Չինաստան «թշնամիին շարժումները» նախատեսող զինուորական AI հրամանատար մը կը մարզէ

January 17, 2024
AI հրամանատարը պատերազմ կը ղեկավարէ

«China Morning Post» թերթը կը հաղորդէ, որ Չինաստանի Բանակին Ռազմավարական Աջակցութեան ուժերու մասնագէտները օգտագործած են արուեստական բանականութեան (AI) Baidu-ի Ernie-ն եւ iFlyTek-ի Spark-ը նոր հրամանատար մը պատրաստելու նպատակով: Անոնք լեզուական մոտելներ են (LLM), ինչպէս՝ OpenAi-ի հանրածանօթ ChatGPT-ն:

Մարդկային վարքագծի նախատեսութիւն AI-ի միջոցով

Ըստ «China Morning Post»ի, յիշեալ ծրագրին ետին գտնուող հետազօտողները զինուորական հրամանատար AI-ին տուած են մեծ ծաւալի Sensor Data տեղեկութիւններ (որ կը նկարէ տեղեկութիւններու կառավարման համակարգի՝ IMS – Information Management System» տուեալներու դարանին մէկ կամ քանի մը միջավայրեր եւ կը չափէ նշուած պայմանները) եւ տեղեկագիրներ, որոնք տրամադրուած են բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումներուն կողմէ` օգտագործելով նկարագրական լեզու կամ պատկերներ: Օգտագործելով տուեալները` AI-ը այս տեղեկութիւնները կ’ուղարկէ առեւտրական լեզուածին մոտելներուն (LLM): Հաստատելէ ետք թէ տեղեկութիւնները ըմբռնուած են, զինուորական AI-ը քննարկումի համար կը տրամադրէ նոր տուեալներ, ինչպէս՝ պատերազմի, ճակատումի նմանողութիւններ (simulations): Ամբողջ այս գործընթացը ինքնագործ է եւ մարդկային մասնակցութիւն չի պահանջեր, կը յայտնէ «China Morning Post»:

Ծրագիրը ղեկավարած է Սուն Եիֆենկ, մասնակցութեամբ՝ զինուորական Տեղեկատուական Ճարտարագիտական համալսարանի մասնագէտներու խումբի մը: Դեկտեմբեր 2023-ին, չինական «Command Control & Simulation» ակադեմական ամսագրին մէջ հրապարակուած յօդուածի մը համաձայն, խումբը յայտարարած է, որ թէ՛ մարդիկ, թէ՛ մեքենաները կրնան օգուտ քաղել այս ծրագիրէն: «Նմանողութիւններու (simulation) արդիւնքները կը նպաստեն մարդկային որոշումներու կայացումին… եւ կրնան օգտագործուիլ մեքենային պատերազմական գիտելիքներու պաշարը ճշգրտելու եւ մեքենային մարտական ճանաչողութեան մակարդակը առաւել բարելաւելու համար», – կը բացատրեն անոնք:

Այս առաջին անգամն է, երբ չինացի զինուորականներ կը հաստատեն առեւտրական լեզուական AI արհեստագիտութեան օգտագործումը: Սունի խումբը իր հետազօտական տեղեկագրին մէջ որեւէ յստակ տեղեկութիւն չի փոխանցեր երկու համակարգերուն միջեւ կապին մասին: Անոնք, սակայն, կ’ընդգծեն, որ այս աշխատանքը նախնական է եւ կատարուած է բացառապէս հետազօտութեան նպատակով:

Սուն եւ անոր խմբակը նպատակ ունէին զարգացնելու զինուորական AI` զայն դարձնելով աւելի մարդանման եւ աւելի ունակ ըմբռնելու հրամանատարներու մտադրութիւնները: Այս կարեւոր է, ըստ հետազօտողներու խմբակին, որովհետեւ մարդկային թշնամիներու աննախատեսելի էութիւնը եւ յարմարուողականութիւնը յաճախ կրնան խաբել մեքենաները:

Եւ Սունի խմբակը կը ներկայացնէ օրինակներ: Իրենց տեղեկագրին մէջ անոնք կը ներկայացնեն Միացեալ Նահանգներու զինուորական ներխուժումը Լիպիա, 2011-ին: Զինուորական AI-ը Ernie հարթակին տրամադրած է տեղեկատուութիւններ երկու բանակներու զէնքերուն եւ տեղակայման մասին: Երկխօսութեան քանի մը փուլերէ ետք, Ernie յաջողութեամբ նախատեսած Միացեալ Նահանգներու բանակին յաջորդ քայլը:

«Իբրեւ կեանքի բարձրագոյն ձեւ` մարդիկ ճանաչողութեան մէջ կատարեալ չեն եւ յաճախ ունին յամառ համոզումներ, որոնք կողմնակալութեան կ’առաջնորդեն», կը յայտնէ Սունի խմբակը վերոնշեալ թերթին մէջ: «Պատերազմի դաշտին վրայ, այս մէկը կրնայ առաջնորդել սպառնալիքներու գերգնահատման կամ թերգնահատման: Մեքենային օգնութեամբ, մարդուն՝ իրավիճակներու ճիշդ գնահատումը դարձած է հիմնական», կ’աւելցնեն անոնք:

Որքան ալ տպաւորիչ, Սունի խմբակը կ’ընդունի, որ իրենց կատարած փորձարկումը անսխալական չէ: Նկատի ունենալով որ առեւտրական AI-ները նախատեսուած չեն պատերազմի համար, անոնց նախատեսութիւնները կրնան չափազանց ընդհանուր ըլլալ զինուորական հրամանատարի յատուկ կարիքներուն համար: Այս բացթողումը լուծելու նպատակով, խմբակը փորձարկած է բազմաբնոյթ հաղորդակցութիւն միջոցներ՝ օգտագործելով զինուորական AI` iFlyTek-ի Spark-ի կողմէ վերլուծուած քարտէսներ ստեղծելու համար: Այս միջոցառումը կը բարելաւէ առեւտրական լեզուածին AI-ներու աշխատանքը` արտադրելով գործնական վերլուծումներ եւ նախատեսութիւններ:

Սունի խմբակը նաեւ կը խոստովանի (ինչ որ բացայայտուած է), թէ այս յաւակնոտ ծրագիրը միայն կաթիլ մը ջուր է ովկիանոսին մէջ:

Պէտք է զգօն ըլլալ

Այս բացայայտումը շատերու մէջ վախ կը յառաջացնէ: Ինչպէս կը յայտնէ «China Morning Post»ը, Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի համակարգչային գիտնականներէն մէկը կը նախազգուշացնէ, որ թէեւ Արուեստական Բանականութեան զինուորական կիրարկումը անխուսափելի է, սակայն այդ մէկը կը պարտադրէ ծայրայեղ զգուշաւորութիւն: «Մենք պէտք է զգոյշ շարժինք: Հակառակ պարագային «Terminator» ֆիլմերուն մէջ պատկերացուած սենարիոն իսկապէս կրնայ իրականութիւն դառնալ», կ’ըսէ ան:

Կարելի չէ չբաժնել այս զգացումը:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x