Հայաստանի օդակայանները նոր մրցանիշ կը հաստատեն՝ յուլիսին սպասարկելով 735 հազար ճամբորդի
August 24, 2026
Հայաստանի օդային փոխադրութիւններու մարզը կը շարունակէ արագ աճ արձանագրել։ 2026-ի Յուլիսին, Հայաստանի երեք օդակայանները՝ Երեւանի, Կիւմրիի եւ Կապանի մէջ, սպասարկած են շուրջ 735 հազար ճամբորդ՝ մէկ ամսուան մէջ հաստատելով նոր մրցանիշ մը։ Այս ցուցանիշը 17,2 առ հարիւրով աւելի բարձր է նախորդ տարուան նոյն ամսուան արձանագրուած 627 հազար ճամբորդէն։
Տուեալները հրապարակուած է Հայաստանի օդակայանները կառավարող Corporación América Airports ընկերութիւնը։ 2026-ի առաջին եօթը ամիսներուն, Հայաստանի օդակայաններուն սպասարկած ճամբորդներուն ընդհանուր թիւը հասած է 3,483 միլիոնի՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 3,103 միլիոնին դիմաց, արձանագրելով 12,2 առ հարիւրի աճ մը։ Այս աճին մէջ կարեւոր դեր ունեցած է Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանը, որուն օդային կապերը վերջին ամիսներուն զգալիօրէն ընդլայնուած են։
Օդային նոր ընկերութիւններ եւ ուղղութիւններ
2025-ի Հոկտեմբերին հունգարական Wizz Air-ը Երեւանի օդակայանին մէջ հաստատած էր իր նոր կայանը՝ երկու օդանաւով եւ դէպի Եւրոպա նոր թռիչքներով։
Ընդլայնումը շարունակուած է նաեւ 2026-ին։ FLY ONE Armenia սկսած է թռիչքներ կազմակերպել դէպի Ալմաթի, Ալիկանթէ եւ Թիֆլիս, իսկ Shirak Avia՝ դէպի Ասթանա եւ Թաշքենթ։ Wizz Air իր կարգին նոր ուղղութիւններ բացած է դէպի Մեծն Բրիտանիա եւ Յունաստան։
Մարտէն սկսեալ Հայաստանի օդային շուկային մէջ իր ներկայութիւնը հաստատած է նաեւ Turkish Airlines-ը։ Սկզբնական շրջանին Իսթանպուլ-Երեւան-Իսթանպուլ թռիթքները կը կատարուէին շաբաթական հինգ օր՝ օրական մէկ թռիչքով, իսկ Մայիսէն սկսեալ՝ օրական երկու թռիչքով։
Ապրիլին Turkish Airlines-ը Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն սկսած է նաեւ թռիչքներ կատարել դէպի Լոս Անճելըս։
«Զուարթնոց»-ի ընդարձակման համար՝ 425 միլիոն տոլար
Ճամբորդներու թիւի աճին զուգահեռ կ՚արագանան նաեւ «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի ընդարձակման ծրագիրները։
Հայաստանի կառավարութիւնը Յունուարին մինչեւ 2067 երկարաձգած է օդակայանի կառավարման պայմանագիրը։ Համաձայնագրին կից հաստատուած է նաեւ մինչեւ 2033 իրականացուելիք 425 միլիոն տոլար արժողութեամբ ներդրումային ծրագիր մը, որ կը նախատեսէ ենթակառոյցներու զարգացում, սպասարկման բարելաւում եւ օդակայանի տարողութեան ընդլայնում։
Նոր ուղղութիւններու, օդային ընկերութիւններու եւ թռիթքներու յաւելումը, ինչպէս նաեւ «Զուարթնոց»-ի նախատեսուած մեծածաւալ ընդարձակումը, կրնան ամրապնդել Հայաստանի օդային կապերը եւ Երեւանի դիրքը՝ իբրեւ տարածաշրջանային աւելի մրցունակ օդային հանգոյց մը։