MODERNA. Մորթի քաղցկեղը դարմանող պատուաստ՝ շուտով

March 28, 2024
Asbe Istock Getty Images

«Մոտերնա» (Moderna Laboratories) ընկերութեան գործադիր ընդհանուր տնօրէն Ստեֆան Պանսել ֆրանսական AFP լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցի մը մէջ յայտարարեց, որ մորթի քաղցկեղը դարմանելու միտող՝ ընկերութեան կողմէ մշակուած պատուաստանիւթը կրնայ համապատասխան մարմիններու հաւանութիւնը ստանալ 2025-ին: «Մենք կը կարծենք, որ այս պատուաստը որոշ երկիրներու մէջ պիտի արժանանայ շտապ հաւանութեան՝ 2025-էն առաջ իսկ», – ըսաւ ան՝ աւելցնելով, «այս պատուաստը նախատեսուած չէ կանխելու հիւանդութեան զարգացումը, ինչպէս աւանդական պատուաստը, այլ կրնայ բուժել զայն, երբ յայտնուի, թէեւ ան կ’օգտագործէ նոյն սկզբունքը. զօրացնել մարմնին դիմադրողականութիւնը»:

Ըստ Պանսելի, բուժական պատուաստները այսօր իրական յոյս կը ներշնչեն քաղցկեղային ուռերու դարմանումին՝ իբրեւ ախտամերժ դեղամիջոցներու նոր սերունդ: Նման դեղերու առաջին սերունդը յատկապէս կը ներկայացնէ աւելի ընթացիկ դեղերը, ինչպէս՝ «Keytruda»ն, մշակուած Merck ընկերութեան կողմէ (ծանօթ «MSD» անունով Միացեալ Նահանգներէն եւ Գանատայէն դուրս): Նորաստեղծ պատուաստին փորձառկումները կը նկատուին շատ խոստմնալից:

Այս պատուաստը իրագործուած է RNA արհեստագիտութեան կիրարկումով, որուն արդիւնաւէտութիւնը փաստուեցաւ քորոնա ժահրի ժամանակ Moderna COVID-19 պատուաստով: Շուրջ 160 յառաջացած մորթի քաղցկեղէ (melanoma) տառապող հիւանդներու վրայ կատարուած փորձարկումներուն ընթացքին պատուաստին օգտագործումը հակաքաղցկեղային Keytruda դեղին առընթեր, երեք տարուան ընթացքին 49% տոկոսով պակսեցուցած է քաղցկեղի կրկնութեան կամ մահացութեան պարագաները:

Moderna ընկերութիւնը անցեալ տարի արդէն հրապարակած էր իր երկամեայ փորձարկումներուն արդիւնքները, որոնք ցոյց կու տային վտանգի նուազումը 44 տոկոսով: «Ողջ մնալու համեմատութիւններու տարբերութիւնը երթալով կ’աճի», – յայտնեց Պանսել: Ան ընդգծեց, թէ բուժումը, որ կ’արդիւնաւորուի «երկու անձերէ մէկուն» պարագային՝ բաղդատած անոնց, որոնք ստացած են շուկային մէջ առկայ լաւագոյն բուժումը ուռուցքաբանութեան մարզին մէջ, «բացառիկ երեւոյթ է»: Ուստի, ըստ Պանսելի, այս տուեալները կրնան արտօնել պատուաստին օգտագործումը՝ առանց սպասելու երրորդ փուլի փորձարկման արդիւնքներուն, որ սկսած էր անցեալ յուլիսին:

Յիշեցնենք, որ Moderna ընկերութեան գլխաւոր հիմնադիրը կը նկատուի լիբանանահայ Նուպար Աֆէեան:

 

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x