Նոր գերահամակարգիչ: 500 տարուան աշխատանք մէկ օրուան մէջ

June 24, 2026

Միացեալ Նահանգներու օդուժի հետազօտական տարրալուծարանը (AFRL) ներկայացուցած է 20 միլիոն տոլար արժողութեամբ նոր գերահամակարգիչ մը, որ նախատեսուած է լուծելու զինուորական ամենէն բարդ հաշուարկային խնդիրները՝ գերձայնային զէնքերու հետազօտութենէն մինչեւ արուեստական իմացականութեան զարգացում եւ գերժամանակակից օդանաւերու նախագծում։

Flyer անունը կրող համակարգիչը վերջերս գործարկուած է Օհայօ նահանգի Wright-Patterson օդուժի ռազմակայանին մէջ։ AFRL-ի պատասխանատուներուն համաձայն, համակարգը կրնայ մէկ օրուան մէջ լուծել այնպիսի խնդիրներ, որոնց լուծումը սովորական շարժական համակարգիչի մը (նաեւ՝ դիւրակիր համակարգիչ, laptop) շուրջ 500 տարի պիտի պահանջէր։

Flyer-ը մաս կը կազմէ Պաշտպանութեան նախարարութեան բարձր արդիւնաւէտութեամբ հաշուարկային համակարգերու արդիականացման ծրագրին (HPCMP)։ Համակարգը առաջին անգամ ներկայացուած էր իր գաղտնի համարժէքին՝ Raven-ին հետ միասին, որպէս մէկ մասը AFRL-ի «TI-23» գերհամակարգչային նախաձեռնութեան։

Աւելի քան արագ համակարգիչ մը

 Flyer-ը նախատեսուած է իրականացնելու լայնածաւալ նմանակումներ (simulations) եւ փորձարկումներ, որոնք բնական պայմաններու մէջ գործնականօրէն անկարելի են կամ չափազանց ծախսալից։

Համակարգը ունի մօտ 186.000 մշակիչ միջուկ (processing cores), 800 թերապայթ յիշողութիւն (RAM) եւ 18 փեթապայթ պահեստի տարողութիւն։ AFRL-ի համաձայն, միայն անոր յիշողութեան ծաւալը համազօր է շուրջ երկու միլիոն դիւրակիր համակարգիչի։

Թէեւ այս թիւերը տպաւորիչ են, սակայն Flyer-ի իսկական արժէքը այն հնարաւորութիւններուն մէջ է, զորս մեքենան կ’ընձեռէ։ Ռազմական հետազօտողները աւելի ու աւելի կը յենին թուային ճարտարագիտութեան, հեղուկներու եւ կազերու հաշուողական շարժագիտութեան (computational fluid dynamics), արուեստական իմացականութեան մարզումներու եւ թուային փորձարկման միջավայրերու վրայ՝ նոր արհեստագիտութիւնները գնահատելու համար նախքան ֆիզիքական նախատիպերու կառուցումը։

Փոխանակ օդանաւերու բազմաթիւ տարբերակներ մշակելու կամ հազարաւոր թռիչքային սուղ փորձարկումներ կատարելու, ճարտարագէտները կրնան այդ բոլորը թուայնօրէն նմանակել եւ արագօրէն կատարելագործել իրենց նախագծումները։

AFRL-ը բազմիցս ընդգծած է, որ գերահամակարգիչները առանձնայատուկ նշանակութիւն ունին գերձայնային սարքերու մշակման ոլորտին մէջ։ Ձայնի արագութենէն քանի մը անգամ աւելի արագ ընթացող սարքերը դժուար եւ ծախսալից է բազմակի անգամ փորձարկել իրական պայմաններու մէջ, ինչ որ բարձր ճշգրտութեամբ նմանակումները կը դարձնէ անհրաժեշտութիւն։

Նմանակումներով առաջնորդուող ռազմական նոր դարաշրջան

Գերահամակարգիչներու աճող կարեւորութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է ժամանակակից բանակներու նոր արհեստագիտութիւններ մշակելու ձեւին հետ։ Ժամանակակից պաշտպանական ծրագիրները հսկայական քանակութեամբ տուեալներ կը յառաջացնեն զգայակներէ (sensors), զէնքի համակարգերէ, օդանաւերէ, արբանեակներէ եւ ինքնավար հարթակներէ։ Այս տեղեկութիւնները մշակելու համար անհրաժեշտ են այնպիսի ենթակառոյցքներ, որոնք ընդունակ են իւրաքանչիւր վայրկեան կատարելու թրիլիոնաւոր եւ նոյնիսկ քուատրիլիոնաւոր հաշուարկներ։

AFRL-ի պատասխանատուներուն համաձայն, բնորդումն ու նմանակումը գերահամակարգչային ենթակառոյներու հիմնական կիրառութիւններէն են, որովհետեւ անոնք հնարաւորութիւն կու տան կատարելու աւելի խորքային վերլուծութիւններ՝ միաժամանակ զգալիօրէն կրճատելով մշակման ժամանակը։ Նախորդ համակարգերը արդէն իսկ քանի մը ամիս տեւող որոշ նախագիծեր կրճատած են մինչեւ քանի մը շաբաթ։

Տարրալուծարանը նաեւ շեշտած է բարձր արդիւնաւէտութեամբ համակարգերու դերը արհեստական բանականութեան զարգացման մէջ, ուր հաշուարկային աւելի մեծ հզօրութիւնը հետազօտողներուն կ’արտօնէ մարզելու աւելի բարդ բնորդներ (models) եւ կատարելու լայնածաւալ փորձարկումներ։

Ներդրում մը ապագայի համար

Flyer-ը կը միանայ AFRL-ի եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ շահարկուող գերահամակարգիչներու աճող ընտանիքին։ Նախապէս յայտարարուած էր, որ Flyer-ն ու Raven-ը միասին պիտի ապահովեն մօտ 14 փեթաֆլոփս (petaflops) հաշուարկային հզօրութիւն։ Մէկ փեթաֆլոփսը կը համապատասխանէ մէկ վայրկեանի մէջ մէկ քատրիլիոն հաշուարկի, ինչ որ Flyer-ը կը դասէ Միացեալ Նահանգներու ամէնէն հզօր ռազմական հետազօտական համակարգիչներուն շարքին։

Թէեւ Flyer-ը կրնայ երբեք դուրս չգալ Ռայթ-Փաթերսըն օդուժի զօրակայանէն, սակայն անոր միջոցով մշակուող արհեստագիտութիւնները՝ ապագայի օդանաւերէն եւ ինքնավար համակարգերէն մինչեւ նոր սերունդի զէնքեր ու արուեստական իմացականութեան բնորդներ, կրնան տասնամեակներ շարունակ ազդել զինուորական կարողութիւններու զարգացման վրայ։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x