(D-ով սկսող բառեր) Փորձ անգլերէն–արեւմտահայերէն արհեստագիտական բառարանի կազմութեան

October 9, 2026

D

DATA — տուեալներ

Փաստերու, թիւերու, բնագիրներու, պատկերներու, ձայներու կամ այլ տեղեկութիւններու ամբողջութիւնը, որ կարելի է պահել, մշակել եւ վերլուծել։

Օրինակ. ԱԻ համակարգին որակը մեծ չափով կախեալ է այն տուեալներէն, որոնցմով ան մարզուած է։

Կարգավիճակ. Տարբերակ21-ի գործածութիւն։

DATABASE — տուեալներու շտեմարան

Կազմակերպուած տուեալներու հաւաքածոն, որ նախատեսուած է տեղեկութիւնը պահպանելու, գտնելու, փոփոխելու եւ մշակելու համար։

Օրինակ. Թուայնացուած թերթերը կարելի է պահել որոնելի տուեալներու շտեմարանի մէջ։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

DATA CENTER — տուեալներու կեդրոն

Շէնք մը կամ մասնագիտացած կառոյց մը, ուր մեծ թիւով սպասարկիչներ եւ հաշուարկային այլ սարքեր կը պահուին ու կը գործարկուին։

Օրինակ. Մեծ ԱԻ համակարգերը աշխատեցնելու համար ընկերութիւնները հզօր տուեալներու կեդրոններ կը կառուցեն։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

DATASET — տուեալներու հաւաքածոյ

Որոշ նպատակով հաւաքուած եւ կազմակերպուած տուեալներու ամբողջութիւն մը, որ կրնայ գործածուիլ ուսումնասիրութեան, վերլուծութեան կամ ԱԻ մոտելի մարզման համար։

Օրինակ. Արեւմտահայերէնի մեծ ու որակաւոր տուեալներու հաւաքածոները անհրաժեշտ են լեզուական ԱԻ համակարգեր զարգացնելու համար։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

DEEP LEARNING — խոր ուսուցում

Մեքենական ուսուցման ճիւղ մը, որ նեարդային բազմաշերտ ցանցեր կը գործածէ մեծածաւալ տուեալներու մէջ բարդ օրինաչափութիւններ սորվելու համար։

Օրինակ. Խոր ուսուցումը մեծ դեր ունեցած է պատկերներու ճանաչման եւ ժամանակակից լեզուական մոտելներու զարգացման մէջ։

Կարգավիճակ. Տարբերակ21-ի գործածութիւն։

DEEPFAKE — ԱԻ-ով կեղծուած պատկեր / ձայն / տեսանիւթ

ԱԻ-ի միջոցով ստեղծուած կամ փոփոխուած պատկեր, ձայն կամ տեսանիւթ, որ իրական մարդու տեսքն ու ձայնը համոզիչ կերպով կը նմանակէ եւ կրնայ իրական թուիլ։

Օրինակ. ԱԻ-ով կեղծուած տեսանիւթը կրնայ այն տպաւորութիւնը ստեղծել, թէ անձ մը ըսած կամ ըրած է բան մը, որ իրականութեան մէջ չէ ըրած։

Կարգավիճակ. Քննարկելի։ Deepfake-ի համար մէկ կարճ եւ բնական արեւմտահայերէն եզր վերջնական չենք հաստատեր ։

DEVELOPER — մշակող

Անձ մը կամ խումբ մը, որ ծրագիր, յաւելուած, կայք, ԱԻ համակարգ կամ թուային այլ արտադրանք կը ստեղծէ եւ կը կատարելագործէ։

Օրինակ. Մշակողները նոր տարբերակին մէջ անվտանգութեան քանի մը փոփոխութիւն կատարեցին։

Կարգավիճակ. Տարբերակ21-ի գործածութիւն։

DIGITAL — թուային

Համակարգիչներու, թուային տուեալներու կամ ելեկտրոնային արհեստագիտութիւններու հետ առնչուող։

Օրինակ. Թուային միջավայրը լեզուներուն համար նոր կարելիութիւններ եւ նոր մարտահրաւէրներ ստեղծած է։

