Hollywood-ի մրցանակներու շրջանը սկսած է
January 20, 2026
Hollywood-ի մրցանակներու շրջանը պաշտօնապէս սկսած է, եւ արդէն երկրորդ հիմնական մրցանակաբաշխումը իր աւարտին հասած է։ Առաջինը՝ Critics’ Choice Movie Awards-ն էր, իսկ երկրորդը՝ աշխարհահռչակ Golden Globe Awards-ը։ Սովորաբար առաջին մրցանակաբաշխութենէն յաղթող դուրս եկողը յոյս կ’ունենայ երկրորդէն ալ մրցանակ մը շահելու։ Թէեւ շատ անգամ այդպէս կը պատահի, սակայն պայման չէ․ իւրաքանչիւր մրցանակաբաշխութիւն ունի իր առանձնայատուկ դատական կազմը, տարբեր չափանիշներ եւ տեսակէտներ։ Մասնակիցները բազմաթիւ են, եւ ի վերջոյ բոլորը գոհ պահելը նախընտրելի է։
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս քաղաքական արտայայտութիւններն ու «մրցանիշ» պահերը չէին պակսեր մրցանակաբաշխութեան երեկոներէն։

Անցեալ տարուան գլխաւոր նիւթը Կազայի իսրայէլեան ջարդերն էին։ Մասնակիցներուն զգալի մասը՝ թէ՛ կարմիր գորգին վրայ, թէ՛ բեմէն, բացայայտ կերպով արտայայտեցին իրենց կեցուածքը՝ մասնաւորապէս մեղադրելով Ամերիկայի միացեալ նահանգներու նախագահը, որ սկզբունքով ունէր այս պատերազմին վերջ տալու կարողութիւնը, սակայն շարունակեց անորոշ ու փոփոխական դիրքորոշում մը որդեգրել։ Այս տարի, սակայն, հիմնական կոչը ուղղուած էր ոչ թէ դէպքի մը, այլ անձի մը՝ նախագահի կերպարին, ըլլա՛յ ներքին քաղաքականութեան, ըլլա՛յ արտաքին հարցերու շրջագիծին մէջ։ Մէկ խօսքով՝ Robert De Niro-ի(1) ելոյթը։
Քաղաքականութենէն հաճոյքով հեռանալով՝ անդրադառնանք նաեւ այն նիւթին, որ գրեթէ միշտ կը կրկնուի մրցանակ շահողներու պարագային՝ մրցանիշի մը հաստատումը կամ ժամանակի հոսանքներուն ակնարկելը։

Golden Globe Awards-ի երեկոյեան պատմական մրցանիշ մը արձանագրուեցաւ, երբ Wagner Moura(2) դարձաւ առաջին պրազիլցի դերասանը, որ Golden Globe-ի արժանացաւ՝ իբր լաւագոյն դերասան (The Secret Agent ֆիլմով)։

Teyana Taylor(3), One Battle After Another ֆիլմին մէջ իր երկրորդական դերին համար լաւագոյն դերասանուհիի մրցանակը ստանալով, իր շնորհակալական խօսքին մէջ մրցանակը նուիրեց «իր նման սրճագոյն քոյրերուն եւ փոքրիկ սրճագոյն աղջիկներուն»։

Ricky Gervais շահեցաւ լաւագոյն stand-up comedy-ի մրցանակը՝ Ricky Gervais: Mortality ծրագրով։ Միասեռական comedian Wanda Sykes(4), ներկայացնելով այս բաժինը, օգտագործեց միասեռական հասարակութեան դէմ արտայայտուած Ricky Gervais-ի բացակայութիւնը եւ անոր լեզուով հեգնանքով շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ միասեռական հասարակութեան։

Melissa McCarthy եւ Kathryn Hahn(5), իբրեւ ներկայացնողներ Best Male Actor – Television – Limited Series, Anthology Series or Television Motion Picture բաժինը, հեգնական ակնարկներ ըրին տղամարդակեդրոն այս ասպարէզին մասին

