Սպառողական Ելեկտրոնիք Պիտոյքներու մեծագոյն ցուցահանդէսը (CES 2024) Լաս Վեկասի մէջ

January 9, 2024

9-12 Յունուարին Լաս Վեկասի մէջ տեղի կ’ունենայ Սպառողական Ելեկտրոնիք Ապրանքներու 2024 տարուան (CES 2024) ցուցահանդէսը, ուր հիմնականօրէն կը ներկայացուին արուեստական իմաստութեամբ (AI – ԱԻ) բանող առտնին ու անհատական գործածութեան յատկացուած նորարութութիւններ: Այս տարի ցուցահանդէսը կը տարածուի 232.257 քառակուսի մեթր ցուցասրահներու մէջ, ուր աւելի քան 4000 մասնակցողներ կը ներկայացնեն 40-է աւելի նորարար տեսականի, ընդհանրապէս, ինչպէս ըսինք՝ արուեստական իմաստութեան (AI – ԱԻ) կիրառումներով:

Արուեստական Իմաստութեան (AI) դարաշրջանը

Առօրեայ իր բազմաթիւ կիրարկումներով, ԱԻ սկսած է փոխակերպել առտնին եւ անձնական գործածութեան յատկացուած պիտոյքներու աշխարհը: ԱԻ-AI-ը սկսած է դուրս գալ պարզապէս բովանդակութիւն արարող իր դերակատարութենէն, որ անցեալ տարի (2023) բաւարար եղած էր ոգեւորելու սպառողներն ու պիզնէսի աշխարհը, եւ այսօր ան կ’ընգրկէ գործնական տարբեր դրսեւորումներ՝ առտնին առարկաներէն մինչեւ ռոպոթները, դասական արհեստագիտութեան ու բժշկագիտութեան բոլոր ոլորտները:

Այժմ ներկայացնենք քանին մը նորարար պիտոյքներ, որոնք, օրինակի համար, ներկայացուած են Լաս Վեկասի ցուցահանդէսին:

 Revolution ընկերութեան նոր macrowave-ը

Այս macrowave-ը կը նկատուի «յեղափոխական» նորարութիւն մը, որովհետեւ կրնայ հիմնովին փոխել խոհանոցներու ամբողջ կենցաղը: Այս macrowave-ը իր տեսակին մէջ առաջինն է, որ միաժամանակ կրնայ եփել, պարզապէս տաքցնել (microwave), եւ…օդով տապկել: Օգտագործուած ԱԻ արհեստագիտութիւնը կը կոչուի InstaGLO:

BMind Խելամիտ «կախարդական» Հայելին

Baracoda ընկերութիւնը կը ներկայացնէ BMind վաճառանիշով ԱԻ-ի վրայ հիմնուած առաջին խելացի հայելին, որուն պաշտօնն է տեղեկութիւն տալ մարդու հոգեկան առողջութեան մասին: Ծառայելով իբրեւ առողջապահական սարք` ան կրնայ ճշդել տրամադրութեան փոփոխութիւնը եւ նպաստել սթրեսի կառավարումին: Օգտագործուած է CareOS ԱԻ ծրագրաշարը (software): Ըստ ընկերութեան, «կախարդական» այս հայելին կրնայ անհատական մակարդակի վրայ ճանչնալ եւ վերլուծել դէմքին արտայայտութիւնները, ձայնը եւ հրահանգները ու յայտնաբերել մտադրութիւնները….

«Կախարդական» մատանին ու հայելին

Առողջական վիճակ ցոյց տուող առաջին կանացի մատանին

Movano ընկերութիւնը կը ներկայացնէ Evie Ring-ը` յատուկ կիներու համար պատրաստուած առաջին խելամիտ մատանին, որ նոյնպէս ԱԻ-ով կը գործէ, տեղեկութիւններ կը փոխանցէ զայն կրողին առողջութեան մասին եւ կը նպաստէ կառավարելու զայն:

Նաեւ խելացի բարձ մը

Գիշերը լաւ քնանալու համար 10minds ընկերութիւնը կը ներկայացնէ իր շարժող, յարմարող բարձը (Motion Pillow): Նոյնպէս ԱԻ-ով գործող այս բարձը կը հսկէ քունի որակին եւ ընդհանապէս կը նպաստէ առողջութեան կառավարումին: Motion Pillow-ն օժտուած է խօսափողով` խռկոցը յայտնաբերելու, ճնշման sensor-ով՝ գլխուն դիրքը ճշդելու եւ քունի տուեալները վերլուծելու նպատակով: Երբ խռկոց լսուի, Motion System-ը ինքնգործ առանց խանգարելու կը փոխէ գլխուն դիրքը՝ խռկոցը մեղմելու համար:

Կարելի է երկարել շարքը: Հետագային:

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x