Նոր մասնաշէնք

July 18, 2021

Այս Կիրակի պիտի փոխադրուիմ նոր մասնաշէնք. ուրիշ տարբերակ չկայ… Աւելի ճիշդը, չէ, հակառակն է` պիտի փոխադրուիմ, որովհետեւ ուրիշ տարբերակ կայ։

 Ժամանակին հետ պէտք է քայլ պահեմ ու քիչ մըն ալ նորաձեւութեան պէտք է հետեւիմ այլեւս…  Վերջ ի վերջոյ, 21-րդ դարը կ’ապրինք։ Մարդիկ ուր էին` ուր հասան… Նեղ փողոցներէ ու փոքր խանութներէ դուրս եկան, առեւտրական մեծ հաստատութիւններու եւ ընդարձակ «մոլեր»ու մէջ մասնաճիւղեր բացին։ Իմ ինչս պակաս է… Ես ալ փորձ մը պիտի ընեմ եւ ազգային բժշկական նոր մասնաճիւղ մը Տարբերակ21-ի էջերուն մէջ  պիտի հիմնեմ։

Հոս աւելի լայն ու լուսաւոր է. ուրիշ մասնագէտներ, բժիշկներ ու վարպետներ ալ կան, մտնող-ելլող շատ կ’ըլլայ, քանի մը հոգի ալ անպայման ազգային բժշկական իմ  ծուղակիս մէջ կ’ինայ…

Սպասեցէք, եթէ գործս լաւ ըլլայ, կը խոստանամ աւելի ընդարձակել ու  նոր մասնաճիւղեր ալ հիմնել եւ վերջ ի վերջոյ, օրին մէկը ազգային բժշկութիւնը “ֆրէնչայզ“ի վերածել…

Եթէ փափաքողներ կան թող դիմեն ինծի : Մեծ ակնկալութիւն մը չունիմ… Ձեր վաստակելիք հայհոյանքներուն մէկ մասը ինծի` մնացածը բոլորը ձեզի թող ըլլան:  Ուրիշ եկամուտ մի սպասէք…

Ազգային բժշկութիւնը ծանր գործ է, միակ եկամուտը օրական քանի մը հայհոյանք է, որ մէկ ականջէդ կը մտնէ` միւսէն դուրս կ’ելլէ… Հաճելի երեւոյթ է, ուղեղդ կը զովացնէ …  

Ամենամեծ  հաճոյքը, ի հարկէ , ընթերցողիս ժպիտն է, իսկ  ինծի ուրիշ ոչինչ պէտք է … Ուստի, այս Կիրակի, գալ Կիրակի եւ այսուհետեւ ամէն Կիրակէ, բարի ժպիտ ձեզի….

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x