արեւմտեան հայագիտութիւնը սկսած է շեշտել մտածումի տարրը (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 56)։

ԱՐԵՒԵԼԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ, գ., Եւրոպական արուեստի գործերու մէջ արեւելեան կենցաղի, բարքերու նկարագրութիւն//Եւրոպական մշակոյթի մեջ Արեւելքի երկիրներու արուեստին բնորոշ ոճաւորում: Այս բոլորին մէջ տակաւին կարելի է ընդնշմարել թէ ինչպէս հին արեւելասիրութիւնը դերակատար կը մնայ. ան այսօր կու գայ զգեստաւորուած ժամանակակից նորոյթի…. տիրական տեսութիւններու պատմուճանով…. (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 56)։

ԱՐԺԱՆԹԻՆՑԻ, ած., Արժանթին ծնած կամ հոն ապրող: Նշենք, որ արժանթինցի մարզիչ Մաուրիցիօ Փոքեթինոյի գլխաւորած կազմէն՝ Սեն Ժերմենէն իբրեւ հիմնական մարզիկ ներկայացած էին Լիոնել Մեսսի, Նէյմար եւ Քիլիան Էմպափէ (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 7):

ԱՐԺԵԶՐԿԻՉ, ած., Արժէքէ զրկող, երեւոյթի մը վարկը՝  պատիւը նսեմացնող//Արժեզրկող։ Ասիկա փորձառութիւնն է վերապրելու ջանքի մը, որ տեղի կ’ունենայ հարկադրաբար թշնամական, կամ արժեզրկիչ նկատուած շրջապատի մը մէջ (Գրիգոր Պըլտեան, Սարգիս Խաչենց, ՓՐԻՆԹԻՆՖՈ, «Իմացոթիւն գրադարան», Անտարես, 2017, էջ 53)։

ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ, գ., Գնահատում, վերարժէքաւորում //Գնահատում: Երէկ՝ երկուշաբթի, 19 հոկտեմբերին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ «Հայաստանը եւ տարածաշրջանը. դասեր, արժեւորումներ, հեռանկարներ» խորագիրով եռօրեայ միջազգային գիտաժողովը՝ նուիրուած 1921 թուականին կնքուած Մոսկուայի եւ Կարսի համաձայնագիրներու 100-ամեակին (Ազդակ, 20 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1,7): 

ԱՐԻՒՆԱՕԾ, ած., Արիւնով ողողուած, հոս՝ ոճիրի՝ եղեռնի զոհ դարձած //Արիւնով օծուած՝ պատուած, արիւնոտ։ Թերեւս ան, պահ մը մտովի կը միանար 1915-ի նահատակներուն, կը յիշէր արիւնաօծ բազմութիւնը հայորդիներուն, եւ առ Տէր կ’աղաչէր, որպէսզի օրհնուած Միւռոնով հաստատուին խաղաղութիւնն ու սէրը հայ հասարակութեան մէջ (Զարթօնք, Կիրակի, 10.07.2022):

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x