(G-ով եւ H-ով սկսող բառեր) Անգլերէն–արեւմտահայերէն արհեստագիտական բառարան

October 13, 2026

G

GENERATIVE AI (GenAI) —ստեղծարար ԱԻ / ծնող ԱԻ

Արուեստական իմացականութեան համակարգ մը, որ իր ստացած հրահանգներուն եւ մարզման ընթացքին սորված օրինաչափութիւններուն հիման վրայ կրնայ նոր բնագիր, պատկեր, ձայն, տեսանիւթ, քոտ կամ այլ բովանդակութիւն ստեղծել։

Օրինակ. Ստեղծարար ԱԻ-ն կրնայ բնագիր մը ամփոփել, պատկեր մը ստեղծել կամ նոր քոտ առաջարկել։

Կարգավիճակ. Տարբերակ21-ի գործածութիւն / նախընտրելի եզր։

GENERATE — ստեղծել / արտադրել

ԱԻ համակարգի կողմէ իր մարզումին եւ ստացած հրահանգին հիման վրայ նոր բովանդակութիւն պատրաստելու գործողութիւն։

Օրինակ. ԱԻ համակարգը քանի մը երկվայրկեանի մէջ կրնայ պատկեր մը ստեղծել։

Կարգավիճակ. քոնթեքսթէն կախեալ։ Generate-ը ամէն պարագայի մէջ նոյն հայերէն բառով թարգմանելը նպատակայարմար չէ. բնագիր կամ պատկեր կարելի է «ստեղծել», իսկ որոշ արհեստագիտական քոնթեքսթներու մէջ «արտադրել»-ը աւելի բնական կրնայ ըլլալ։

GENERATED CONTENT — ստեղծուած բովանդակութիւն / ԱԻ-ով ստեղծուած բովանդակութիւն

Մարդու, ծրագրի կամ յատկապէս ծնող ԱԻ համակարգի միջոցով ստեղծուած բնագիր, պատկեր, ձայն, տեսանիւթ կամ այլ նիւթ։

Օրինակ. ԱԻ-ով ստեղծուած բովանդակութիւնը հրապարակելէ առաջ պէտք է ստուգել անոր ճշգրտութիւնը։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

H

HALLUCINATION — շինծու տեղեկութիւն / անհիմն պատասխան

Երեւոյթ մը, երբ ԱԻ համակարգը վստահ հնչեղութեամբ կը ներկայացնէ սխալ, հնարուած կամ փաստերով չհիմնաւորուած տեղեկութիւն մը։

Օրինակ. ԱԻ-ի ներկայացուցած աղբիւրը պէտք է ստուգել, որովհետեւ համակարգը կրնայ շինծու տեղեկութիւն արտադրել։

Կարգավիճակ. Քննարկելի։

Անգլերէն hallucination-ի բառացի թարգմանութիւնը՝ «ցնորք», բժշկական եւ հոգեբանական իմաստ ունի։ ԱԻ-ի շրջագիծին մէջ «շինծու տեղեկութիւն» կամ «անհիմն պատասխան» աւելի յստակ կը բացատրէ երեւոյթը։

HARDWARE — սարքակազմ

Համակարգիչի կամ թուային համակարգի ֆիզիքական բաղադրիչներու ամբողջութիւնը՝ մշակիչ, յիշողութիւն, սկաւառակ, ցուցադրիչ եւ այլ սարքեր։

Օրինակ. Նոր ԱԻ համակարգերը երբեմն մասնագիտացած եւ շատ հզօր սարքակազմ կը պահանջեն։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

HUMANOID — մարդակերպ

Մարդու մարմնական ձեւին կամ արտաքին կառուցուածքին նմանող։ Եզրը պարտադիր ռոպոթ չի նշանակեր։
Օրինակ. Սարքը մարդակերպ կառուցուածք ունի՝ գլուխով, իրանով, ձեռքերով եւ ոտքերով։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

HUMANOID ROBOT — մարդառոպոթ / մարդակերպ ռոպոթ

Մարդու մարմնական կառուցուածքին նմանող ռոպոթ՝ սովորաբար գլուխով, իրանով եւ վերջաւորութիւններով։ «Մարդառոպոթ»-ը սեղմ եզրն է, իսկ «մարդակերպ ռոպոթ»-ը՝ բացատրական տարբերակը։

Օրինակ. Նոր մարդառոպոթը կրնայ քալել, առարկաներ վերցնել եւ մարդոց հետ հաղորդակցիլ։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

HYBRID WORK — խառնածին աշխատանք

Աշխատանքի ձեւ մը, ուր աշխատողը իր պարտականութիւններուն մէկ մասը կը կատարէ աշխատավայրին մէջ, իսկ մէկ մասը՝ հեռավար։

Օրինակ. Ընկերութիւնը խառնածին աշխատանքի դրութիւն որդեգրած է՝ շաբաթուան որոշ օրերուն աշխատակիցներուն հեռավար աշխատելու կարելիութիւն տալով։

Կարգավիճակ. Տարբերակ21-ի գործածութիւն։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x