Համբերութիւն

September 18, 2021
Sky, Moon, Mirror, Environment: Installation by Arno van der Mark

Այս Կիրակի

Համբերութեամբ լիցքաւորուած

Ես իմ օրս կը սկսիմ…:

 

Ամէն գիշեր հայելիին առջեւ

Համբերութիւնը աչքերուս մէջ նայելով,

Գիշերային  մեղեդի մը կը յօրինէ,

Օրուան ամբողջ աղմուկը

Աչքերէս դուրս հանելով

Հայելիին անծայրածիր

տարածութեան մէջ կը պարպէ:

 

Ամէն առտու համբերութիւնը,

Օրուան յարմար մեղեդի մը պատրաստած,

Հայելիին առջեւ

Արթննալուս կը սպասէ:

Ամէն առտու

նախքան օրս աղմկելու սկսի,

համբերութեան մեղեդին

Հայելիին առջեւէն

Աչքերէս ներս կը հոսի:

 

Եթէ յանկարծ համբերութիւնը

Փորձէ պահ մը

Իմ աչքերէս դուրս նետուիլ

Ու այս կեանքի աղմուկին մէջ խառնուիլ,

Երկու ձեռքով զայն կը բռնեմ,

Որ օրօրեմ, հանգստացնեմ,

Յետոյ օրուան գիրկը նետեմ

Ու բոլորդ այս Կիրակի

Համբերութեամբ լիցքաւորեմ:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x