Կոմիտասի արխիւները կը թուայնացուին
June 14, 2026
Կոմիտաս Վարդապետի հարուստ արխիւը միջազգային գիտական ու մշակութային հանրութեան աւելի հասանելի դարձնելու նպատակով, Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ պաշտօնապէս մեկնարկուեցաւ անոր ժառանգութեան թուայնացման ծրագիրը։ Այս կարեւոր աշխատանքը կ՚իրականանայ Միջազգային գործարար կապերու աջակցութեան խորհուրդին (IBRS Council) եւ թանգարանին գործակցութեամբ։
Ծրագրին յաջողութեան մէջ առանցքային դերակատարութիւն ունի համաշխարհային ճանաչում վայելող ֆինանսական խորհրդատու եւ «UBS Financial Services»-ի փոխնախագահ Մարք Չենեանը։ Անոր նուիրատութեամբ Լոնտոնէն ապահովուած է թուայնացման առաջին սարքը, որ հիմք պիտի ծառայէ կոմիտասագիտական թուային գիտական շտեմարանի ստեղծման։ Միջոցառման ընթացքին, թանգարանի տնօրէն Լուսինէ Սահակեան եւ IBRS Council-ի նախագահ Մարիամ Մանուկեան իրենց խորին երախտագիտութիւնը յայտնած են Չենեանին՝ ազգանուէր այս մեծ երազանքը կեանքի կոչելու իր տեսլականին համար։
Իր կարգին, Մարք Չենեան ընդգծած է, որ հայ ժողովուրդը հսկայական ներդրում ունի համաշխարհային մշակոյթի զարգացման մէջ, սակայն այդ ժառանգութիւնը բաւարար չափով ծանօթ չէ աշխարհին։ Ան յոյս յայտնած է, որ այս նախաձեռնութիւնը սկիզբն է միայն, եւ ապագային կեանքի կը կոչուի Կոմիտասի ժառանգութեան ամբողջական թուային հարթակ մը։ Այսպէսով՝ վարդապետին գործը հասանելի կը դառնայ միջազգային սումնասիրողներուն՝ Հայաստանը վերստին աշխարհին ներկայացնելով իբրեւ մշակութային հարուստ ժառանգութիւն ունեցող երկիր։