Չինաստան կը պատրաստէ աշխարհի ամենէն փոքր եւ արդիւնաւէտ AI չիփը

March 31, 2024

Չինացի գիտնականներ վերջերս յայտարարեցին, որ ստեղծած են աշխարհի ամենէն արդիւնաւէտ արուեստական բանականութեան (AI) ծառայող մանրաչիփերը (microchips), որոնք բաւականաչափ փոքր ըլլալով, կարելի է տեղադրել բջիջային հեռաձայներուն նման խելացի սարքերու մէջ: Այս չիփերը խոստմնալից կը թուին նոյնիսկ նորարարական անցանց (offline) գործառնութիւններու համար, ինչպէս՝ ձայնային հրահանգներով սարքին կառավարումը եւ նոյնիսկ մտքով կամ մտադրութիւններով անոր կառավարումը:

Բարձր կատարողական AI չիփերը գործելու համար կը պահանջեն մեծ քանակութեամբ ելեկտրական հոսանք՝ հաշուողական մեծ գործողութիւններ կատարել կարենալու համար: Ուժի այս մեծ պահանջը կը սահմանափակէ անոնց գործնական օգտագործումը, յատկապէս այն սարքերուն մէջ, ուր ելեկտրականութեան արդիւնաւէտութիւնը կարեւոր է, օրինակ` բջիջային հեռաձայնները կամ շարժական այլ սարքեր:  Չինաստանի Ելեկտրոնային գիտութեան եւ արհեստագիտութեան համալսարանի (UESTC) փրոֆ. Ճոու Ճին եւ իր օգնականները յաջողած են մեծ չափերով նուազեցնել ուժի սպառումը ալկորիթմներու եւ ճարտարապետական բարելաւումներու ճամբվ:

Առաջին չիփը, որ նախատեսուած է խելացի սարքերու մէջ անցանց ձայնային գործածութեան նպատակով, կը գերազանցէ բանալի բառերու ճանաչման եւ խօսողին ձայնին ստուգման իր կարողութեամբ: Ի տարբերութիւն սովորական դարձած ձայնի ճանաչման դրութիւններուն, այս չիփը ճշգրտօրէն կրնայ ճանչնալ խօսողին ձայնը եւ անոր փոխանցած թելադրանքը նոյնիսկ աղմկոտ միջավայրի մէջ, ինչպէս պատկերասփիւռի, երաժշտութեան կամ խօսակցութեան բարձր ձայները:

Այս չիփը կը թուի խոստմնալից ըլլալ ցած ուժ պահանջող ձայնային կառավարման յաւելուածներու (applications) համար՝ խելացի տուներու, կրելի սարքերու եւ խելացի խաղալիքներու մէջ:

Չինացի մասնագէտներուն պատրաստած երկրորդ փոքրատիպ չիփը նախատեսուած է լուսնոտութենէ տառապող հիւանդներու պարագային յայտնաբերելու նոպաներու ազդանշանները: Պատրաստուած է կրելի սարքերու համար եւ կ’օգտագործէ EEG (electroencephalogram) դրութիւնը` նոպաները կանխատեսելու եւ ահազանգ փոխանցելու բժշկական օգնութեան նպատակով:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x