Paul Thomas Anderson-ի(6) One Battle After Another դարձաւ երեկոյեան ամենաշատ մրցանակ շահող ֆիլմը՝ ինը թեկնածութիւններէն շահելով չորսը։ Անոր կը յաջորդեն՝ Sinners (եօթը թեկնածութիւն), Hamnet (վեց), The Secret Agent (երեք) եւ KPop Demon Hunters (երեք), որոնցմէ իւրաքանչիւրը ստացաւ երկու մրցանակ։ Մինչդեռ Նորվեկիան ներկայացնող Sentimental Value ֆիլմը, բեմադրութեամբ Joachim Trier-ի, ութ թեկնածութիւններէն շահեցաւ միայն մէկը, իսկ Guillermo del Toro-ի Frankenstein-ը՝ հինգ թեկնածութիւններէն ոչ մէկը։

Sentimental Value-ով լաւագոյն դերասանի մրցանակին արժանացած Stellan Skarsgård(7) սրտաբուխ խօսք արտասանեց՝ ընդգծելով, որ սինեմայի ֆիլմը պէտք է դիտուի սինեմայի սրահին մէջ։

Մենք՝ իբրեւ հայեր, այս երեկոյեան երկու թեկնածու ունէինք՝ Սեւ Օհանեան(8) (Sinners) եւ Մատըլին Շարաֆեան (9) (երկարատեւ animation՝ Elio)։ Sinners-ը նաեւ լաւագոյն ֆիլմի թեկնածութիւն ունէր։ Եթէ շահէր, Սեւ Օհանեան պիտի դառնար մրցանակակիր՝ իբր արտադրիչ եւ ֆիլմի

սեփականատէր։ Ցաւօք, երկուքն ալ չշահեցան։ Սակայն Սեւ Օհանեան արժանացաւ երկու տարի առաջ ստեղծուած բաժինի մը մրցանակին՝ Cinematic and Box Office Achievement։ Այս բաժինին մէջ կը ներառուին այն ֆիլմերը, որոնք մուտք ձգած են

առնուազն 150 միլիոն ամերիկեան տոլար, որոնցմէ առնուազն 100 միլիոնը՝ ամերիկեան սրահներէն կամ առցանց հարթակներէ։ Ան ունէր եօթը մրցակից։ Sinners-ի բեմադրիչ Ryan Coogler(10) իր տարազին վրայ կրած էր հայկական գոհարեղէն՝ Marli վաճառանիշով։ Marli-ն հիմնուած է 2014-ին՝ Նիւ Եորքի մէջ, Մարալ Արթինեանի կողմէ։

Երեկոյի ներկայ աստղերէն, գոնէ ինծի համար, ամենէն հաճելի եւ ուրախալի պահերէն մէկը Julia Roberts-ի(11) ներկայութիւնն էր։ Թէեւ ան թեկնածու էր լաւագոյն դերասանուհիի մրցանակին (After the Hunt ֆիլմով), սակայն չշահեցաւ։ Julia Roberts, իր հռչակաւոր լայն ժպիտով, նաեւ ներկայացուց լաւագոյն երաժշտական կամ comedy ֆիլմի բաժինը, ուր իբր վեթերան դերասան՝ խորապէս զգացական խօսք ուղղեց նոր սերունդի դերասանուհի, բեմադրիչ եւ գրող Eva Victor-ին՝ հրապարակաւ քաջալերելով զայն եւ անոր Sorry, Baby ֆիլմը։
Յաջորդ եւ ամենէն սպասուած մրցանակաբաշխումը՝ Օսքարները, տեղի պիտի ունենայ մարտ 15-ին, իսկ թեկնածուները պիտի յայտարարուին մօտ օրէն՝ յունուար 22-ին։ Մաղթենք բազմաթիւ թեկնածութիւններ Սեւ Օհանեանին եւ Մատըլին Շարաֆեանին։