Հայաստանի կրթական համայնքը սեպտեմբերէն պիտի օգտուի ChatGPT Edu-ի եւ Codex-ի հնարաւորութիւններէն

June 4, 2026

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, արուեստական իմացականութեան առաջատար OpenAI ընկերութեան եւ Firebird-ի համագործակցութեամբ, Հայաստանի դպրոցներն ու բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնները սեպտեմբերէն սկսեալ պիտի ստանան ChatGPT Edu եւ Codex հարթակներու հասանելիութիւն՝ օգտուելով 50.000 կրթական բաժանորդագրութիւններէ։

Համապատասխան փաստաթուղթը ստորագրած են ԿԳՄՍ նախարար Ժաննա Անդրէասեանը եւ Firebird-ի համահիմնադիր Ալեքսանտր Եսայեանը։ Հանդիպման առցանց միացած է նաեւ OpenAI-ի «Education for Countries» նախաձեռնութեան ղեկավար Ճէյնա Տեւանին։ Միջոցառման մասնակցած են նաեւ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեանը, Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան փոխնախարար Արաքսիա Սվաճեանը եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նարեկ Մկրտչեանը։

Համագործակցութեան առաջին փուլին Հայաստանի պիտի տրամադրուին 50.000 կրթական բաժանորդագրութիւններ, իսկ ապագային նախատեսուած է այդ թիւի ընդլայնումը։ Հետեւաբար, OpenAI-ի ChatGPT Edu հարթակը եւ Codex-ի գործիքները հասանելի պիտի դառնան Հայաստանի կրթական, ճարտարագիտական եւ գիտահետազօտական համայնքներուն։

Ողջունելով ներկաները՝ նախարար Ժաննա Անդրէասեան շեշտած է նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ ան կրթական համակարգին պիտի ապահովէ արուեստական իմացականութեան գործիքներու հասանելիութեան նոր մակարդակ եւ նոր որակ։

Նախարարը յիշեցուցած է, որ վերջին տարիներուն կրթական համակարգին մէջ հետեւողականօրէն ընդլայնուած են արուեստական իմացականութեան կիրառման եւ համապատասխան գիտելիքներու զարգացման ուղղուած նախաձեռնութիւնները։ Արդէն իսկ յաջողութեամբ կը գործադրուին շարք մը ծրագրեր՝ պաշտօնակից կազմակերպութիւններու հետ համագործակցաբար, որոնց շարքին են աւագ դպրոցներու համար նախատեսուած «Արուեստական իմացականութեան սերունդ» ծրագիրը եւ Step AI նախաձեռնութիւնը։ Անոնք կարեւոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն աշակերտներու մասնագիտական կողմնորոշման եւ հետագայ կրթութեան համար։

Անդրէասեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Firebird ընկերութեան՝ ընդգծելով, որ նախաձեռնութիւնը պետութիւն-սեփական մարզ համագործակցութեան յաջող օրինակ մըն է։ Անոր համաձայն, ծրագրի առաջին փուլը կը ֆինանսաւորուի սեփական մարզին կողմէ, ինչ որ պետութեան կը թոյլատրէ գնահատել անոր արդիւնաւէտութիւնն ու նախապատրաստուիլ հետագայ ամբողջական իրագործման։

Firebird-ի համահիմնադիր Ալեքսանտր Եսայեան իր կարգին շեշտած է, որ արուեստական իմացականութեան դարաշրջանին կրթութեան մէջ ներդրումները առաջնահերթ կարեւորութիւն ունին։

Նախաձեռնութեան սկզբնական փուլին՝ 2026-2027 ուսումնական տարուան ընթացքին, ChatGPT Edu-ն հասանելի պիտի դառնայ Firebird-ի ֆինանսաւորմամբ։ Ծրագրի արդիւնաւէտութեան եւ կրթական ազդեցութեան գնահատումէն ետք պիտի քննարկուի պետական ֆինանսաւորման հնարաւորութիւնը՝ զայն վերածելով ազգային կրթական համակարգին կայուն եւ լայնածաւալ բաղադրիչի մը։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x