Հայու մը համահիմնադրած GECKO ROBOTICS ընկերութեան արժէքը կը գնահատուի 1,25 միլիառ տոլարով

July 6, 2025

Ըստ CNBC-ի՝ ամերիկահայ Ճէյք Լուսարարեանի համահիմնադրած Gecko Robotics ընկերութիւնը առցանց ընկերութիւններու մեծամեծերու՝ licorne-ներու ակումբը մուտք գործած է՝ շուրջ 125 միլիոն տոլարի նոր ներդրում ապահովելէ ետք՝ անոր արժէքին 1,25 միլիառ տոլար գնահատումով։

2013-ին համալսարանական սենեակի մը մէջ հիմնադրուած Gecko ընկերութիւնը արուեստական բանականութեամբ (AI) սնուցուող ռոպոթներ կը զարգացնէ, որոնք կը գործածուին պաշտպանութեան, ուժանիւթի եւ արտադրութեան բնագաւառներուն մէջ՝ կարեւոր ենթակառոյցները զննելու ու վերահսկելու համար՝ զինուորական օդանաւերէ մինչեւ ելեկտրակայաններ։ Մ. Նահանգներու Փիթսպըրկ քաղաքը (Փենսիլվանիոյ նահանգ) գտնուող ընկերութիւնը ներկայիս շուրջ 347 միլիոն տոլար ներդրում ձեռք ձգած է, Cox Enterprises, Founders Find, Y Combinator եւ այլ ներդրողներու աջակցութեամբ։

Gecko-ի ռոպոթները կը մագլցին, կը սողան եւ կամ կը թռչին տուեալներ հաւաքելու համար, որոնք այնուհետեւ կը վերլուծուին Cantilever արուեստական բանականութեան հարթակին միջոցաւ՝ նպաստելով տուեալ կառոյցի մը արդիւնաւէտութեան ու անվտանգութեան բարելաւման։ Gecko ընկերութիւնը, որ երկու անգամ յաջողած է մաս կազմել CNBC-ի «Disruptor 50», խօսքով լաւագոյն 50-ի ցանկին, կը համագործակցի մեծ գործընկերներու հետ, ինչպէս՝ Միացեալ նահանգներու Ծովուժը, ADNOC-ը եւ NAES-ը, եւ դեռ ալ կը շարունակէ զարգանալ ու հետզհետէ ծանօթ դառնալ հանրութեան մէջ։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x