Մարդառոպոթներու դարը. Գործի՞ք, թէ՞ գործընկեր

April 23, 2026

Արհեստագիտական նորարարութիւնները յաճախ կը ներկայացուին որպէս իրարու յաջորդող շղթայական նուաճումներ. համակարգիչները կը դառնան աւելի արագ, թուային ծրագիրներն ու յաւելուածները՝ աւելի խելացի, իսկ մեքենաները՝ աւելի ինքնաշխատ։ Սակայն կան նորարարութեան պահեր, երբ փոփոխութիւնը ոչ միայն քանակական է, այլեւ՝ որակական։ Այսօր թերեւս այդպիսի պահ մը սկսած է ձեւաւորուիլ, երբ մեքենաները այլեւս չեն բաւարարուիր միայն ինքնաշխատ գործելով. անոնք սկսած են հասկնալ, յարմարիլ եւ որոշումներ տալ։

Արհեստագիտութիւնը կը թեւակոխէ նոր եւ ձեւափոխական փուլ մը։ Որպէս մեր լուռ գործընկերները, տասնամեակներ շարունակ գործարաններու մէջ միօրինակ աշխատանքներ կատարելէ ետք, մեքենաները այլեւս պարզապէս չեն հետեւիր հրահանգներու, այլ սկսած են զգալ, մտածել եւ գործել ինքնուրոյն։ Այս փոփոխութիւնը ծանօթ է որպէս ֆիզիքական արհեստական բանականութիւն-ԱԲ (Physical AI)։

Ի՞նչ է Ֆիզիքական ԱԲ-ն

Ֆիզիքական ԱԲ-ն այն կամուրջն է, որ թուայինը կը միացնէ նիւթականին։ Ի տարբերութիւն աւանդական ինքնաշխատ համակարգերուն, որոնք նոյն շարժումը կը կրկնեն առանց շրջապատին ուշադրութիւն դարձնելու, Ֆիզիքական ԱԲ-ն տեսակ մը «ինքնազգացողութիւն» կը շնորհէ մեքենաներուն։ Այս համակարգերը կրնան դիտել իրենց միջավայրը, վերլուծել տուեալները եւ ըստ այնմ պատշաճեցնել իրենց քայլերը։ Ըստ էութեան, հրահանգներու հետեւող ռոպոթներէն մենք կը փոխադրուինք դէպի որոշում տուող ռոպոթներ։

Թէեւ ռոպոթները տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունին, սակայն անոնց աւանդականները յաճախ «կոյր» են եւ դժուարութեան կը հանդիպին, երբ պայմանները փոխուին։ Ֆիզիքական ԱԲ-ն կը փոխէ այս իրականութիւնը՝ թոյլ տալով մեքենաներուն սորվիլ փորձառութենէն եւ գործել առանց մարդու մնայուն միջամտութեան։ Մեքենան արտաքնապէս կրնայ նոյնը թուալ, բայց «միտքը» հիմնովին սկսած է փոխուիլ։

Ինչո՞ւ Հիմա

Համաշխարհային քանի մը ազդակներ արագացուցած են այս հոլովոյթը.

Աշխատուժի պակաս. Աշխարհի բնակչութեան ծերացումը ինքնաշխատ լուծումներու հսկայական պահանջարկ ստեղծած է։

  • Արհեստագիտական հասունութիւն. Համակարգչային հզօրութիւնը եւ թուային կամ վերացական (virtual) փորձարկումները թոյլ կու տան ռոպոթներուն «մարզուիլ» թուային աշխարհի մէջ՝ նախքան իրական կեանք մտնելը։
  • Գործնական կիրարկում. Փորձագէտները կը հաստատեն, որ թեքնիք հիմնական դժուարութիւնները յաղթահարուած են։ Յաջորդ մարտահրաւէրը ոչ թէ մեքենան շինելն է, այլ զայն իրական կեանքի մէջ յաջողութեամբ տեղադրելը։

Մարդառոպոթներուն (humanoid) առտնին «առաքելութիւնը»

Թէեւ Ֆիզիքական ԱԲ-ն հիանալի կերպով կը գործէ մթերանոցներու եւ նաւահանգիստներու մէջ, սակայն մեր տուները տակաւին դժուարութիւն կու տան։ Տան մէջ ամէն ինչ աննախատեսելի է. առարկաները կը շարժին, իրավիճակները կը փոխուին։ Նոյնիսկ գաւաթ մը ջուր բռնելը կը պահանջէ «շօշափողական բանականութիւն» եւ վտանգը գնահատելու կարողութիւն, զորս մեքենաները նոր միայն սկսած են սորվիլ։ Այս իմաստով, մարդառոպոթները սկսած են յատուկ ուշադրութեան արժանանլ։ Անոնք այլեւս միայն գիտաերեւակայական պատկերներ չեն, այլ՝ աստիճանաբար կը մօտենան գործնական կիրառութեան։ Տնտեսական առումով, անոնք կը ներկայացնեն հսկայական ներուժ մը՝ յատկապէս այն միջավայրերուն մէջ, ուր աշխատուժը կը նուազի եւ ծախսերը կը բարձրանան։

Կը նախատեսուի, որ մինչեւ 2050 թուականը այս ոլորտը դառնայ քանի մը թրիլիոն տոլար գնահատուող շուկայ մը։ Ժամական ընդամէնը 2 տոլարի հասնող շահագործման ծախսով՝ անոնք կրնան լուծել աշխատուժի առնչուած բազմաթիւ հարցեր։

Գործի՞ք, թէ՞ գործընկեր

Ֆիզիքական ԱԲ-ն աշխարհը կը փոխադրէ անշարժ համակարգերէն դէպի յարմարողական համակարգեր։ Այս յեղաշրջումը պիտի վերափոխէ արտադրութեան եղանակը, առողջապահութիւնը եւ բեռներու փոխադրութիւնը՝ մեքենաները պարզ գործիքներէ վերածելով գործընկերներու։ Թէեւ մարդը տակաւին ունի վճռական դերակատարութիւն, սակայն ուղղութիւնը յստակ է. բանականութիւնը այլեւս բանտարկուած չէ համակարգչային ծրագիրներու մէջ, այլ փոխադրուած է ֆիզիքական աշխարհ։

Այս զարգացումները մեզի կը պարտադրեն վերատեսութեան ենթարկել աւելի լայն հարցում մը. ի՞նչ է մեքենան։ Եթէ անիկա այլեւս պարզ գործիք մը չէ, այլ որոշում տուող եւ գործող համակարգ մը, հետեւաբար ան ոչ միայն մասնակից կը դառնայ արտադրութեան, այլ նաեւ մեր առօրեայ կեանքին։

Այս իմաստով, Physical AI- Ան կը նշէ անցում մը՝ ինքնաշխատութենէն դէպի ինքնավարութիւն, կրկնութենէն դէպի ըմբռնում։

Եւ թերեւս ամենէն կարեւոր հարցը ապագային համար այլեւս այն չէ, թէ մեքենաները ի՞նչ կրնան ընել, այլ՝ մենք ինչպէ՞ս պիտի ապրինք անոնց հետ։

Պատրաստութիւն՝ «Տարբերակ21»-ի

2
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x