Մ. Նահանգներ կ’արտօնէ գերհամակարգիչի կառուցման անհրաժեշտ՝ Nvidia-ի չիփեր արտածել Հայաստան

November 21, 2025

Ամերիկեան կառավարութիւնը արտօնութիւն տուած է Հայաստանի մէջ գերհամակարգիչի կառուցման անհրաժեշտ՝ Nvidia-ի չիփերու արտածման: Լրագրողներուն հետ կարճ զրոյցի մը ընթացքին վարչապետը տեղեկացուցած է, որ այդ ծրագիրը կ’ իրականանայ 8 Օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած մտադրութիւններու յուշագրի կէտերուն համաձայն։

«Ես վերջերս առիթ ունեցայ նախագահ Թրամփի հետ խօսելու այդ հարցին՝ MEGA-A1 X շուրջ. ընթացակարգերուն հետ կապուած որոշակի մտահոգութիւններ ունէին ներդրողները, ուրախ եմ եւ շնորհակալ, որ Սպիտակ տունը պատշաճ եւ շատ արագ արձագանգեց, եւ այդ ներդրումային ծրագիրը արդէն, ըստ էութեան, վստահաբար կեանքի պիտի կոչուի»,— ըսած է Փաշինեան։ Ան ընդգծած է, որ ներդրումային այդ ծրագիրը խիստ կարեւոր նշանակութիւն ունի արհեստագիտական ոլորտին համար:

Արհեստական Բանականութեան (ԱԲ- AI) արհեստագիտութիւններ մշակող Firebird սթարթափը ստացած է Nvidia-ի չիփերը Հայաստան արտածելու Միացեալ նահանգներու կառավարութեան հաւանութիւնը։ Այդ թոյլ պիտի տայ կեանքի կոչելու Հայաստանի մէջ գերհամակարգիչի ստեղծման ծրագիրը, որ ԱԲ ենթակառոյցներու ընդլայնման համընդհանուր նախաձեռնութեան մէկ մասն է։ Ճիգերը, որոնց մասին Nvidia-ն յայտարարած էր դեռ Յունիսին, պիտի թոյլ տան ստեղծելու տարածաշրջանի մէջ ԱԲ տուեալներու մշակման առաջին հսկայածաւալ կեդրոնը։

100 մեկաուաթ հզօրութեամբ սարքը, որուն սկզբնական ներդրումներու ծաւալը պիտի կազմէ 500 միլիոն տոլար, պիտի օգտագործէ Dell Technologies ընկերութեան ԱԲ սերվըրներ ու Nvidia-ի Պլէքուէլ (Blackwell) փրոսեսըրներ։ Առաջին փուլին սկիզբը նախատեսուած է յառաջիկայ տարուան երկրորդ եռամսեային, կը յայտնէ Firebird-ի համահիմնադիր Ռազմիկ Յովակիմեան։

Firebird-ի հզօրութիւններուն մօտ 20 տոկոսը պիտի օգտագործեն հայաստանեան ընկերութիւնները, մնացած 80 տոկոսը պիտի վաճառուի տարածաշրջանին մէջ գործունէութիւն ծաւալող ամերիկեան ընկերութիւններուն։ Առաջին փուլը պիտի գանձատրուի Firebird-ի փոխառութեանց միջոցներով ու բաժնետիրական դրամագլուխով։ Յովակիմեան կ’աւելցնէ, որ ընկերութեան կ’աջակցի նաեւ Moderna-ի համահիմնադիր Նուպար Աֆէեանը։

Firebird-ը Nvidia-ի բազմաթիւ գործընկերներէն է, որոնք կը ձգտին տուեալներու մշակման հզօր կեդրոններ ստեղծելու այլ տարածաշրջաններու մէջ։ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան հաստատումը տեղի ունեցած է ԱԲ յառաջադէմ չիփերու արտածման սահմանափակումներու թուլացման ենթախորքին, մինչ՝ այդ չիփերու արտածումը մինչեւ վերջերս ենթակայ էր շատ խիստ ընթացակարգի։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x