Peregrine տիեզերանաւուն լուսնային առաքելութիւնը կը ձախողի

January 15, 2024

Ամերիկեան Astrobotic Technology ընկերութեան պատկանող Peregrine տիեզերանաւը, որ իբրեւ առաջին անհատական նախաձեռնութիւն, յատուկ առաքելութեամբ մը ճամբայ ելած էր Լուսնի վրայ էջք կատարելու, խանգարուած է վառելանիւթի փախուստի հետեւանքով, ու պարտադրաբար կը վերադառնայ Երկիր: Astrobotic յայտարարեց, որ շատ հաւանաբար, Peregrine այրի երկրի մթնոլորտ մուտքի ընթացքին:

8 Յունուարին, Vulcan Centaur հրթիռով (Boeing-ի եւ Lockheed-ի պատկանող) արձակումէն անմիջապէս ետք, հրթիռէն անոր բաժանուելէն կարճ ժամանակ անց տիեզերանաւուն մէջ տեղի ունեցած է պայթում մը եւ յստակ դարձած է, որ վառելանիւթի արտահոսքի պատճառով, ան պիտի չկարենայ հանգիստ վայրէջք կատարել Լուսնին վրայ, ինչպէս նախատեսուած էր: Astrobotic-ի մասնագէտները, սակայն, ՆԱԶԱ-ի անունով յայտարարեցին, որ օգտուած են այս առաքելութենէն՝ գիտական ​​փորձարկումներ կատարելով եւ տուեալներ հաւաքելով, զորս պիտի յայտարարեն հետագային:

Փենսիլվանիա նահանգի Փիթսպըրկ քաղաքը գտնուող Astrobotic ընկերութեան վերջին հաղորդագրութիւնը կը նշէ. «մեր վերջին գնահատականները ցոյց կու տան, որ տիեզերանաւը կը շարժի դէպի Երկիր, ուր ան հաւանաբար այրի մթնոլորտին մէջ»: Astrobotic կ’աւելցնէ, թէ ռոպոթը աւելի քան հինգ օրէ ի վեր արդէն տիեզերքի մէջ է եւ ներկայիս կը գտնուի մեր մոլորակէն 390 հազար քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Բացի գիտական ​​սարքաւորումներէ, տիեզերանաւը ապրանքներ կը փոխադրէր Astrobotic-ի յատուկ յաճախորդներու, ներառեալ՝ մարզական ըմպելիքի տուփ, ֆիզիքական պիթքոյն, մոխիր եւ մարդկային ու կենդանիներու DNA: Տիեզերանաւը նաեւ կը փոխադրէր ՆԱԶԱ-ի պատկանող 108 միլիոն տոլար արժողութեամբ գիտական ​​սարքաւորումներ:

Առայժմ միայն չորս երկրներ՝ Միացեալ Նահանգներ, Խորհրդային Միութիւն, Չինաստան եւ Հնդկաստան յաջողած են տիեզերանաւ վայրէջք կատարել Լուսնի մակերեսին: Անոնցմէ միայն Միացեալ Նահանգներն է, որ մարդ առաքած է հոն: Վերջին տարիներուն, իսրայէլեան եւ ճափոնական անհատական ընկերութիւններ նոյնպէս փորձած են վայրէջք կատարել Լուսնի վրայ, սակայն այդ առաքելութիւնները աւարտած են դժբախտ պատահարներով:

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x