Հայաստանի մէջ կը կառուցուի տուալներու մշակման (data center) համակարգչային հսկայ կեդրոն մը

February 8, 2024

Վերջերս Հայաստանի Տնտեսական նախարարութեան «ենթակառոյցներ՝ ներդրումներու դիմաց» օժանդակութիւն տրամադրելու ծրագրին ծիրէն ներս, տեղի է ունեցած է հատուցման պայմանագիրերու կնքման արարողութիւն մը, ներկայութեամբ՝ Տնտեսութեան նախարար Վահագն Քերոբեանի:

Հայաստանի «Ռոսթելեքոմ» ընկերութիւնը յիշեալ ծրագրին մասնակցած է Հայաստանի մէջ կառուցուող տուեալներու մշակման համակարկչային մեծագոյն կեդրոնին ի նպաս օժանդակութիւն ստանալու ծիրէն ներս: Նկատի ունենալով Հայաստանի համար անոր ռազմավարական նշանակութիւնը` ընկերութեան կողմէ կառուցուող յիշեալ կեդրոնի ներդրումային ծրագիրը արժանացած է Հայաստանի կառավարութեան հաւանութեան եւ ընդգրկուած տնտեսական նախարարութեան ծրագրին մէջ:

Այս գերարդիական կառոյցը իր կարողութիւններով կ’ապահովէ Հայաստանի մէջ տուեալներու կառավարման եւ ամպային (cloud) ծառայութիւններու հիմնական մասը: Ամպային ծառայութիւնները «Ռոսթելեքոմ» ընկերութեան ծառայութիւններուն շարքին առանցքային տեղ կը գրաւեն՝ տրամադրելով ծաւալուն, ապահով եւ արդիւնաւէտ լուծումներ:

TIER III միջազգային չափանիշերու համապատասխանող՝ տուեալներու մշակման այս կեդրոնը ունի 2.5MgV կարողականութիւն, կ’ընդգրկէ 218 սըրվըրային պահարաններ (server cabinets) եւ օժտուած է ամպային նորագոյն արհետագիտութեամբ, որոնց միջոցով կ’երաշխաւորուին տուեալներու ապահով ու անվտանգ մշակումը եւ  անոնց մթերումը թէ՛ սեփական մարզին եւ թէ՛ պետական կառոյցներու համար՝ այսպիսով նաեւ նպաստելով Հայաստանի թուային ապագայի զարգացումին:

Տուեալներու մշակման այս կեդրոնը կը կառուցուի Աբովեան քաղաքին մէջ. կը նախատեսուի զայն գործարկել 2024-ի գարնան:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x