TAP՝ Հայաստանի մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններու առաջադրանքով

April 11, 2024

«Հայաստան Ծրագիրը» (The Armenia Project կամ պարզապէս TAP) իր պաշտօնական մեկնարկը կատարեց 4 ապրիլին՝ հանրութեան առջեւ բացուած յայտարարելով իր կայքըէջը՝ www.armeniaproject.org: Հիմուած իբրեւ ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւն մը, TAP-ի առաքելութիւնը կ’ընդգրկէ լրագրութիւնը եւ լրատուական ու հաղորդակցութեան միջոցները՝ հիմնական նպատակ ունենալով խթանել Հայաստանի ժողովրդավարական եւ տնտեսական զարգացումը միջազգային գետնի վրայ:

Գործելով Հայաստանէն եւ իր հասանելիութիւնը ծաւալելով աշխարհի տարածքին, TAP կը կեդրոնանայ հիմնական երեք ոլորտներու վրայ` դիւրացնել լրագրողներու այցելութիւնը Հայաստան՝ մեր հայրենիքին մասին ականատեսի վկայութեամբ զեկուցելու եւ զանոնք ներգրաւուելու, որ գրեն մեր մշակոյթին, ժառանգութեան եւ աշխարհաքաղաքական իրողութիւններուն մասին դասական եւ թուայնացած մամուլին մէջ:  Տակաւին, TAP պատրաստ է ներդրումներ կատարելու երիտասարդ լրագրողներու, influencer-ներու եւ լրատուական արդի միջոցներու մասնագէտ երիտասարդ տարրերու պատրաստութեան մէջ:

Հ.Հովնանեան ընտանիքի հիմնադրամի նախագահ Էտել Հովնանեան յայտնեց, թէ TAP-ը կը միտի Հայաստանի ներշնչող պատմութիւնը տարածելու աշխարհի մէջ՝ հետամուտ ըլլալով Հայաստանի մօտեցումներու ու հայեացքներուն եւ տարածաշրջանային իրականութեանց ճշգրիտ անդրադարձին արեւմտեան լրատուամիջոցներուն մէջ: TAP-ի գաղափարը ծնունդ առած է 2020-ի պատերազմէն ետք՝ Հ.Հովնանեան հիմնադրամի եւ Թուֆենքեան հիմնադրամի համագործակցութեամբ ու զօրակցութեամբ՝ խումբ մը միջազգային հաղորդակցութեան մասնագէտներու:

Իր հիմնադրութենէն ի վեր, TAP իրագործած է տարբեր նախաձեռնութիւններ՝ լոյս սփռելով Հայաստանի աշխարհաքաղաքական տեսադաշտին, մշակութային հարստութեան, զարգացող արհեստագիտութեան եւ զբօսաշրջութեան զարգացման վրայ: Նշանակալից ձեռքբերումները կ’ընեգրկեն լրագրական շրջապտոյտներու կազմակերպումը դէպի Հայաստան, միջազգային մամուլին մէջ Հայաստանին մասին բացը կամրջելու աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի մասին ակնարկներու եւ յօդուածներու հրապարակումը միջազգային առաջնորդող լրատուամիջոցնեու եւ ընկերային ցանցերու մէջ:

TAP-ի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Արտա Նազերեանի համաձայն, կազմակերպութեան ռազմավարական նպատակն է հետեւիլ Հայաստանի մասին շրջող տեղեկութիւններուն եւ ճշդել զանոնք ժամանակակից եւ վաւերական լրատուութեամբ: TAP-ի առաքելութեան մաս կը կազմէ նաեւ լրագրական կրթութիւնն ու մասնագիտական զարգացումը՝ սեմինարներու, առցանց լսարաններու եւ վարժողական դասընթաքներու միջոցով:

Նշենք, որ TAP ամբողջ էջ մը ծանուցում-յայտարարութիւն հրապարակած էր Washington Post-ի եւ New York Times-ի մէջ 2023 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը քննարկելու նպատակով գումարուած ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին եւ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի ժողովներուն ընթացքին:

TAP աշխատանքային գործակցութիւն հաստատած է նաեւ Հայաստանի մէջ գործող «EVN Report» եւ «Civilnet» անգլիալեզու լրատուական միջոցներուն եւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին հետ:

 

 

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x