Կարգավիճակ. Տարբերակ21-ի գործածութիւն։

DIGITAL DIVIDE — թուային խզում / թուային անհաւասարութիւն

Անհատներու, համայնքներու կամ երկիրներու միջեւ տարբերութիւն՝ թուային սարքերու, համացանցի, գիտելիքի եւ նոր արհեստագիտութիւններու հասանելիութեան ու գործածութեան կարելիութիւններուն մէջ։

Օրինակ. ԱԻ-ի արագ տարածումը կրնայ խորացնել թուային անհաւասարութիւնը այն համայնքներուն մէջ, որոնք չունին համապատասխան ենթակառոյց կամ կրթութիւն։

Կարգավիճակ. Քննարկելի։ «Թուային խզում»-ը մօտ է անգլերէն եզրին, իսկ «թուային անհաւասարութիւն»-ը իմաստը աւելի կը բացատրէ։

DIGITAL FOOTPRINT — թուային հետք

Այն տեղեկութիւններու եւ գործողութիւններու հետքը, զոր անձ մը կը ձգէ համացանցի եւ թուային ծառայութիւններու գործածութեան ընթացքին։

Օրինակ. Ընկերային ցանցերու հրապարակումները անձի թուային հետքին մէկ մասը կը կազմեն։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

DIGITAL INFRASTRUCTURE — թուային ենթակառոյց

Թուային ծառայութիւններու աշխատանքը կարելի դարձնող ցանցերու, սպասարկիչներու, տուեալներու կեդրոններու, ծրագրային համակարգերու եւ այլ միջոցներու ամբողջութիւնը։

Օրինակ. Փոքր լեզուներու թուային ապագան նաեւ համապատասխան թուային ենթակառոյցի ստեղծում կը պահանջէ։

Կարգավիճակ. Տարբերակ21-ի բառապաշարին բնական շարունակութիւն։

DIGITAL LITERACY — թուային գրագիտութիւն

Թուային սարքերը, ծառայութիւնները եւ տեղեկատուական աղբիւրները հասկնալու, ապահով եւ քննադատական կերպով գործածելու կարողութիւն։

Օրինակ. Թուային գրագիտութիւնը այսօր կրթութեան հիմնական կարողութիւններէն մէկը դարձած է։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

DIGITAL PLATFORM — թուային հարթակ

Առցանց միջավայր մը կամ ծառայութիւն մը, ուր օգտագործողները կրնան հաղորդակցիլ, բովանդակութիւն հրապարակել, ծառայութիւն ստանալ կամ թուային այլ գործողութիւններ կատարել։

Օրինակ. Թուային հարթակը հեղինակներուն կարելիութիւն կու տայ իրենց աշխատանքը անմիջապէս ընթերցողին հասցնելու։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

DISINFORMATION —ապատեղեկատուութիւն

Սխալ կամ մոլորեցուցիչ տեղեկութիւն մը, որ գիտակցաբար կը ստեղծուի կամ կը տարածուի մարդիկ խաբելու, մոլորեցնելու կամ անոնց վրայ ազդելու նպատակով։

Օրինակ. Ծնող ԱԻ-ն կրնայ նաեւ դիտաւորեալ ապատեղեկատուութիւն արտադրելու եւ արագ տարածելու համար գործածուիլ։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

Այս բառը հետագային պէտք է յստակ տարբերակենք misinformation-էն, ուր սխալ տեղեկութիւնը ոչ անպայման դիտաւորեալ տարածուած կ’ըլլայ։

DOWNLOAD — ներբեռնել

Համացանցէն կամ հեռակայ համակարգէ թղթածրար մը կամ տուեալներ փոխանցել օգտագործողին սարքին վրայ։

Օրինակ. Օգտագործողը կրնայ զեկուցումը PDF ձեւաչափով ներբեռնել։

Կարգավիճակ. Ընդունուած / լայն գործածութիւն։

DRONE — անօդաչու սարք / տրոն

Հեռակայ կերպով ղեկավարուող կամ ինքնավար թռչող սարք, որ կրնայ գործածուիլ լուսանկարման, չափագրութեան, առաքման, երկրագործութեան եւ բազմաթիւ այլ նպատակներով։

Օրինակ. Երկրագործական տրոնները կրնան դաշտերուն վիճակը օդէն վերահսկել։

Կարգավիճակ. Քննարկելի։ «Անօդաչու սարք»-ը բացատրական եւ ճշգրիտ է, մինչ «տրոն»-ը կարճ եւ գործածական տարբերակն է։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x