«Bis»-ը, «Bravo»-ն, «Encore»-ը եւ արուեստի աշխարհին սովորութիւններն ու նախապաշարումները

August 30, 2025

Կան սովորութիւններ կամ աւանդութիւններ, որոնց ծագումին մասին գաղափար չունինք, բայց միշտ ալ կը շարունակենք պահել զանոնք։ Վերջերս զանազան մարդոց հետ զրոյցներու ընթացքին պատահեցաւ, որ հանդիպիմ քանի մը հետաքրքրական օրինակներու՝ կապուած բեմի եւ սինեմայի։

1 յոտնկայս ծափահարութիւն

Լիբանանի մէջ (հաւանաբար նաեւ այլուր), թատերական ներկայացումի աւարտին, եթէ գործը շատ սիրուի, հանդիսատեսը յոտնկայս ծափահարելով(1) «պրաւօ» կը բացագանչէ։ Իսկ երգահանդէսի, նուագահանդէսի, պարահանդէսի, ասմունքի կամ որեւէ այլ ելոյթի վերջաւորութեան, «պրաւօ»-ի կողքին կը լսուի նաեւ «Bis» բառը, որով հանդիսատեսը կը պահանջէ վերջին գործի կրկնութիւնը։ Պարզ բան մըն է, բայց մտածա՞ծ ենք երբէք՝ ուրկէ եկած է այս բառը։

«Bis»-ը լատիներէնով կը նշանակէ «կրկին», «դարձեալ»։ Միայն մէկ վանկանի այս կարճ բառը խորապէս կը քաջալերէ եւ կ՛ոգեւորէ արուեստագէտը՝ ցոյց տալով հանդիսատեսին սէրը իր գործին հանդէպ։

2 La Scala

Սկիզբը գործածուած է եւրոպական դասական երաժշտութեան նօթերու թուղթերու վրայ՝ այն նօթերուն, որոնք պէտք էր կրկնուէին։ Հոնկէ ալ անցած է հանդիսատեսին կողմը, մանաւանդ լատինախօս երկիրներուն մէջ եւ անոնց իշխանութեան տակ երկար տարիներ ապրած երկիրներուն մէջ, ինչպէս Լիբանանի։ Ժամանակի ընթացքին «Bis»-ը փոխարինուած է «Encore» բառով։ Հետաքրքրական է, որ լիբանանահայ հանդիսատեսը մինչեւ այսօր կը պահէ «Bis»-ը, մինչդեռ արաբ հանդիսատեսը կ’օգտագոր է «Encore»։

Լիբանանի Ալ Մատինա թատերասրահը

Երկրորդ օրինակ մը՝ սինեմայի սրահներու նստարաններու կարմիր գոյնն է։ Թէեւ առաջին ֆիլմի ցուցադրութիւնը՝ Lumière եղբայրներուն գործը տեղի ունեցաւ 1895-ին, Փարիզեան պարզ սրահի մը մէջ՝ Salon Indien du Grand Café, տախտակէ աթոռներով, բայց մեր օրերու կարմիր աթոռներու աւանդոյթը եկած է 18–19-րդ դարերու եւրոպական, յատկապէս իտալական (La Scala(2)) եւ ֆրանսական (Palais Garnier) օփերային սրահներէն՝ իբր ճոխութեան եւ պերճանքի նշան։ Կարմիր գոյնը հոգեբանական ազդեցութիւն ունի՝ աւելի ջերմ ու գրաւիչ է։ Սրահի մթութեան մէջ, կարմիր թաւշեայ աթոռները կը թուին աւելի մութ բաղդատած սրահի մնացեալ գոյներուն, որ հանդիսատեսը կեդրոնանայ բեմին, այս պարագային, պաստառին վրայ։ Բացի այդ, թաւիշը այն ժամանակ մատչելի եւ հասանելի եղած է։

Այս երկու օրինակները զիս մղեցին պրպտումներու։ Այլ հետաքրքրական սովորութիւններ ալ կան։ Օրինակ, ներկայացումէ առաջ դերասանները զիրար «յաջողութիւն» չեն մաղթեր`զայն չար բախտ նկատելով։ Փոխարէնը կը գործածեն անգլերէն «Break a leg» կամ ֆրանսերէն «Merde»։ Ինչո՞ւ հեգնական այս ձեւը. «աչք չդպնալու», փոխարէնը՝ բացասական բառով դրականը մաղթելու։

3 Break a leg

«Break a leg»-ի(3) ծագումին մասին տարբեր բացատրութիւններ կան։ Կը կարծուի, թէ եկած է «Breaking the Leg Line» արտայայտութենէն, որ կը նշանակէ անցնիլ վարագոյրին յատակէն ու բեմ բարձրանալ։ Կան այլ մեկնաբանութիւններ, թէ խօսքը կը վերաբերի խոնարհելու պահուն՝ երբ դերասանը ոտքը ետ դնելով ծունկերը կը ծռէ («break their legs»)։ Այսպէս, մաղթանքը կը նշանակէ՝ «յուսամ այնքա՛ն լաւ խաղաս, որ ներկայացումի վերջաւորութեան խոնարհելու հասնիս»։

Իսկ ֆրանսերէն «Merde»ը բառացիօրէն «կղկղանք»(4) կը նշանակէ, այս պարագային ձիերու կղկղանք։ 19-րդ դարուն հանդիսատեսը թատրոն կու գար ձիակառքով։ Որքան շատ կառք, այնքան շատ կղկղանք, անքան մեծ հանդիսատես։ Ուրեմն «Merde» մաղթել կը նշանակէր՝ «Թող շատ մարդ գայ ներկայացումը տեսնելու»։ Աւելի հետաքրքրականը այն է, որ շնորհակալութիւն ալ պէտք չէր յայտնել, այլ նոյնպէս պատասխանել «Merde»։

4 «Merde»ը բառացիօրէն «կղկղանք»

Իտալական տարբերակը՝ «In bocca al lupo» («Գայլին բերանը»)։ Այս արտայայտութեամբ կ’ըսեն՝ «Թող այս դժուար կացութենէն (ներկայացումէն) անցնիս ու վերապրիս»։

Եւ աննշմար երեւոյթ մը, որ ի յայտ եկաւ իբրեւայլ սովորութիւն մը՝ լոյսի փոքր ճրագ մը բեմին վրայ, սկզբունքով բեմին մէջտեղը: Յատուկ կը վառի երբ բեմն ու սրահը դատարկ են, ապահովութեան նպատակով, տրուած ըլլալով որ անպայման տեղ մը թելեր նետուած կ’ըլլան կամ տեքորի կտոր մը մնացած կ’ըլլայ, որպէսզի սրահ մտնող առաջին անձը ապահով ձեւով հասնի ընդհանուր լոյսերը վառելու: Կան այլ նախապաշարումներ, թէ այդ լոյսը դատարկ ու մութ բեմին վրայ գտնուող ոգիներուն ընկերակից է:

Վստահաբար նման շատ այլ սովորութիւններ ու նախապաշարումներ ալ գոյութիւն ունին արուեստի աշխարհին մէջ։ Միշտ աւելի հետաքրքրական կ’ըլլան, երբ գիտնանք իւրաքանչիւրին արմատները։

Փաթիլ Գուլաճեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x